ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ապաշխարութիւնը խորհուրդ մըն է. անոնք որոնք կը մօտենան Ապաշխարութեան խորհուրդին, Աստուծոյ դէմ գործած իրենց վիրաւորանքին՝ որով վշտացուցած են զԱյն, Աստուծոյ ողորմութենէն կ՚ընդունին ներումը եւ միաժամանակ կը հաշտուին իրենց մեղքով վիրաւորած Եկեղեցւոյ հետ, որ մարդասիրութեամբ, բարի օրինակով եւ աղօթքներով, ողորմութեամբ եւ պահքով կը սատարէ իրենց դարձին։
Ապաշխարութիւնը, արդարեւ «Դարձի սուրբ խորհուրդ» կոչուած է, քանի որ խորհրդենապէս կ՚իրագործէ՝ Յիսուսի դարձի կոչը, ինչպէս նաեւ մեր վերադարձը դէպի Հայրը. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 18), որմէ հեռացանք մեղքին պատճառով։
Մեծ պահքի շրջանը առիթ մըն է ապաշխարութեան՝ դարձի մեր մեղքերէն։
Ան կոչուած է «Ապաշխարութեան խորհուրդ», քանի որ մեղաւոր քրիստոնեային դարձի, զղջումի եւ հատուցումի անհատական եւ հաւաքական՝ եկեղեցական նախաքայլը կը նուիրականացնէ։
Կոչուած է «Խոստովանանքի խորհուրդ», քանի որ քահանային առջեւ մեղքերուն խոստովանութիւնը այս խորհուրդին էական մէկ տարրն է։ Բայց, անհրաժեշտ է, որ անկեղծ ըլլայ խոստովանութիւնը։ Խորացուած իմաստով, այս խորհուրդն է նաեւ «դաւանութիւն»ը, ճանաչումը, հաւատարմութիւնը, վստահութիւնը եւ գովաբանութիւնը եւ փառաբանութիւնը Աստուծոյ սրբութեան եւ ողորմութեան հանդէպ մեղաւոր եւ անհաւատարիմ մարդուն։
Ան կոչուած է նաեւ «Ներումի խորհուրդ», քանի որ քահանային խորհրդենական արձակումով՝ Աստուած ապաշխարողին «ներում եւ խաղաղութիւն» կը շնորհէ։
Եւ կոչուած է նաեւ «Հաշտութեան խորհուրդ», որովհետեւ կու տայ մեղաւորին Աստուծոյ հաշտարար եւ փրկարար սէրը. «Աստուծոյ հետ հաշտութիւն ըրէք». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 20)։ Ան որ Աստուծոյ գթառատ սէրը կ՚ապրի, պատրաստ է ընդառաջելու Տիրոջ կոչին. «Գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ». (ՄԱՏԹ. Ե 24)։
Արդարեւ, Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ. «Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք եւ դուն Բրուտն ես։ Ամէնքս Քու ձեռքիդ գործն ենք». (ԵՍ. ԿԴ 8)։ Եւ մարգարէին այս խօսքը մեր բոլորին հոգիներուն մէջ արձանագրուած եւ քանդակուած է, քանի որ մենք կը պատկանինք Աստուծոյ եւ պէտք չէ, որ զԱյն վշտացնենք եւ անհաշտ ըլլանք Իրեն հետ եւ, անշուշտ, մեր նմաններուն հետ։ Եւ մեր ամէն մէկուն մարմինը տաճարներ են, ինչ որ Աստուած կերտած է՝ Աստուծոյ ձեռագործներն են։ Այս պատճառով, պէտք է յաճախ անդրադառնանք մեր մեղքերուն՝ խոստովանինք եւ ապաշխարենք։ Եւ Մեծ պահքը, ահաւասիկ, առիթ մըն է Աստուծոյ հետ հաշտուելու, քանի որ Մեծ պահքը լոյսի ճամբայ մըն է՝ դէպի մեծ ուրախութիւն՝ Յարութիւն։
Արդարեւ, Եսայի մարգարէի վերոյիշեալ խօսքերը խոստովանանք են, անդրադառնալու համար մեր ներաշխարհին՝ մեր ներքին «մարդ»ուն։ Եւ Եկեղեցին մեզ Աստուծոյ կապող կամուրջ մըն է, որ մեզ կը հաշտեցնէ Իրեն հետ։ Եւ մանաւանդ այս իմաստով, Եկեղեցին յոյսի եւ լոյսի աղբիւր մըն է՝ որուն պէտք է անդրադառնանք՝ մա՛նաւանդ Մեծ պահքի այս շրջանին։ Ուրեմն, այս շրջանը ո՛չ թէ խաւարի, այլ լոյսի շրջան մըն է, եւ ո՛չ թէ տրտմութեան, այլ՝ ուրախութեան շրջան, քանի որ այս շրջանին է, որ մենք զմեզ կը գտնենք, կը նորոգուինք եւ կը սրբուինք։
«Դուք մաքրուած, սրբուած եւ արդարացած էք Յիսուս Քրիստոսի եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին շնորհքներով», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 11)։ Ուստի, հա՛րկ է գիտակցիլ քրիստոնեայ նախապատրաստումին սուրբ խորհուրդներուն միջոցով մեզի տրուած Աստուծոյ պարգեւին մեծութեան, ըմբռնելու համար, թէ մեղքը ի՛նչ աստիճանի մերժելի բան մըն է այն անձին համար, որ «զգեցած է Քրիստոսը». (ԳԱՂ. Գ 27)։
Յովհաննէս առաքեալը կ՚ըսէ նաեւ. «Եթէ ըսենք, թէ մենք մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ չկայ ճշմարտութիւն». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 8)։ Ինքն Տէրը եւս մեզի սորվեցուց այսպէս աղօթել. «Ներէ՛ մեզի մեր յանցանքները…». (ՂՈՒԿ. ԺԱ 4), մեր յանցանքներուն փոխադարձ ներումը նախապայման դնելով այն ներումին, զոր Աստուած պիտի շնորհէ մեր մեղքերուն։ Մեր հոգեփոխումը դէպի Քրիստոս, նոր ծնունդը Մկրտութեամբ, պարգեւը Ս. Հոգիին, իբրեւ սնունդ ընդունուած Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը մեզ դարձուցին «Սուրբ եւ անարատ Իր առջեւ». (ԵՓՍ. Ա 4), ինչպէս որ Քրիստոսի հարսը՝ Եկեղեցին եւս «սուրբ է եւ անարատ Անոր առջեւ». (ԵՓՍ. Ե 27)։
Յիսուս մարդը կը կանչէ դարձի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 14, 2025, Իսթանպուլ