ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕԳՈՒՏԸ
«Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41)։
Յիսուս երբ Ձիթենեաց լեռը ելաւ՝ Գեթսեմանի պարտէզը սկսաւ աղօթել, աշակերտներն ալ իր ետեւէն գացին, անոնց ըսաւ. «Աղօթք ըրէք որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 40)։ Եւ Ինք սաստիկ նեղութեան մէջ կը տագնապէր եւ արիւնախառն քրտնաթաթախ կաթիլներ շիթ շիթ կ՚աղբերանային Իր լուսափառ ճակտին վրայ։ Բայց Ան աւելի ջերմեռանդութեամբ կը շարունակէր աղօթել եւ կ՚ըսէր. «Հա՛յր, եթէ կ՚ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա Քուկդ թող ըլլայ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։
Աշխարհասէր մարդը կրնայ տագնապիլ, կրնայ խռովահար ըլլալ եւ փրկուիլ ուզել այդ ծանր տրամադրութենէն, բայց հաւատքի մարդը պէտք է քաջութիւն ունենայ եւ նեղութիւններու, փորձութիւններու մէջ չիյնայ, չուժաթափի եւ չնահանջէ։ «…աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Եւ ա՛յն որ ինքզինք «քրիստոնեայ», այսինքն Քրիստոսի հետեւող կը համարէ, այն որ հաւատացեալ ըլլալու կը յաւակնի, պէ՛տք է քաջութեամբ դիմակալէ ամէն նեղութիւն, ամէն փորձութիւն…
Մարդ, այնքան ատեն որ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ, անխուսփելի է, որ չհանդիպի փորձութիւններու, զանազան պատճառներով։ Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ պատճառը, փորձութիւնները ունին օգուտներ նաեւ։
Ա.- Փորձութիւնները առիթներ են Աստուծոյ Արքայութեան մօտենալու։ Այս կէտին՝ կասկածամտութիւնը կրնայ փորձութիւններու պատճառ հանդիսանալ։ Այս մասին Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ՝ նեղութիւններու մէջ ապրելու, Քրիստոսի համար չարչարուելու դէմ քաջ վարուիլ, մարդուն կոչո՛ւմն է։ Արդարեւ, Քրիստոսի համար չարչարուիլ շնորհք է. վարդը սիրել՝ կը նշանակէ փուշին յանձնառու ըլլալ։ Բայց մարդ, դժբախտաբար, վարդը կ՚ուզէ առանց փուշի, ինչ որ անկարելի՛ է։ Ալիքներու վերացումի տեղ՝ անոնց վրայէն յաղթական անցնիլ է մարդուն կոչումը։
Բ.- Փորձութիւնները առիթ կը ստեղծեն եւ պատճառ կը հանդիսանան Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալու։ Երբ քրիստոնեան փորձութիւններու մէջ քաջաբար յաղթական կու գայ՝ ասիկա կենդանի տիպար մը՝ վկայութի՛ւն մըն է։ Ասիկա Աստուծոյ մօտենալու առիթ մըն է վկայութիւնը։
Բայց վկայութիւնը խօսքով չ՚իրականանար, այլապէս պէտք է գործի վերածուի, գործնականի վերածուի, գործնապէ՛ս վկայութիւն տրուի։ Այս կը նշանակէ՝ ատողը սիրել, համբերութեամբ տոկալ, կամքի տոկունութիւն ունենալ, չարին բարիով դիմադրել, սուտը ճշմարտութեամբ սրբագրել, թշնամին օրհնել։
Գ.- Վկայութիւն՝ փորձութեան առիթ, նաեւ Քրիստոսի պատկերը ըլլալու, Անոր նմանելու եւ պատկերը դառնալու առիթ մըն է։ Մարդ այս կերպով կը սրբուի, կը սրբանայ եւ կը փրկուի իր մեղքերէն։
Դ.- Փորձութիւնները առիթ են նաեւ մեղքէն հեռանալու. ցաւը, վիշտը, տառապանքը, տանջանքը կը սրբացնեն մարդը՝ փրկութեան կ՚առաջնորդեն, աղօթքի կարեւորութիւնը կը զգացնեն։
Եւ երբ կ՚աղօթենք, մեր աղերսը պէտք է ըլլայ՝ որ մեր կամքը համաձայնի Աստուծոյ կամքին։ Ուստի, պէտք չէ՛ տրտմեցնենք զԱստուած, պէտք չէ՛ վշտացնենք զԱյն։ Զգուշանա՛նք մեղքի մէջ իյնալէ. չկասկածինք, չերկմտինք Յիսուսի սէրէն եւ աղօթենք, որ մեր հոգին բա՛ց ըլլայ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան։ Աղօթքը դարմա՛նն է ամէն հոգեկան ե՛ւ մարմնական նեղութիւններուն։
Երբ կը խօսինք աղօթքի մասին, աղօթքներու մէջ պէտք չէ անտեսուի՝ մանաւանդ անկասկած ըլլալու եւ համբերութեան գործօնները։ Աղօթքը կը պահանջէ աներկբայ, հաստատ եւ անկասկած հաւատք։ Պէտք է աղօթենք՝ վստահ ըլլալով, թէ աղօթքով պիտի ստանանք այն, ինչ որ կ՚ուզենք եւ ապաւինինք Աստուծոյ եւ գիտակցինք, որ Աստուած՝ որու կ՚աղօթենք, ամենակարող է, եւ ուրեմն Անոր մօտենանք ո՛չ թէ մարդկային միտումներով, այլ աստուածային հաստատ հաւատքով, որպէս Հոգի-Անձ։
Աղօթենք վստահութեամբ, հաստատամտութեամբ, պարզ օրինակ մը տանք մեր առօրեայ կեանքէն. երբ հացագործին հաց գնելու կ՚երթանք, բնաւ կասկած կ՚ունենա՞նք, թէ հացագործը մեզի հաց պիտի չտայ, երբ անոր փոխարէն դրամը կու տանք, հացը անպայման կը ստանանք։
Ահաւասի՛կ, երբ Աստուծմէ խնդրենք անկասկած հաւատքով, սիրով, անպայման պիտի ստանանք մեր ուզածը։
Բայց, անշուշտ, մեր ուզածը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ կամքին համապատասխան, քանի որ Անոր կամքը միշտ բարի է եւ մեզի ի նպաստ։
Մեր աղօթքը պէտք է ըլլայ անկասկած, ինչպէս հաց գնելու համար երբ բաւական դրամ ունինք վստահ ենք, որ հաց պիտի գնենք, նոյնն է պարագան, երբ Աստուծոյ կը դիմենք բան մը ուզելու համար։ Եւ չմոռնանք, որ մեր աղօթած ատեն մեր անկասկած, աներկբայ հաւատքը՝ հաց գնելու համար մեզի պէտք եղած դրամէն շատ աւելի ապահով է եւ վստահելի՛։
Աստուծոյ կամքը միշտ բարի՛ է, եւ ինչպէս խղճամիտ հացագործ մը օթեկ, մնացած հացը որպէս թարմ հաց չի վաճառեր։
Երբեմն Աստուած աղօթքին պտասխանը կ՚ուշացնէ, որպէսզի մեզի համբերութեան արժէքը զգացնէ. շարունակենք աղօթել, քանի որ աշխարհի վրայ առանց աշխատելու, առանց վաստակի, առանց յոգնելու վարձք, հատուցում չ՚ըլլար. «…կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես…։ Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ…». (ԾՆՆԴ. Գ 17, 19)։ Ուստի, աղօթքը վաստակ, տքնութիւն, յոգնաջանութիւն եւ յարատեւութիւն կը պահանջէ։
Անկասկած հաւատքով աղօթենք՝ պիտի ստանանք անպայմա՛ն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 13, 2025, Իսթանպուլ