ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՒԻՆԻԼ
«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։
Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի. Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի քաշէ զինք Իրեն՝ որ միակ կարողն է լիացնելու զինք։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Մենք ամէնքս անտարակոյս կ՚ուզենք ապրիլ երջանիկ, եւ մարդկային ցեղին մէջ չկայ մէկը, որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած», եւ նաեւ. «Արդեօք ես ի՞նչ ձեւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր։ Որովհետեւ Քեզ փնտռելով, Աստուած իմ, ես կը փնտռեմ երջանիկ կեանքը։ Ըրէ՛ որ Քեզ փնտռեմ, որ ապրի հոգիս, որովհետեւ մարմինս կ՚ապրի հոգիովս, իսկ հոգիս կ՚ապրի Քեզմով»։
Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի մէկ խօսքով կ՚արտայայտէ Աստուծոյ հանդէպ իր վստահութիւնը. «Միայն Աստուած յագուրդ կու տայ»։
Աստուած մարդս դրաւ աշխարհ՝ որպէսզի ճանչնան զԻնք, ծառայեն Իրեն եւ սիրեն զԻնք եւ այսպէս հասնին կատարելութեան՝ Դրա՛խտ։
Երանութիւնը մարդս «մասնակից կ՚ընէ աստուածային բնութեան», ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս առաքեալ. (Բ ՊԵՏ. Ա 4), եւ յաւիտենական Կեանքին։ Անով է, որ մարդը կը մտնէ Քրիստոսի փառքին եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան կեանքին վայելքին եւ ապրումին մէջ։ Այսպիսի երանութիւն մը կը գերազանցէ իմացականութիւնը եւ բանականութիւնը եւ սոսկական մարդկային ուժերը։ Ան կը բխի Աստուծոյ ձրի մէկ պարգեւէն եւ այդ պատճառով մարդ պարտի ապաւինիլ Աստուծոյ՝ իր Արարչին եւ Նախախնամին։ Ասոր համար երանութիւնը գերբնական կը կոչենք, ինչպէս եւ շնորհքը՝ որ տրամադիր կ՚ընէ մարդը մտնելու աստուածային ուրախութեան մէջ։
Հաւատալ Միակ Աստուծոյ եւ սիրել զԻնք Իր ամբողջ էութեամբ՝ մեր ամբողջ կեանքին համար անհո՜ւն հետեւանքներ ունի. ասիկա կը նշանակէ «վստահիլ եւ ապաւինիլ Աստուծոյ՝ կեանքի բոլոր պարագաներուն», նոյնիսկ ձախորդութեան մէջ։ Սրբուհի Թերեզա Յիսուսին ուղղած իր մէկ աղօթքին մէջ ասիկա սքանչելիօրէն կ՚արտայայտէ. «Թող ոչինչ խռովէ քեզ. ոչինչ զարհուրեցնէ քեզ, ամէն ինչ կ՚անցնի. Աստուած չի՛ փոխուիր. համբերութեամբ ամէն ինչ կ՚ընդունի ան, որ Աստուած ունի. Ան ո՛չ մէկ բանէ պակաս կը մնայ. միայն Աստուած բաւարար է անոր»։
Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը եւ ապաւէնը մեզ կը տանի դիմելու միա՛յն Աստուծոյ իբրեւ մեր առաջին ծագումին եւ մեր վերջնագոյն վախճանին։ Ուստի ոչինչ գերադասել Աստուծմէ եւ ոչինչով փոխարինել զԻնք։
Աստուած, նոյնիսկ յայտնելով Ինքզինք, կը մնայ միշտ անճառելի անիմանալի խորհուրդ։ «Եթէ դուն հասկնայիր զԻնք, Ինք Աստուած պիտի չըլլար», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստիոս Աւրելիոս։
«Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է.- Զօրութեամբ կը հասնի ծագէ ծագ եւ կը տնօրինէ ամէն ինչ քաղցրութեամբ». (ԻՄԱՍՏ. Ը 1)։ Որովհետեւ Անոր հայեացքին դիմաց. «Եւ չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ եւ յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ Անոր է որ հաշիւ պիտի տանք». (ԵԲՐ. Դ 13), այսինքն ամէն ինչ մերկապարանոց կայ, նոյնիսկ այն բոլոր բաները, զորս արարածներուն ազատ կամքը պիտի իրագործէ։ Աստուած գերիշխան Տէր է Իր ծրագրին։ Սակայն անոր իրականացումին համար, Ան կ՚օգտագործէ նաեւ արարածներուն գործակցութիւնը։ Ասիկա Ամենակալ, Ամենակարող եւ Ամենատես Աստուծոյ համար, Անոր կողմէ տկարութեան նշան մը չէ երբեք, այլ՝ մեծութեան եւ բարութեա՛ն։
Աստուած Իր արարածներուն կու տայ ո՛չ միայն գոյութիւնը, այլ նաեւ անձնապէ՛ս գործելու արժանապատուութիւնը, ըլլալու իրարու պատճառ եւ սկզբունք եւ այսպէս համագործակցելու Իր արարչագործութեան ծրագրին իրագործումին։
Աստուած մարդոց նոյնիսկ կարելիութիւնը կու տայ ազատօրէն մասնակցելու Իր նախախնամութեան, անոնց վստահելով պատասխանատուութիւնը իրենց «ենթարկելու» աշխարհը եւ տիրելու անոր։
Եւ ո՜րքան գեղեցիկ եւ տպաւորիչ են Սաղմոսերգուին խօսքերը.
«Արդ, ալ ինչո՞ւ կը տխրիս, ո՛վ իմ անձս, կամ ինչո՞ւ կը խռովիս. Աստուծոյ յուսա՛, գովերգէ՛ զայն, ըսելով.- Աստուած իմ Փրկիչս է». (ՍԱՂՄ. ԽԳ 5)։
Հաւտանք, վստահինք եւ ապաւինի՛նք Աստուծոյ, Ա՛ն է Փրկիչը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 11, 2025, Իսթանպուլ