ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ
Մարդ տեւապէս վերանորոգման, վերակառուցման, հոգեւոր զարթօնքի, արթնութեան եւ յաճախ ապաշխարութեան պահանջքը ունի։ Այս բոլորը իրականացնելու համար, մարդ նախ եւ առաջ ինքզինք ճանչնայ՝ ինք իր մէջ պէտք է բացայայտուի եւ զարգացնէ Աստուածայինը։
Արարիչ եւ Նախախնամ Աստուած մարդը ստեղծեց Իր պատկերի նմանութեամբ եւ անոր մէջ արտաշնչեց Իր շունչը, կրակը, լոյսը եւ յոյսը։ Ասոնք մարդուն տրուած են որպէս Աստուածային շնորհներ, պարգեւներ, որպէսզի անոնց օգնութեամբ ան փառաբանէ զԱստուած, տնօրինէ եւ վայելէ ճշմարտութիւնը եւ ծառայէ մարդկութեան բարգաւաճման։ Բայց, յաճախ, մարդ իր մէջ կուտակելով մեղքը՝ կը մթագնէ եւ կը խափանէ Աստուածաշնորհ լոյսը, շունչը եւ կրակը։
Մարդ մեղքին հպատակելով եւ «Չար»էն առաջնորդուելով՝ իր Աստուածային կերպարի նմանութեան՝ ընտրութիւն կատարելու կարողութեան եւ ունակութեան, բանականութեան եւ մանաւանդ ազատ կամքին կը հակադրէ։ Մարդ, յաճախ այս շնորհներու օգտագործման մէջ կը թերանայ եւ այս պատճառով աւելի եւս կ՚աւելցնէ մեղքի ազդեցութիւնը իր հոգւոյն մէջ։ Եւ այնքան ատեն, որ չ՚անդրադառնար իր թերութեան եւ տկարութեան՝ հետզհետէ կ՚աւելնայ եւ կը բարդուի մեղքը իր մէջ։
Հոգեւոր արթնութիւնը, զարթօնքը, ապաշխարութիւնը, վերանորոգումը, վերակերտումը կ՚ենթարկուին մարդկային բնական շունչին։ Նաեւ՝ Աստուածային այլ պարգեւները եւ Սուրբ Հոգին կը միանան մարդուն հոգեւոր ամբողջութեան։ Մարդ ինքնաքննադատութեան, ինքնազննութեան, ինքնամաքրման միջոցով եւ Աստուածային շնորհքով կը մաքրուի եւ կը սրբագործէ իր ներաշխարհը։ Եւ այդ միջոցով հնարաւոր կը դարձուի՝ որ Աստուած գայ եւ բազմի մարդուն ներաշխարհին մէջ։ Եւ այս կերպով, մարդ երկրայինէն կը բարձրանայ երկնային։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եւ անոր նմաններ կը հաւատան, որ աներկմիտ եւ հաստատ յոյսով, ամենավստահ ակնկալութեամբ ո՛չ միայն հասնիլ քաւութեան, այլեւ տեսնել Աստուած եւ Անկէ ստանալ ողորմութիւն, գութ, Աստուածային Թագաւորութեան ժառանգութիւն եւ արժանանալ յաւիտենական կեանքին։ Ահաւասիկ, այս պատճառով իսկ Նարեկացին մարդը միշտ կը դիտէ Աստուածային ճշմարտութեան յարաբերութեան մէջ՝ հոգեղէնութեան բովանդակութեամբ։
Այս կերպով, ինչպէս արտաքին աշխարհի մէջ, այնպէս ալ մարդուն ներաշխարհին մէջ բացասականի կից առկայ է նաեւ դրական փրկութեան խոստումը եւ յոյսը։ Եւ այս աներկբայ յոյսն է, որ կ՚ապրեցնէ մարդը եւ տանելի կ՚ընէ աշխարհը, քաջութեամբ դիմաւորելու ամէն նեղութիւն։
Այս ուղղութեամբ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը պաշտպանէ այն գաղափարը՝ որ ընկերութեան մէջ «մեղք»ի արմատաւորումը, անհնազանդութեան եւ անօրէնութեան տարածումը շատ կը վտանգեն մարդոց բնական-սովորական կեանքը։
Այս իրադրութեան մէջ տխո՛ւր է Երախտաւորը. կը ցնծէ բանսարկուն, կը թախծէ հրեշտակները, կը կողոպտէ Արարչին մթերանոցը։ Եւ ահաւասիկ, այս իրավիճակին մէջ է, որ կը յայտնուի հոգեւոր զարթօնքի, հոգեւոր վերակառուցման, արթնութեան եւ ապաշխարութեան հրամայականը՝ եթէ մարդկութիւնը կը մտածէ մարդավայել եւ Աստուածահաճոյ կեանքով ապրելու մասին։ Այս կէտին՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի իր ընթերցողին կը ներկայացնէ դէպքեր՝ համոզելու համար, որ Աստուած մի՛շտ կը կատարէ Իր խոստումը եւ կը փոխէ մարդուն կեանքը եւ կ՚առաջնորդէ ճիշդ ճանապարհի վրայով։ Ան յատկապէս կը շեշտէ այն դէպքերը, երբ Յիսուս Քրիստոս մեղքերու թողութիւն եւ քաւութիւն կու տայ այնպիսի մարդոց՝ որոնք ընդհանուր կարծիքով յաւէտ կորսուած կը համարուէին։
Արդարեւ, մարդկային ընկերութեան փոփոխութիւնը կը սկսի մարդուն վերափոխմամբ։ Մինչեւ մարդը չփոխուի՝ անհնարին է կերտել նոր ընկերութիւն…
- Տքթ. Գէորգ Խրլոպեալ, Գրիգոր Նարեկացին հոգեւոր զարթօնքի եւ արթնութեան մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 13, 2025, Իսթանպուլ