ՏԷՐ ԿԱՄ ՍՏՐՈՒԿ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

Երէկուան մեր գրութեան մէջ ըսինք, որ ուսուցիչը դասարանէն ներս բռնատէր չէ, սակայն, միւս կողմէ լաւապէս կը գիտակցինք, որ մերօրեայ աշակերտութեան հետ համեստութեամբ վարուիլը «թերացում» մըն է, որովհետեւ մերօրեայ աշակերտը գիտէ այդ մէկը լաւապէս շահագործել եւ այդ մէկը տեսնել որպէս առիթ՝ իր յոռի բնաւորութիւններն ու խառնուածքը երեւան հանելու։ Այդ իսկ պատճառով շատ մը ուսուցիչներ կը հաւատան, որ այդ կացութեան դէմ դնելու լաւագոյն միջոցը խստութիւնն է: Այս իմաստով պէտք է հասկնանք, որ ուսուցիչ ըլլալ անպայմանօրէն այս կամ այն նիւթին լաւապէս տիրապետել չի նշանակեր. ուսուցչութիւնը արուեստ է եւ ամէն մարդ չէ՛, որ կրնայ կատարելապէս ուսուցիչ դառնալ։ Մենք կը կարծենք, որ եթէ մէկը լաւապէս մայրենիին կը տիրապետէ, ապա կրնայ մայրենի լեզուի ուսուցիչ դառնալ, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Ուսուցչութեան մէջ մանկավարժական մօտեցումը կարեւոր է այնքան՝ ինչքան այդ նիւթին շուրջ ուսուցիչին ունեցած գիտութիւնը, որովհետեւ ուսուցիչ ըլլալը մի քանի հիմնական բան կը պահանջէ. մէկ կողմէն սէր եւ հասկացողութիւն, իսկ միւս կողմէ հաւասարակշռուած կարգապահութիւն եւ պահանջկոտութիւն: 

Շատ մը ուսուցիչներ իրենց ասպարէզին մը կը ձախողին, կը թերանան, որովհետեւ երկու կարեւոր երեւոյթներու մէջ կը կորսուին. դասը բացատրել ու կրթութեամբ աշակերտը հարստացնե՞լ… թէ ոչ հեղինակութիւն հաստատել ու ինքզինք փաստել աշակերտներուն դիմաց. եթէ այս երկուքը հաւասարակշռուած չըլլան, ապա ուսուցիչին գործը կրնայ շատ դժուար ըլլալ: 

Այսօր ժամանակները փոխուած են. եթէ անցեալին աշակերտը գլուխը կախ հնազանդութեամբ եւ որոշ տեղ մը վախով ուսուցիչին կ՚ունկնդրէր, ապա այսօր վիճակը այդպէս չէ։ Մերօրեայ աշակերտը արագ մտածող, հարց տուող եւ շատ անգամ սահմանները փորձող մըն է. լաւապէս կը նկատէ թուլութիւնները եւ զանոնք կը վերածէ միջոցներու եւ առիթներու: Համեստութիւնը մերօրեայ ուսուցիչին համար կը դիտուի որպէս թերութիւն՝ հակառակ անոր, որ անհրաժեշտութիւն մըն է նման ասպարէզի մը համար. համեստութիւն՝ որ դասարանը կը լեցնէ անհնազանդութեամբ եւ անկարգութեամբ, որուն դիմաց ուսուցիչը դէմ յանդիման կը գտնուի երկու մարտահրաւէրներու՝ կա՛մ հնազանդութեան զոհ դառնալով անհնազանդութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուի եւ կա՛մ դիմէ խստութեան՝ որ միշտ դրական արդիւնք չի տար: Սակայն, կայ երրորդ տարբերակ մը, որ տրուած չէ բոլորին. կան անձեր, որոնք իրենց նկարագիրով, իրենց պահուածքով հեղինակութիւն կը դառնան եւ առանց խստութեան, նոյնիսկ իրենց համեստութեան մէջ կը յաջողին դէմ դնել անհնազանդութիւններու։ Նման անձի մէջ կը մարմնաւորուի ուսուցիչի կերպարը, այլապէս խստութեամբ հեղինակութիւն պարտադրելը ժամանակ մը ետք կը վերածուի անինքնավստահութեան եւ դասը դաս ըլլալէ աւելի ինքզինք պարտադրել եւ անհնազանդութեան դէմ դնելու մարտահրաւէրի կը վերածուի եւ դասանիւթը կը դառնայ անիմաստ: Ուսուցիչը կը կորսուի. դա՞սը բացատրէ՝ թէ աշակերտը լռեցնէ: 

Կայ հայերէն յայտնի երգ մը, որ կ՚ըսէ. «Տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս»։ Իրականութեան մէջ մերօրեայ դասարաններէն ներս նոյն վիճակն է, որովհետեւ աշակերտը կ՚ուզէ ինքզինք ուսուցիչէն աւելի վեր տեսնել՝ իր հմտութիւններով, իր ճարպիկութեամբ, իսկ ուսուցիչը կ՚ուզէ իր հեղինակութիւնը պահել։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ պէտք չէ միշտ մեղադրել ուսուցիչը. մեղաւոր են նաեւ ծնողները։ Այսպէս. 

Անցեալին ուսուցիչը մեծ հեղինակութիւն մըն էր ո՛չ միայն աշակերտին, այլ նաեւ աշակերտին ընտանիքին համար. միշտ թերացողը աշակերտն էր. ծնողներ կոյր վստահութեամբ իրենց աշակերտները կը յանձնէին ուսուցիչին՝ իրենց զաւակը «մարդ» դարձնելու նպատակով: Այսօր, սակայն, վիճակը տարբեր է. հակառակ աշակերտին ամէ՛ն տեսակ չարութիւններուն, նոյնիսկ անկրթութեան, ծնողքը իր «ծնողական պարտք»ը կը կարծէ իր զաւակը պաշտպանելը։ Ծնողքը աշակերտին ներկայութեամբ կը բամբասէ ուսուցիչներուն մասին. կը խօսի անոնց այս կամ այն թերութիւններուն մասին. աշակերտը ոգեւորուած այս իրադարձութենէն տուն վերադարձին մօրը կը պատմէ ուսուցիչին կապուած բոլոր յոռի երեւոյթները եւ դարձեալ կը լսէ մօրը կարծիքը, շատ անգամ ամբաստանութիւնն ու քննադատութիւնը։ Նման աշակերտէ մը ինչպէ՞ս կարելի է յարգանք ակնկալել ուսուցիչի նկատմամբ։ Ուսուցիչէն առաջ գուցէ պէտք է ծնո՞ղքը կրթել. պէտք է ծնողքը հասկնայ, որ իր զաւակը դպրոց կ՚երթայ մա՛րդ դառնալու եւ ո՛չ թէ հասարակութեան մէկ ակնկալութիւնը ամբողջացնելու համար։ Դպրոցը այն տեղը չէ, ուր աշակերտը իրաւունքով է, իսկ ուսուցիչը ոչ. ո՛չ ալ այն տեղը, ուր ուսուցիչը իրաւունքով է եւ աշակերտը ոչ: Շատ մը երկիրներու մէջ ուսումը վճարովի է եւ ծնողներ կը կարծեն, որ ուսուցիչներուն ամսականները ապահովելով իրաւունք կ՚ունենան ազատութեամբ խօսելու, քննադատելու, կողմնակցութեամբ այս կամ այն «որոշում»ը տալու։ Անցեալին ուսուցիչը աշակերտը ծեծի ենթարկելու անգիր «իրաւունք»ը ունէր, այսօր կարծես աշակերտին թերութիւնները բարձրաձայնելու իրաւունքը նոյնիսկ չունի։ Իսկական ծնողքը պէտք է միշտ հաղորդակցութեան մէջ ըլլայ ուսուցիչին հետ՝ մօտէն հասկնալու համար անոր բոլոր այն թերութիւնները՝ ինչ որ տունէն դուրս ի գործ կը դնէ։ Ծնողքը իր ներկայութեան զաւակին առաւելութիւններն ու թերութիւնները լաւապէս կը ճանչնայ, սակայն, դուրսի աշխարհին մէջ՝ ծնողքէն հեռու ինչպիսի՞ վարք ունի՝ միայն ու միայն ուսուցիչը կրնայ մատնանշել: 

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Գրականութիւնը, ընդհանրապէս ամբողջ մշակոյթը, ազգի ստեղծագործական հանճարի բարձրագոյն աստիճանն է: Հնուց անտի եղած ենք մշակութային արժէքներով մեր ինքնութիւնը հաստատած ժողովուրդ, ինչը վառ պահած է ու սերունդէ սերունդ փոխանցած հայրենիքի յիշողութիւնը, ազգային մտածողութեան կերպը:

ԴԱՒԻԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2026