ՆՈՐՈԳՈՒԻԼ «ՆՈՐ ՄԱՐԴ»ՈՎ

«Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա». (Երգ աղօթական Տեառն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի)։ Մեծ պահքի շրջանը նորոգուելու՝ «նոր մարդ»ը ստեղծելու շրջանն է։

Արդարեւ, մարդուն նորոգութիւնը կը սկսի մտքին նորոգութիւնովը։ Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհի կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէսզի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի եւ հաճելի է եւ կատարեալ». (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 2)։

Նախ պէտք է մատնանշել, թէ բոլոր խորհուրդները՝ բարի թէ չար, ուղեղին, մտքին մէջ կը ծնին, կը կազմուին, կը զարգանան եւ կ՚որոշուին։ Երբ մեղաւոր մը կ՚ապաշխարէ՝ ճշմարտապէս Քրիստոսին կը դառնայ։ Սուրբ Հոգին այդ մեղաւոր միտքը՝ ուղեղը կը սրբէ, կը մաքրէ եւ կը նորոգէ։ Ա՛յս է առաջին փոփոխութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ նորադարձ՝ նորոգուած անձին մէջ։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «…ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք…»։ Այսինքն ձեր մտքին նորոգութեան պէս, ինչպէս ձեր միտքը նորոգուեցաւ, նոյնը «միտքը գործածեցէ՛ք նորոգուելու համար»։ Ի՞նչ բաներ պէտք է այս մտքին «նորոգութիւնովը նորոգուել»ու համար։

Դարձեալ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը, գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս». (ԿՈՂՈՍ. Գ 9-10)։ Արդարեւ, ճշմարիտ ապաշխարութեամբ նորադարձին նորոգուած մտքին՝ ուղեղին նորոգուելէն՝ մաքրուելէն եւ սրբուելէն յետոյ, ինչպէս միտքը մաքրուեցաւ, նոյնպիսի մաքրութեամբ պէտք է սրբուին նաեւ «հին մարդ»ու անդամները։

Ահաւասիկ, այսպիսով «հին մարդ»ը պիտի հանուի եւ նորը հագցուի։ Ուստի, «հին մարդ»ու հետեւեալ անդամները պէտք է նորոգուին, երբ նորոգութիւնը կը սկսի միտքո՛վ։

Ա) Ականջները նորոգել։ Ասոնք կը սիրեն աշխարհիկ, աղտոտ, գռեհիկ, անպատկառ երգեր, երաժշտութիւն, ամօթալի, անբարոյական պատմութիւններ, կեղտոտ սրախօսութիւններ եւ սիրային գռեհիկ արկածներ, եւ այլն։

«…եւ ականջաց իմոց՝ ո՛չ ախորժել լսել զբանս չարութեան…». (Աղօթք իւրաքանչիւր անձին հաւատացելոց ի Քրիստոս, արարեալ Տեառն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի. «Հաւատով խոստովանիմ»)։

Բ) Աչքերը. «…ո՛չ եւս հայիլ յայրատ…». (նոյն), այսինքն՝ լկտի, լիրբ նայիլ։ Ասոնք կը սիրեն տեսնել աղտոտ սեռային շարժանկարներ, պժգալի տեսարաններ, դաժան կռիւներ, սպանութիւններ, կարդալ սիրային տգեղ վէպեր։

Անոնք ունին շնութիւն ունող նայուածքներ. «…Ո՛վ որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ». (ՄԱՏԹ. Ե 28), անոնք ունին շնութիւն ընող նայուածքներ։

Մտքին նորոգութիւնովը նորոգուած «նոր մարդ»ը կը տեսնէ Աստուծոյ ստեղծած գեղեցիկ տիեզերքը, զինք շրջապատող բարիքները։ Յատկապէս փառք կու տայ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին համար, որը «կարդալով», կ՚օրհնուի, կը զօրանայ եւ կը սնուի։

«Կը տեսնէ» թշուառին եւ անոր օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ։ Անիկա «աչքերը» դէպի երկինք կը վերցնէ, ուրկէ իր օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը կու գան։

Գ) Լեցուն-բերանը. «…եւ բերանոյ իմոյ՝ ոչ խօսել զստութիւն». (նոյն)։ Ըստ Յակոբոս առաքեալի. «լեզուն կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը՝ որ բոլոր մարմինը կ՚ապականէ եւ չի կրնար նուաճիլ։ Անզուսպ չար եւ մահաբեր թոյնով լեցուն է։ Այս լեզուով կ՚օրհնենք Աստուած եւ Հայրը եւ անով կ՚անիծենք մարդիկ, որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են». (ՅԱԿ. Գ 6-9)։

Այս նորոգուած լեզուն, ահաւասիկ կ՚օրհնէ, կը փառաբանէ զԱստուած, իր Փրկչին փառք կու տայ, կը վկայէ, մանաւանդ, Աստուծոյ մեծ եւ անսահման սիրոյն մասին, կը վկայէ եւ ուրիշներուն ալ ազդելով փրկութեան կ՚առաջնորդէ։ Եւ ամէն մահացու թոյնէ ազատուած՝ սրբացած Ամենասուրբ Երրորդութիւնը կը գովէ։

Դ) Ձեռքերը. «…եւ ձեռաց իմոց՝ ոչ գործել զանիրաւութիւն…». (նոյն՝ Հաւատով խոստովանիմ)։ Հին մարդու ձեռքերը չարութիւն կը գործէին՝ կը կռուէին, կը հարուածէին, կը վիրաւորէին, կը գողնային եւ կը յափշտակէին։ Ծոյլ էին՝ չէին ուզեր գործել, աշխատիլ, այլ ուրիշին շահած հացը կ՚ուտէին։ Աստուծոյ եւ Անոր հաւատացեալներուն կը նախատէին գրութեամբ, նոյնիսկ կը հայհոյէին…

Հիմա, մտքի նորոգութիւնովը, նորոգուած «նոր մարդ»ու ձեռքերը վե՛ր կը բարձրանան զինք անչափ սիրող, իրեն համար Իր կեանքը զոհող Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսը փառաբանելու, երախտագիտութիւն յայտնելու համար։ Նախկին չար եւ ծոյլ ձեռքերը կ՚աշխատին, կը գործեն եւ բարիքներ կը բաշխեն կարիքաւորներուն։

Այս «նոր ձեռքերը» կ՚երկարին եկեղեցիին «պնակ»ին իրենց բաժինը առատօրէն տալու եւ Աստուծոյ գործը յառաջ տանելու համար։

Այժմ օրհնուած այս ձեռքերը կը գործածուին հոգեւոր գրութիւններ գրելու, ուրիշներուն Քրիստոսի առաջնորդելու եւ հաւատակիցները քաջալերելու եւ զօրացնելու համար։ Օհնուած այս ձեռքերը հիմա կը դրուին ուրիշներու գլխուն վրայ՝ զանոնք օրհնելու, նաեւ բժշկելու համար…

Ե) Ոտքերը. «…եւ ոտից իմոց՝ ոչ գնալ ի ճանապարհս անօրէնութեան…». (նոյն)։

Ըստ Սողոմոն իմաստուն թագաւորին. «Հին մարդուն ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազէին եւ արիւն թափելու կ՚արտորային». (ԱՌԱԿ. Ա 16)։

«Հին մարդ»ուն ոտքերը մեղսալից վայրեր կը յաճախէին, անբարոյականութեան տուներ կ՚երթային։ Այս ոտքերը մարդասպանութեան, գողութեան, բռնաբարութեան եւ պարահանդէսներու միշտ պատրա՛ստ էին։

Եւ չէին ուզեր Աստուծոյ տունը ոտք կոխել։

Հիմա, մտքին նորոգութիւնովը նորոգուած (ապաշխարած) այս ոտքերը ուրախութեամբ Աստուծոյ տունը կ՚երթան։ Դաւիթ թագաւորի նման կ՚ըսեն. «Կ՚ուրախանայի երբ ինծի կ՚ըսէին.- Տէրոջը տունը երթանք». (ՍԱՂՄ. ՃԻԲ 1)։ Այս «նոր մարդ»ուն ոտքերը ուրախութեամբ կ՚երթան հոն, ուր հաւատացեալներ կը հաւաքուին, Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզուի, կ՚երթան հոն, ուր կան անապաշխար հոգիներ, որոնք փրկութեան կարիք ունին։

Վերջապէս սիրով կ՚երթան աշխատանքի, գործելու, որպէսզի իրեց ապրուստը ճարեն եւ Աստուծոյ ծառայեն հաւատարմութեամբ։

Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ «Մտքի նորոգութիւնովը նորոգուիլ»։ Ապաշխարելէ ետք, երբ մարդուն միտքը կը նորոգուի, պէ՛տք է նաեւ մարմնի մնացած անդամները նորոգուին։ Ասիկա՛ է «հին մարդը հանել եւ նոր մարդը հագցնել»։

Եւ ասիկա կ՚ըլլայ միայն Սուրբ Հոգիին միջոցով եւ օգնութեամբ։ Մեծ պահքը լաւագոյն առի՛թն է այն նորոգութեան համար։

Աղօթքով եւ զգուշութեամբ քննենք եւ տեսնենք ուրեմն, թէ մեր «հին մարդ»ը լրիւ հանա՞ծ ենք եւ «նոր մարդ»ը լրիւ հագա՞ծ ենք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 12, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025