ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՞ՒՆ Է

Մարդկութեան անցեալը որպէս հայելի մեզի ներկայացնող պատմութիւնը լոկ շարք մը անուններու եւ անթիւ պատերազմներու եւ ողբերգութիւններու անդունդ մըն է եւ այդ իսկ պատճառով պատմութեան էջերուն մէջ պատերազմները աւելի յիշուած են՝ քան խաղաղութիւնը: Մարդկային պատմութիւնը, զոր կը կարդանք, ո՛չ թէ խաղաղութեան՝ այլ պատերազմի, ո՛չ թէ սիրոյ՝ այլ ատելութեան եւ բռնութեան պատմութիւն մըն է: 

Այո, ժամանակը իր հետ բերաւ զարգացում, սակայն, այդ զարգացումները հիմնուեցան աղէտներու վրայ։ Իւրաքանչիւր դարաշրջան ստեղծեց նոր անուններ, նոր պատերազմներ, նոր հակառակութիւններ. փոխուած են թուականները, սակայն, իւրաքանչիւր զարգացում ու յառաջդիմութիւն ստեղծած է նոր հարցեր. այս երեւոյթն է պատճառը, որ մարդկութեան մէջ ծնունդ առած է այն հասկացողութիւնը, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, որովհետեւ մարդը անցեալէն սորվելու փոխարէն անցեալի սխալները կը կրկնէ՝ մարդկութեան պատմութեան տալով նոր տառապանքներ, նոր պատրանքներ ու ամօթ: 

Սակայն, կայ հանելուկ մը այս բոլորին մէջ. մարդ արարած խաղաղութիւնը խանգարած, պատերազմներու միջամուխ եղած է՝ հասնելու համար խաղաղութեան. այս հակասութեան պատճառով մարդ արարած միշտ հարցականի տակ դրած է պատերազմի ինչութիւնը. ոմանք խաղաղութեան հասնելու համար այդ մէկը անհրաժեշտ նկատած են, իսկ ուրիշներ նոյնինքն խաղաղութիւնը քանդող նկատած են եւ մարդկային պատմութիւնը ուսումնասիրելով շատ դիւրութեամբ կարելի է տեսնել այդ հակասութիւնը: 

Օրինակի համար, 4-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 5-րդ դարու սկիզբը ապրած հռոմէացի գրող Վեկեցիուս «Ռազմական արուեստը» աշխատութեան մէջ կը գրէ իր ամենէն յայտնի խօսքերէն մէկը. «Եթէ խաղաղութիւն կ՚ուզես, պատերազմի պատրաստուէ» (շատեր այս խօսքը կը վերագրեն Նափոլէոնին). խօսք՝ որ դարեր շարունակ եղած է տարբեր թագաւորներու եւ առաջնորդներու նշանաբանը, որով կը հասկցուի ուժի ճամբով խաղաղութիւնը պահպանելու երեւոյթը: Հռոմէացի այս գրողէն շատ աւելի հզօր խօսք մը ունի 1903-1950 թուականներուն ապրած անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլ. «Պատերազմը խաղաղութիւն է». այս արտայայտութիւնը ծնած է առ ի հակառակութիւն այն հասկացողութեան, որ շատ մը պետութիւններ, խաղաղութիւն հաստատելու սիրոյն մարդոց խաղաղ վիճակը կը քանդեն՝ դարձեալ խաղաղութիւն հաստատելու համար. անոնք կը փորձեն պատերազմը տեսնել որպէս խաղաղութեան միջոց, ինչ որ տրամաբանականօրէն կրնայ հակառակ թուիլ: Անշուշտ, փիլիսոփաներ կը հաւատան, որ այս մտածումը կ՚օգնէր պետութիւններուն, աւելի ազատութեամբ աւերներ գործելու եւ խստութիւն կիրառելու, որովհետեւ ժողովուրդ մը խաղաղութեան պահպանման սիրոյն պատրաստ է ամէն տեսակ զոհողութիւններ յանձն առնել: 

