ՍՈՒՏԸ՝ ՄԻՇՏ ՍՈ՛ՒՏ Է

Սա անվիճելի իրականութիւն մըն է, թէ արդիւնքը չ՚արդարացներ միջոցը։ Բայց ինչպէս ամէն պարագայի մէջ՝ այս ճշմարտութեան ալ չհաւանողներ եւ հակառակ կարծիք արտայայտողներ եղած են միշտ եւ այսօր ալ, անշուշտ, կը գտնուին մերժողներ այս սկզբունքը։

Սակայն ուղղամտութիւնը, անկեղծութիւնը՝ որոնք մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ անհրաժեշտ են լաւ եւ առողջ հաղորդակցութեան մը համար, կը պահանջեն յստակ ըլլալ եւ չծածկել ճշմարտութիւնը։ Անշուշտ, կրնան գտնուիլ բացառիկ պարագաներ՝ ուր խնդրոյ առարկայ է ընդհանուր ապահովութիւնը, գաղտնապահութիւնը անհրաժեշտ կ՚ըլլայ, բայց պէտք է զանազանել՝ գաղտնապահութիւնը եւ սուտը։ Երբեմն կ՚ըսեն, ժողովրդական սրամտութեամբ մը.- սուտ չեմ խօսիր, միայն ճշմարտութիւնը կը գաղտնեմ։ Վիճելի է այս արտայայտութիւնը, քանի որ ընդհանուր-հասարակական վտանգ մը եւ կամ անապահովութիւն մը եթէ գոյութիւն չունի՝ անհատական-անձնական խօսակցութիւններ պէտք է յստակ ըլլան, քանի որ մտերմութիւնը եւ անկեղծութիւնը ա՛յս կը պահանջեն։ Իսկ եթէ որեւէ ճշմարտութեան բացայայտումը ընդհանուր ապահովութեան վտանգ կը սպառնայ եւ հաւանական վնասի մը պատճառ պիտի ըլլայ, այն ժամանակ եւ պատրադրաբար կարելի է եւ ընդունելի գաղտնի պահել կարգ մը իրողութիւնները անշուշտ։ Ասկէ դուրս, մարդ պէտք է ուղղամտօրէն՝ յստակ եւ անկեղծ խօսի ճշմարտութեան մասին։ Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ամէն սուտ օր մը կը վերադառնայ որպէս «սո՛ւտ» ստախօսին եւ կերպով մը կը հարուածէ զայն։ Եւ իրաւ է, որ ոչ մէկ սուտ որպէս գաղտնիք չի մնար մինչեւ վերջ։ Եւ ճշմարտութիւնը միշտ կը յայտնուի՝ ուշ կամ կանուխ։

Ուրեմն, երբ կը խօսինք սուտի մասին, հոս կ՚արժէ յիշել պատմութիւն մը։ Կը պատմուի, թէ հայր մը իր փոքրիկ տղան պատուաստելու պիտի տանի։ Բայց որպէսզի տղան չխրտչի նախապէս, անոր կ՚ըսէ, որ զբօսավայր մը պիտի տանի զայն։ Տղան ուրախ, կը հետեւի հօրը։ Բայց երբ կը հասնին բուժարան՝ ուր պիտի պատուաստուի տղան, պահ մը կը շուարի եւ յետոյ երբ կը պատուաստուի եւ շիճուկը կը ներարկուի՝ ցաւ կը զգայ եւ կը սկսի լալ եւ հօրը կը բացագանչէ.- Հայրի՜կ, հայրիկս, ինչո՞ւ խաբեցիր զիս…

Հայրը կը հանդարտեցնէ տղան եւ մեղմ ձայնով կ՚ըսէ.- Տղաս, եթէ ըսէի որ քեզ պատուաստելու կը տանիմ, նախապէս ցաւ պիտի զգայիր, քեզ շատ կը սիրեմ, չուզեցի որ քեզ կէս ժամ առաջ ցաւին ազդեցութեան ենթարկեմ։ Կեանքի մէջ երբեմն «վարդագոյն սուտեր» կ՚ըսուի, մի՛ նեղուիր։

Եւ տղան կը տպաւորուի այս «պատուէր»ով եւ երբեք չի մոռնար ասիկա։

Տարիներ կ՚անցնին, տղան՝ երիտասարդ մը այլեւս, համալսարան կը յաճախէ։ Հայրը շատ ուրախ է, հպարտ է իր տղուն նկատմամբ։

Եւ կ՚անցնին տարիներ եւս, եւ կարգը կու գայ շրջանաւարտութեան, հայրը տղուն վկայականին կը սպասէ բնականաբար, բայց ափսոս, տղան տակաւին չէ արժանացած վկայականի։ Տակաւին առաջին դասարանի քննութիւնները չէ յաջողած, եւ հայրը երբ կը լսէ ասիկա, կը տրտմի, յուսախաբ՝ կ՚ըսէ տղուն.- Տղա՛ս, ասիկա ինչո՞ւ առաջուց չըսիր, տղան կ՚ըսէ. ամբողջ չորս տարի պիտի տրտմէիր, բայց ահա հիմա մէկ անգամ տրտմեցար։ Ատոր համար առաջուց չյայտնեցի կացութիւնը։ Արդարեւ, երբեմն պէտք է «վարդագոյն սուտեր» խօսիլ. քեզ շա՛տ կը սիրեմ հայրիկ։

Այստեղ կը վերջանայ պատմուածքը, սիրելի՜ներ։ Անկեղծ ըլլալու եւ սուտ խօսած չըլլալուս՝ պէտք է նշեմ, որ այս պատմուածքը իրակա՞ն դէպք մըն է, թէ՝ մտացածին, չեմ գիտեր։ Բայց սա յստա՛կ է, որ շատ դասեր քաղելու ատակ պատմուածք մըն է, ուր՝ սուտին ի վերջոյ ստախօսին դառնալու անխուսափելի կարելիութիւնը ցոյց կու տայ։

Արդարեւ, կարելի՞ է ընդունիլ «վարդագոյն սուտեր»ու ներկայութիւնը մեր կեանքերու մէջ։ Մանաւանդ քրիստոնեային կեանքին մէջ, երբ Քրիստոս կ՚ըսէ.- Ձեր այոն այո՛, ոչը ո՛չ պէտք է ըլլայ։ Որքա՞ն ճիշդ կ՚ըլլայ վերապահութեամբ, «կէս բերան» այո՛ ըսել կամ՝ ո՛չ։ Եւ որքա՞ն ուղղամտութեան հետ կարելի է պատշաճեցնել այն մտածողութիւնը՝ որ կ՚ըսէ. նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը։ Արդիւնք մը՝ որ անարդար եւ անիրաւ միջոցներով ձեռք բերուած է, որքա՞ն արդար եւ իրաւացի կրնայ ըլլալ։ Կեղտոտ պնակի մը մէջէն աղտոտ դգալով եւ ճաշասեղանի սպասնելով կարելի՞ է մաքուր ճաշ հրամցնել՝ որքան ալ համեղ եւ ախորժահամ ալ ըլլայ ան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 14, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 15, 2026