ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆ ԱԼ ԱՌԵՒՏՈՒՐ Է
Մերօրեայ երիտասարդութիւնը ինչքա՞ն հպարտութեամբ կը մօտենայ իր սեփական ինքնութեան՝ չենք գիտեր, սակայն, ակնյայտ է, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն՝ տակաւին կը գտնուի փոքրամասնութիւն մը, որ կը շարունակէ տառապիլ այն հիւանդութեամբ, որ կը կոչուի հայութիւն, կը կոչուի ազգասիրութիւն: Պայքար՝ որ կը պահանջէ բարոյական ուժ. Սակայն, միւս կողմէ, չենք կրնար մերժել, որ այդ պայքարը այլոց համար կը թուի բեռ ըլլալ, մա՛նաւանդ անոնց համար, որոնք չեն կարեւորեր էութիւնը: Հայ ծնած ըլլալու ծանրութեան պատասխանատու մօտեցումը, ցաւ ի սիրտ, տրուած չէ բոլորին. շատեր այդ մէկը կամքէ անկախ ժառանգած են եւ այդ մէկը պահելը իրենց համար հոգեբանական բռնութենէ տարբեր բան մը չէ:
Նոր մարդու մարտահրաւէրները այս բոլորը կը դարձնէ շատ աւելի բարդ, որովհետեւ ազգային ինքնութիւնը արդէն իսկ կամաց կամաց կը դառնայ երկրորդական, մա՛նաւանդ երբ սեփական արժէքները կը սկսին դառնալ նուազ գրաւիչ՝ քան այլոց հրամցուցածը, որուն որպէս հետեւանքով հայութիւնը կը սկսի դառնալ բեռ՝ իր լեզուով, մշակոյթով ու արժէքներով եւ կամաց կամաց այդ բոլորը կորսնցնելով կ՚ունենանք մերօրեայ ոչ-այնքան յուսադրող վիճակը: Շատեր կը հաւատան, որ կարելի չէ ազգային ինքնութիւնը համատեղել համաշխարհային քաղաքացիութեան եւ քաղաքակրթութեան հետ. այս շփոթն է, որ կը ստեղծէ իրերամերժ ու հակառակ հոսանքներ, շատերու համար հայ ծնիլը վերածելով հպարտութեան, իսկ ուրիշի մը համար դժբախտութեան:
Հայրենիք եւ ինքնութիւն հասկացողութիւնը յարաբերական է. այս երկու բառերու վրայ է, որ մարդիկ կը կառուցեն իրենց արժէքներն ու նպատակները։ Սակայն, հո՛ս եւս գոյութիւն ունի առեւտուր մը եւ իւրաքանչիւր առեւտուր կ՚ունենայ երկու կողմ. շատեր պատրաստ են անշահախնդիր նուիրուիլ ու տալ հայրենիքին այն՝ ինչ որ պէտք է, սեփական կեանքէն սկսեալ բարոյական ամէ՛ն աջակցութիւն, նոյնիսկ շատ անգամ զոհողութեան գնով։ Պատրաստ են պայքարիլ լեզուի, մշակոյթի, յաճախ տարածքի եւ այլ արժէքներու համար, սակայն, կայ առեւտուրին միւս կողմը գտնուողները, որոնք շատ անգամ առանց բան մը տալու առնելու իրաւունք մը ստեղծած են ու հայրենիքէն կը պահանջեն անվտանգութիւն, ազատութիւն, կայունութիւն, արդարութեան եւ այլ բազմաթիւ բաներ. մարդկային պատմութիւնը այս երկուքին միջեւ տատանուող անյստակութիւնն է: Այսօր սահմանին վրայ երիտասարդ զինուոր մը անձը կը զոհաբերէ հայրենիքին համար, որպէսզի անդին քաղաքին իր հանգիստին մէջ գտնուող երիտասարդ մը իր կեանքը անդորրութեամբ ապրի:
Ինքնութիւնը ունի հիմնական երկու երեսակ. մին անհատական, իսկ միւսը հաւաքական. անհատական երեսակը յարաբերական է եւ մարդ ինք կը սահմանէ անոր չափերն ու արժէքները. Սակայն, երեւոյթը տարբեր կ՚ըլլայ, երբ այդ ինքնութիւնը հաւաքական գիտակցութիւն ունենայ. ինքնութիւն՝ որ անհատը կը կապէ հասարակութեան մը եւ անոր կու տայ պատկանելիութիւն մը:
