ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ

Երէկուան մեր յօդուածէն ետք խոր փափաք ունեցանք աչքէ անցընելու կին մտաւորական Մարի Պէյլէրեանի գրութիւնները, որովհետեւ անոր ունեցած խիզախութիւնը, հայրենասիրութեան ոգին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է ըսելու, որ կինը եւս ունի ուժը պայքարելու եւ իր անձէն ազգին տալու հաւասար կարողութիւնը: Մեր ընթերցումներուն որպէս արդիւնք հասանք այն եզրակացութեան, որ եթէ չգիտնանք հեղինակի ծննդեան ու մահուան թուականները, ապա այդ բոլորը մի քանի օրեր առաջ գրուած գրութիւններ կրնանք նկատել. ժամանակակից ու նոյնքան մտահոգիչ: 

Մարի Պէյլերեանի «Դէպի վեր» աշխատութեան մէջ (հրատարակուած 1914 թուականին) մեր ուշադրութիւնը գրաւեց «Դաստիարակուհւոյ մը խօսքերը» խորագրին տակ գրուած յօդուածները՝ ուղղուած Ս. Հռիփսիմեանցի սանուհիներուն։ Այս յօդուածին առաջինը կը կրէ «Ձեր պարտքը կատարեցէ՛ք» խորագիրը, ուր որպէս ուսուցչուհի իր սանուհիներուն կը խօսի պարտականութեան գիտակցութեան կարեւորութեան մասին. պարտականութիւնը կեանքի «տիրակալ» կը կոչէ՝ հաւատալով, որ անոնք են, որ մարդուն պայքարիլ կը սորվեցնեն. պարտականութիւնը մարդէն որոշ զոհողութիւններ կը պահանջէ, սակայն զարգանալու միակ ու լաւագոյն միջոց որպէս Պէյլէրեան կը տեսնէ պարտականութեան գիտակցութիւնը: Իր սանուհիներուն կը յորդորէ, որ աւելի լաւ է մարդ չարչարուի, դժուարութիւններ դիմագրաւէ, սակայն, հպարտութեամբ իր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները կատարած ըլլայ: 

Մարի Պէյլէրեան հրաշալի մանկավարժ մըն է, որովհետեւ պարտաւորութեան գիտակցութիւնը մարդուն ո՛չ միայն իր, այլեւ շրջապատին մէջ դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ եւ այդ մէկը իր արդիւնաւէտ պտուղը կու տայ, երբ կինը դառնայ մայր:  Այս մէկը հայելին է այն ճշմարտութեան, որ անցեալին դպրոցներուն մէջ Պէյլէրեանի նման զարգացած ուսուցիչներ լոկ թուաբանութիւն կամ աշխարհագրութիւն չէին սորվեցներ. աշակերտը դպրոցին մէջ պարտի կեանքը սորվիլ, պարտի բարոյականութիւն սորվիլ. գուցէ հին ժամանակ դպրոցներուն մէջ թուաբանութիւնը, գիտութիւնը եւ այլ նիւթեր այնքան զարգացած ու բիւրեղացած ձեւով չէր փոխանցուեր աշակերտներուն, սակայն կը փոխանցուէր այն՝ ինչ որ չի փոխանցուիր այսօր. հին ժամանակ Պէյլէրեանի նման իմաստուններ աշակերտներուն կը փոխանցէին առաքինութեան իտէալները: Մարի իր այս յօդուածին մէջ գրի կ՚առնէ հետեւեալ կարեւոր տողը. «պէտք է դպրոցին մէջէն պատրաստուիք ձեր ապագայի լայն կեանքին ծանր պարտականութիւններուն»:

Պէյլէրեան այնպէս ինչպէս օտարութեան մէջ հայ ինքնութեան հնարաւոր կորուստը կը գուշակէր, նոյնքան կը քննադատէր իր ժամանակները, զայն որակելով «վայելք»ի, «թեթեւամտութեան» եւ արժէքներու անկման ժամանակաշրջան: Ինչքա՜ն ժամանակակից կը հնչեն Մարիի աւելի քան դար մը հնութիւն ունեցող հետեւեալ տողերը. «Մի՛ խաբուիք նոր ժամանակներու սոփեստութիւններէն, որոնք անպատկառօրէն կը ծաղրեն, կ՚արհամարհեն եւ ապուշ զրկանք մը կը դաւանին, ինչ որ դիւցազնական զոհողութիւն մըն էր, ինչ որ բարձր ու վսեմ օրինակ մըն էր անցեալին մէջ, ինչ որ հին ազգերու մեծութիւնը եւ ուժը կը կերտէր, եւ ներկայի սանձարձակ վայելքին մէջ միայն կը գտնեն կեանքի իմաստը, ա՛յս է պատճառը ահա, որ այսօր ազգերը կը տկարանան, ժողովուրդները կը պզտիկնան եւ մարդիկ կ՚իյնան…»։ Մարի կը բողոքէ, որ շատեր միայն սանձարձակ վայելքին մէջ կը գտնեն կեանքին իմաստը. այս տողերը գրի կ՚առնէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր տակաւին կեանքը զուսպ ու չափի մէջ է. աւելի քան դար մը առաջ նման արտայայտութիւն ունեցող Մարի Պէյլէրեան մը եթէ ապրէր ներկայ ժամանակներուն մէջ... ի՞նչ պիտի ըսէր: Անշուշտ, Մարի չէր ուզեր, որ իր սանուհիները «հին գլուխ» մնան. պարզապէս կ՚ուզէր, որ անոնք կարենան զանազանել ժամանակաւորը անժամանակէն, կարեւորը՝ անկարեւորէն. ան կ՚ուզէր, որպէսզի իր սանուհիները մի՛շտ նորը գիտնալ ուզեն, մի՛շտ դէպի նոր, դէպի յառաջդիմութիւն առաջանան եւ առ այդ անոնց կ՚ըսէ. «Ձեր միտքերը դէպի աւելի՛ նորը, դէպի աւելի՛ լոյսը թող դիմեն, իսկ ձեր սրտերը թո՛ղ որդեգրեն հին հերոսական զգացումները, վասն զի ա՛յդ է ճշմարիտը, եւ այդպէ՛ս պիտի մնաք մի՛շտ մեծ, առաքինի եւ ազնուական». սիրտերը Մարիի համար հայրենասիրութեան ոգին, ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնը կը ներառեն: 

Մարի կ՚ուզէր, որ իր աշակերտները իրարու հետ մրցակցութեան դուրս չգան, որովհետեւ իրենք միասնաբար կեանքին դէմ է, որ կը պայքարին եւ ո՛չ միմեանց։ Մարիի հրահանգը պարզ ու յստակ է. «Պիտի սիրէք զիրար իբրեւ հարազատ քոյրեր։ Երբեք չար նախանձը, քէնը, ոխը պիտի չթունաւորեն ձեր սրտերը։ Դուք իրարու համար պիտի ըլլաք բարեկամներու է՛ն անձնուէրը, է՛ն անկեղծը եւ է՛ն սիրողը»։ Իր սանուհիներուն ճամբով Մարի իր այս յորդորն ու խրատը կու տար ամբողջ հայութեան՝ որ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն անիմաստ կուսակցական կռիւներու եւ պայքարներու մէջ էին։ Մարի պարզապէս մէկն էր այն բազմաթի՜ւ մտաւորականներէն, որ միասնութիւն ու սէր կը քարոզէր. այդ միասնութիւնն ու սէրը տակաւին չկրցաւ հաստատուիլ մեր ազգին մէջ եւ օրէ օր աւելի վատ վիճակ մը ստացաւ: 

•շարունակելի…

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Դպրոցը ի՞նչ պարտի սորվեցնել աշակերտին:

Պատասխան. Դպրոցը աշակերտին ո՛չ թէ միայն գիտելիք, այլ մտածել, վերլուծել եւ պատասխանատու որոշումներ կայացնել պէտք է սորվեցնէ: Աշակերտին մէջ պէտք է ձեւաւորէ սիրելու, պայքարելու, հաղորդակցելու եւ համագործակցելու կարողութիւնները, զարգացնէ արժէքներ. Ինչպէս՝ յարգանք, ազնուութիւն, կարգապահութիւն եւ գիտակցութիւն: Դպրոցը պարտաւոր է աշակերտին տալ հիմք, որպէսզի ան յաջողի ինքնավստահութեամբ մտնել մեծահասակներու կեանք եւ հասարակութեան օգտակար ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2025