ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ

Նկատի ունենալով, որ քիչ չեն ինքնասպան անձանց թիւը, նոյնպէս քիչ չեն նաեւ անոնց ետին ձգած նամակները՝ որոնց մէջ կարելի է գտնել բազմազանութիւն: Մարդ կայ իր ինքնասպանութեան վերջին նամակը գրած է ձեռագիր, մարդ ալ կայ մեքենագրած եւ կամ տեսագրած է. մարդ կայ գրած է մատիտով, ուրիշը՝ գունաւոր գրիչով, կաւիճով, արիւնով, շրթներկով եւ մինչեւ անգամ հողով. անձ կայ այդ նամակը յղած է իր սիրածին, ընտանիքին, հանրութեան, կեանքին, մամուլին. մէկը այդ նամակը ձգած է սեղանի վրայ, ուրիշ մը իր գրպանը եւ այսպէս ամէն մէկը տարբեր ձեւերով, տարբեր պատճառներով վերջ տուած են իրենց կեանքին:

Նախորդ երկու յօդուածներու մէջ խօսեցանք սէրը որպէս հիմք ունեցող ինքնասպանութիւններու մասին։ Այդ բոլորը որոշ չափով «հասկնալի» կը տեսնենք՝ որովհետեւ սէրը մարդուն կեանքը կրնայ աներեւակայելի ձեւով յեղաշրջել, սակայն, այսօրուան ինքնասպանութեան հիմնական պատճառը անյայտ է եւ այդ իսկ պատճառով ամենէն դժուարն ու անհասկնալին է. անոնցմէ մէկն է Ճորճ Էսթմանը. աշխարհահռչակ «Kodak» նկարչական ընկերութեան հիմնադիրը՝ Ճորճ աւելի քան 100 միլիոն տոլարի հասնող հարստութիւն ունենալով հանդերձ հետեւեալ երկտողը գրելով վերջ կու տայ կեանքին. «Իմ սիրելի ընկերներուս.- իմ գործս աւարտեցի. ինչո՞ւ սպասեմ»: 

Անշուշտ, այստեղ կարելի է մի քանի վերլուծում կատարել.

Ա.- Հարստութիւնը միշտ մարդուն ուրախութիւն չի բերեր. շատեր այս համոզումին համաձայն չեն, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, մեր օրերուն ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ ամենէն սրբազան կարծուած սէրը կարելի է նիւթականին ուժով ձեռք բերել. սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ. հարստութեան ուրախութիւն չբերելը բացատրենք այսպէս. պատկերացուցէք նիւթապէս ոչ-փայլուն երիտասարդ մը, որ ամբողջ տարի մը, երկու տարի անընդմէջ աշխատելով կը յաջողի ինքզինքին համեստ ինքնաշարժ մը գնել. միւս կողմէ, պատկերացուցէք մեծահարուստի զաւակի մը ձեռք բերած արդէն իսկ ութերորդ կամ իններորդ ինքնաշարժը՝ որ նիւթապէս կ՚արժէ աղքատ երիտասարդին ձեռք բերած ինքնաշարժին յիսնապատիկը աւելի սուղ: Հաւատացէ՛ք, որ աղքատին համար այդ ինքնաշարժը՝ որ համեստ է, շատ աւելի ուրախութիւն ու երջանկութիւն կը պատճառէ, քան հարուստինը: Եթէ կը կարծէք, որ աշխարհի ուրախները հարուստներն են՝ կը սխալիք։ Այսօր նիւթապէս ոչ-փայլուն մեծամասնութիւնը կ՚աշխատի, կը պայքարի նպատակի մը համար. հազար ու մէկ զոհողութիւններով ձեռք բերուած բնակարանը, ձեռք բերուած գոյքը ուրախութիւն կը պատճառէ, որովհետեւ ինք տանջուած եւ խնայողութեամբ ձեռք բերած է այդ մէկը, սակայն հարուստը՝ որ կը յաջողի իր ուզածը ձեռք բերել առանց յոգնելու եւ տանջուելու՝ չի զգար այդ ուրախութիւնը, որովհետեւ այդ բոլորին մէջ իր անձը, իր տանջանքը չի գտներ: Վիճակագրական տուեալներ ցոյց կու տան, որ կատարեալ հանգստութեան մէջ ապրող երկիրներէ ներս ինքնասպանութեան թիւը շատ աւելի է՝ քան նիւթապէս անապահով երկիրներու մէջ ապրողներունը: Մենք այսօր ունինք կեանքի դժուարութիւններ եւ այդ դժուարութիւններն են, որ մեզ պայքարի, աշխատանքի կը մղեն եւ այդ աշխատանքը որպէս վերջին հանգրուան կ՚ունենայ նպատակ մը՝ որ ուրախութիւն կը պարգեւէ մարդուն։ Հարուստը, որ ունի ամէն բան, ունի կարողութիւնը իր ուզածը վայրկենական ձեռք ձգելու՝ նպատակի հասնելու եւ զանազան դժուարութիւններէ ետք յաջողութիւն ձեռք ձգելու երանութիւնը չի զգար: 

Կը հաւատանք, որ ինքնասպանութիւնը ո՛չ թէ որոշում, այլ հոգեկան լուրջ խանգարման հետեւանք է։ Եթէ աչքէ անցընենք որոշ ինքնասպաններու նամակները, այդ խանգարումը շատ աւելի յստակ ձեւով կը հասկնանք. օրինակի համար, մէկը իր նախկին ընկերուհիին կը գրէ. «Դաշնամուրը, որ ունիս սենեակդ, խնդրեմ քրոջս նշանածին նուիրէ. այլապէս հոգիս կու գայ քեզ հալածելու. ցտեսութիւն անուշիկս. կը տեսնուինք». ուրիշ մը կատակելով կը գրէ. «Ներեցէ՛ք, այստեղ դիակ կայ…». քսան տարեկան աղջնակ մը թուղթին վրայ կը գրէ. «Այսօր կեանքէն իմ անկախացման տօնս է». ուրիշ մը «Շնորհաւոր նոր տարի» գրելով վերջ կու տայ կեանքին: 

Այս քաոսին պատճառը այն է, որ ամէն մարդ չէ, որ այդ իրավիճակին մէջ կրնայ տրամաբանել. կեանքի դժուարութիւնը, ցաւն ու չարչարանքը շատերու մօտ մահը նոյնիսկ պարզ երեւոյթի կը վերածէ. մինչդեռ նոյն դժուարութեան դիմաց մարդիկ կրնան տարբեր հակազդեցութիւններ ցոյց տալ։ Անոնցմէ մէկը կրնայ տոկալ այդ դժուարութեան, իսկ ուրիշը ինքնասպանութեան դիմել. կրնայ մէկը ինքնասպանութիւն գործողէն շատ աւելի վատ ու անյաջող վիճակի մէջ գտնուիլ՝ սակայն իր կեանքին վերջ չտալ, սակայն ուրիշ մը փոքր դժուարութեան դիմաց յանձնուիլ ու վերջ տալ կեանքին: Մեր իրականութեան մէջ ինքնասպանը «տկար» կը նկատուի, որովհետեւ չկարենալով պայքարիլ կ՚ուզէ վերջ տալ կեանքին. մինչ որոշ մտաւորականներ ինքնասպանը շատ աւելի զօրաւոր կը նկատեն, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ այսպէս կամ այնպէս կը վախնայ մահէն, մինչ ինքնասպանները իրենք իրենց կեանքով կը դիմեն դէպի մահ։ Անշուշտ, այդ մէկը քաջութիւն չէ. պարզապէս հոգեկան լուրջ տագնապներու արդիւնք է, որովհետեւ մարդ իր նեղութեան մէջ ամենէն անտրամաբանական որոշումը նոյնիսկ կրնայ կայացնել:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայ ժողովուրդը պահելու մասին մտածողը պէտք է մտածէ հայու թուական, տնտեսական ու մտաւորական ուժերու կեդրոնացման մասին: Պէտք է մտածէ հայու ազգային զգացման ու գիտակցութեան ուժեղացման մասին: Իսկ ասոնք հնարաւոր են միայն այն ժամանակ, երբ հոգիին մէջ կ՚ապրի իր անկախութեան ձգտումը. եւ բոլոր գործերու ղեկավարը կը դառնայ հայ ժողովուրդի անշեղ կամքը՝ իր անկախութեանը հասնելու:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026