Մի քանի օրեր ետք Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնենք Կարօ Փօլատեանի գրական կեանքը։ Այդ իսկ պատճառով այժմ աչքէ կ՚անցընենք անոր վէպերէն մէկը՝ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» աշխատութիւնը. այդտեղ ակնյայտ է, որ երիտասարդութիւնը տալու կողքին՝ հայրենիքէն ու իր ազգէն ունի ակնկալութիւններ եւ մինչեւ իսկ պահանջներ։ Փօլատեանի հերոսներէն մին հասակակիցներու հետ զրուցած ժամանակ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենայ. «Ամէն մէկս իբրեւ հայ, միայն տառապած ենք, զրկանքներու ենթարկուած, ջարդուած, կողոպտուած: Մեր հայութիւնը առողջ ըմբռնում մը չէ, երջանիկ զգացում մը չէ: Միշտ լացած ենք անոր երեսէն, անոր պատճառով, երբեք ուրախացած։ Անկէ երբեք չենք ստացած, այլ միշտ տուած անոր»։ Այս արտայայտութիւնը, սակայն, պէտք չէ ընդունիլ որպէս ատելութիւն հայ ժողովուրդին եւ կամ հայ ինքնութեան հանդէպ. այս մէկը պարզապէս բարձրացած երիտասարդական բողոք մըն է, որովհետեւ շատ անգամ մեր հայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, կ՚ընկալուի որպէս տառապանքի եւ կուրորտի խորհրդանիշ՝ հիմնուելով պատմական բոլոր այն իրադարձութիւններուն վրայ, որոնց ընթացքին հայը եղած է նոխազ՝ ուրիշներու շահամոլութեան: Քանի՜ քանիներ ցաւած եւ տառապած են լոկ այն անփոխելի ճշմարտութեան համար, որ ՀԱՅ են. ջարդուած են՝ որովհետեւ հայ են, աքսորի ենթարկուած են՝ որովհետեւ հայ են, սփիւռքի մէջ կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը՝ դարձեալ որովհետեւ հայ են. այլ խօսքով տուած են ու տուած՝ անոր դիմաց շատ անգամ առանց բան մը ստանալու:
Մենք մեր ազգային կեանքին մէջ մի՛շտ կը բարձրաձայնենք, թէ հայը իր ազգին, իր կուսակցութեան, իր միութիւններուն ու եկեղեցիներուն ի՞նչ պիտի տայ, ինչպէ՞ս նեցուկ պիտի ըլլայ, սակայն, երբեք չենք կարեւորած այն հարցը, թէ այդ նուիրեալ տուողներուն ի՞նչ կու տայ ազգը որպէս փոխադարձ այն զոհողութեան, զոր յանձն կ՚առնեն։ Փօլատեանի երիտասարդներէն մին այս երեւոյթը հետեւեալ տողերով կը բացատրէ. «Հայ եմ ըսելով օր մը օրանց ինծի մէկը բան մը չէ տուած։ Ինծի, ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ հաւատացէք, որ շատ գէշ օրեր անցուցած եմ ես, մէկը չէ մօտեցած եւ մէկ ֆրանք չէ տուած։ Ինքզինքս չեմ ուզեր գովել, ամօթ է նոյնիսկ խօսիլ այս մասին, բայց երբեմն կը նստիմ, կը խորհիմ: Աստուծոյ օրը կու գան ու կ՚ուզեն, այս այսինչ բանին համար, այս աղքատներուն, այս ասոր, այս անոր: Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ այսպէս է մեր ազգին մէջ». այս տողերը գրուած են աւելի քան 75 տարիներ առաջ, սակայն, եթէ փորձենք խորանալ, պիտի տեսնենք, որ մեր ներկան տարբեր չէ անցեալէն:
Կը կարծեմ ժամանակն է լրջօրէն մտածելու, թէ առնելու կողքին ի՞նչ տալու պարտաւորութիւնը ունի հայրենիքը, որովհետեւ այնքան ատեն որ լոկ կը ստանայ՝ առանց տալու, օրէ օր պիտի տկարանայ... որովհետեւ հասարակութիւն մը կը զօրանայ միութեամբ եւ այդ միութիւնը երկկողմանի պատասխանատուութիւններ կ՚ենթադրէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կարելի՞ է առանց ազգային ինքնութեան ապրիլ:
Պատասխան. Իւրաքանչիւր մարդու համար կարեւոր դեր ունի ազգային ինքնութիւնը, որովհետեւ այդ ինքնութիւնը կը ձեւաւորէ անոր մշակութային, լեզուաբանական, պատմական եւ ընկերային պատկանելիութիւնը: Ազգային ինքնութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ աշխարհի մէջ իր տեղը ճանչնայ եւ յաջողի պահել կապը իր անցեալին, ներկային եւ ապագային միջեւ: Ազգային ինքնութիւնը թէ՛ անձնական եւ թէ հասարակական կայունութեան հիմք կը հանդիսանայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան