ԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՐ ԻՐ ՄԷՋ ԱՐԻՒՆ ՈՒՆԻ

Գիր գրականութիւնը, յօդուածագրութիւնն ու վիպագրութիւնը շատերու համար լոկ բառերու եւ գաղափարներու ամբողջութիւն մը կրնայ թուիլ, սակայն, այդ մէկը գրողի մը համար կրնայ շատ անգամ լքուած հոգիի մը աղաղակները ըլլալ, որ շատ անգամ ընթերցողին համար կրնայ անթափանց մնալ: Կան գրութիւններ, որոնց բառերը շատ անգամ գրողին համար արցունքներ են, որոնք խոյս կու տան մարդու աչքերէն՝ սակայն որպէս բառեր ճիչ ու վայնասուն կը դառնան, որուն մէջ կը թաղուի գրողը իր ամբողջ էութեամբ: Նման գրութիւններ մարդուն սիրտին երբեք երջանկութիւն չեն տար՝ ինչքան ալ գրելը որպէս տրտմութեան պոռթկում ընդունինք, որովհետեւ շատեր կը գրեն՝ գրող դառնալու համար, իսկ ուրիշներ այդ լուռ բառերուն մէջ թաղելու համար կսկիծը՝ որ զինք հեղձամահ կ՚ընէ:

Հայ գրականութեան մէջ կան աշխատութիւններ, որոնք բազմիցս լսուած են. օրինակի համար՝ Զօհրապի «Ճիտին պարտք»ը, Ատրպետի «Տժվժիկ»ը, Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզներ»ը եւ այլ նման տարածում գտած նորավէպեր, սակայն, կու գանք ըսել, որ հայ գրականութեան մէջ կան որոշ գրողներ, որոնց աշխատութիւնները նոյնքան արժանի են յիշատակութեան՝ ինչքան վերոյիշեալ գրողները եւ անկասկած այդ գրողներէն մէկը Արմէն Տօնոյեանն է, որ հայ իրականութեան մէջ այնքան ալ արժանի գնահատանքը չէ ստացած։ Անշուշտ, զինք կարելի չէ համեմատել Զարթօնքի շրջանի մեծերուն հետ, սակայն, միաժամանակ կարելի չէ ուրանալ անոր գրական ճաշակն ու գործունէութիւնը: 

***

Արմէն Տօնոյեանը ճանչցած եմ մեր թուականէն 49 տարիներ առաջ՝ 1976 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած «Մենք» հանդէսի մէջ հրատարակած «Օտար ամուսնութիւն» գրութեամբ. գրութիւն՝ որ յաջողեցաւ կլանել էութիւնս: 

«Օտար ամուսնութիւն» գրութեան մէջ Արմէն Տօնոյեան կը ներկայացնէ հայ վաճառական մը, որ ամէն գնով կը փորձէ իր զաւակները հեռու պահել հայ դպրոցէն, ակումբէն ու շրջանակէն՝ հաւատալով, որ հայ իրականութեան մէջ իր զաւակները չե՛ն հասնիր այն յաջողութեան՝ որ վաճառականը՝ Պետրոս կ՚երազէ: Պետրոս կը հաւատար, որ հայ դպրոցը չի կրնար տալ այն կրթութիւնը՝ որ պիտի տար օտար վարժարանը. հայ շրջանակը իր զաւակները պիտի չգնահատէր այնպէս՝ ինչպէս օտար շրջանակները, այդ իսկ պատճառով իր բոլոր զաւակները ղրկած էր օտար վարժարաններ ու համալսարաններ եւ որպէս արդիւնք ունեցած էր ուսեալ զաւակներ, որոնցմով հպարտ կը զգար ինքզինք: Պետրոս, անշուշտ, առիթ բաց չէր ձգեր գնահատելու համար իր այս հակահայ կեցուածքը. հպարտութեամբ կ՚ըսէր. «Տեսա՞ք, երեք զաւակներս ալ տեղ հասցուցի: Ազգէն խէր չկայ կ՚ըսեմ, կը մեղադրէք զիս: Օտար ընկերութիւններ եւ օտար շրջանակներ մարդս գնահատել եւ արժէքը վարձատրել գիտեն: Ես ալ ազատամիտ ու լայնախոհ հայր եմ, իրենց վրայ վստահութիւն ունիմ: Գիտեմ, որ ամէն ինչի մէջ ինծի պէս աւելի իրենց տրամաբանութիւնը կը գործածեն, քան զգացումը: ... Հը՜... մերինները այսպիսի ոսկի տղոց յա՞րգը գիտեն...»: 

Վաճառական մարդ ըլլալով Պետրոս կը հետաքրքրուէր միայն ու միայն գործով. ո՛չ հայրենասիրական հաւաքներ, ո՛չ թատրոն եւ ո՛չ ընթերցանութիւն. իրեն համար կարեւորը դրամատան աշխատանքներն ու ունեցած հարստութեան կառավարումն էր. սակայն, միւս կողմէ հպարտ էր իր զաւակներով. անոնցմէ մէկը՝ Հարրին ղրկած էր Ամերիկա, իր բարձրագոյն ուսումը այդտեղ շարունակելու. հպարտանալու բան էր այդ մէկը: Իրականութեան մէջ Հարրին նոյնինքն Յարութիւնն էր, սակայն օտար շրջանակներու մէջ Յարութն ու Յարութիւնը յարմար չգտնելով վերածած էր Հարրիի: 

Պետրոս հպարտ էր իր զաւակով, սակայն, այդ հպարտութիւնը օր մը անսպասելի անակնկալով մը «բախտաւոր»ուեցաւ... Ամերիկա մեկնող Հարրին առանց իր ծնողքին տեղեկութեան իսկ ամուսնացած էր ամերիկացի աղջկայ մը հետ. մեծահարուստ հօր համար այս տեղեկութիւնը եղած էր անակնկալ եւ անմիջապէս զաւակին քով ղրկած էր իր կինը՝ այս հարցին «լուծում» մը գտնելու համար: Կինը հասնելուն պէս տեսած էր իր նոր «հարս»ը... Պետրոս սրտնեղած իր բարեկամներուն հետեւեալ ձեւով բացատրած էր երեւոյթը. «Մայրը մտահոգուած, անմիջապէս մօտը գնաց որ ի՞նչ տեսնէ, երանի ամերիկացի ըլլար, սեւամորթուհի մը, նիհար, երեսը տեսնելդ չի գար: Ասլանի պէս տղաս այդ ջլթիկին բաժին ինաւ...»: 

Անշուշտ, Պետրոս նեղացած էր. այնքա՜ն լաւ ու համեստ հայ աղջիկներ կային, իր հպարտութիւնը՝ Հարրին ինչպէ՞ս ընտրած էր այդ սեւամորթը: Ինք երկար տարիներ իր Հարրիին ղրկած էր բարձրագոյն ուսման, որպէսզի օր մը իր հօր՝ Պետրոսի գլուխը բարձր պահէր հանրութեան մէջ. շատեր այս իրողութեան դիմաց կը մեղադրէին գաճառական Պետրոսը՝ որ իր կարծիքով իր զաւակներուն ապագային համար ամենէն ճիշդն ու պատշաճը ըրած էր: 

•շարունակելի…

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է կարծիքդ օտար ամուսնութեան մասին:

Պատասխան. Օտար ամուսնութիւնը, այսինքն տարբեր մշակոյթներու, լեզուներու կամ ազգութիւններու միաւորումը կրնայ ըլլալ թէ՛ հարստացնող եւ թէ վտանգաւոր: Օտար ամուսնութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ բացայայտելու նոր աւանդութիւններ, սովորութիւններ ու մտածելակերպ, ինչ որ կրնայ ամրապնդել փոխըմբռնումն ու հանդուրժողականութիւնը: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կրնայ յառաջացնել դժուարութիւններ՝ պայմանաւորուած արժէքներու տարբերութեամբ, սպասելիքներու եւ լեզուական ու կրօնական խոչընդոտներու: Ամէն բան կախուած է զոյգի փոխադարձ յարգանքէն, վստահութենէն ու պատրաստակամութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2025