Գրականութեան մէջ պատերազմը շատ անգամ ընդունուած է որպէս հայրենասիրութեան արտայայտութիւն. նոյնն է պարագան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ. պատերազմիլ յանուն ազատութեան, պատերազմիլ յանուն անկախութեան, ինչ որ խաղաղութեան ամենէն բարձրագոյն մակարդակն է։ Այս մէկը կարելի է տեսնել առաւելաբար այն ազգերուն մօտ, որոնք իրենց գոյութեան համար լուրջ պայքար մղած են եւ կը շարունակեն մղել. այդ խաղաղութեան ձգտող պատերազմներէն եղած է, օրինակի համար, Վարդանանքը, որ միակ լուծումն էր փրկելու համար հայու ինքնութիւնը: Հայ ժողովուրդը թէ՛ անցեալին եւ թէ մօտիկ անցեալին ունեցած է խաղաղութեան ձգտող պատերազմներ, ուր յաղթելը խաղաղութեան տիրանալ կը նշանակէր. շատ մը ազգերու համար պատերազմը ո՛չ թէ ընտրութիւն, այլ անհրաժեշտութիւն է. հայ մեծ ֆետայիներէն մէկը կ՚ըսէր. «Մենք կը կռուինք ո՛չ թէ մահուան, այլ կեանքի համար»: 

Սակայն, այս բոլորին հակառակ կարծիքները մի՛շտ ալ եղած են. օրինակի համար, աշխարհի մէջ յայտնի գիտնական Այնշթայն կ’ըսէ. «Խաղաղութիւնը բերէք, կարելի չէ պատերազմով ձեռք բերել». պատերազմը ինքնին բռնութիւն, ատելութիւն եւ ոչնչացում կը բուրէ եւ հետեւաբար շատեր կը հաւատան, որ նման երեւոյթ մը չի կրնար խաղաղութեան հաստատման ծառայել: Նման միտք արտայայտողներ դիտել կու տան, որ խաղաղութիւնը արդարութեան, փոխըմբռնումի եւ փոխադարձ յարգանքով կը հաստատուի: Պատերազմը մարդոց սիրտերուն մէջ միայն ու միայն ատելութիւն եւ վրէժի զգացում կը սերմանէ։ Իւրաքանչիւր պատերազմ կրնայ որոշ ժամանակահատուածի մը համար հարցեր լուծել, սակայն իւրաքանչիւր խաղաղութիւն, որ կը հաստատուի պատերազմով՝ անպայմանօրէն կ՚ունենայ ապագայ պատերազմ մը, որովհետեւ պատերազմը ո՛չ թէ խաղաղութիւն կը ստեղծէ, այլ կարճ դադար մը կու տայ հակամարտող կողմերու միջեւ՝ ժամանակ մը ետք շարունակելու հին հաշիւները։ Այս երեւոյթը հասկնալու համար Արցախի պատերազմներն ու անոնոց յաջորդող յաղթանակներն ու պարտութիւնները աչքէ անցընելը բաւարար է: Օրինակի համար, Համաշխարհային առաջին պատերազմը ունեցաւ դադար. խաղաղութեան խոստումներ, համաձայնութիւններ... սակայն, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը չուշացաւ, որովհետեւ պատերազմը չկրցաւ, չի կրնար հաստատել խաղաղութիւն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եղա՞ծ է ժամանակաշրջան, ուր պատերազմ գոյութիւն չունենայ:

Պատասխան. Ո՛չ, մարդկութեան պատմութեան ընթացքին չէ եղած ժամանակաշրջան, ուր ամբողջութեամբ պատերազմ գոյութիւն չունենայ: Մարդիկ միշտ կռուած են տարածքի, իշխանութեան, կրօնի եւ գաղափարներու համար: Նոյնիսկ երբ որոշ շրջաններու մէջ խաղաղութիւն տիրած է, այլ վարերու մէջ եղած են պատերազմներ: Դարերու ընթացքին պատերազմներու ձեւերն ու պատճառները փոխուած են, սակայն, հակամարտութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է մարդկային հասարակութեան մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025