ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ
Պատմութեան մէջ իսրայէլացիներու նահապետներ վրանաբնակ էին։ Վրանը ջրհեղեղէն առաջ հնարուեցաւ. (ԾՆՆԴ. Դ 20), եւ ի բնէ շատ յարմար էր հովուական կեանքին։ Անապատին մէջ իբրեւ Աստուծոյ սրբարան շինուած խորանը (վրայ, տաղաւոր) ունէր խոյի մորթէ ծածկոց մը. (ԵԼՔ. ԻԶ 14), բայց Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած վրաններէն շատերուն ծածկոցները այծի մազէ էին՝ զոր կիներ կը մանէին եւ կը հիւսէին, ուստի եւ գոյնով սեւ էին. (ԵՐԳ. Ա 5)։
Միայն զուարճութեան համար կամ ճամբորդութեան ժամանակ կը գործածուէին քթանէ վրաններ։
Առաջին վրանները հաւանաբար, Արաբիոյ մէջ տեսնուած վրաններուն նման, երկայնաձիգ էին ութը կամ տասը ոտք բարձրութեամբ։ Երեւելի անձ մը կ՚ունենար երբեմն երեք կամ չորս վրան. մին՝ իր անձին, միւսը՝ իր կիներուն, եւ մնացեալ երկուքը՝ ծառաներու եւ օտարականներու համար. (ԾՆՆԴ. ԻԴ 67). բայց ընդհանրապէս մեծ եւ երկայնաձիգ վրանը կը բաժնուէր վարագոյրներով երկու կամ երեք մասի։ Այսպէս բաժնուած էր Վկայութեան Խորանը. (ԵԼՔ. ԻԶ 31-37)։
Յակոբ իրեն համար տուն շինեց եւ իր անասուններուն համար՝ փարախ. (ԾՆՆԴ. ԼԳ 17), նաեւ կը գտնենք, թէ այգիներու մէջ խրճիթ կամ հիւղ կը շինուէր պահապաններուն պաշտպանութեան համար. (ՅՈԲ. ԻԷ 18), (ԵՍ. Ա 8)։ Ասոնք, վրանի եւ տան նայելով, երկուքին մէջտեղ միջին շէնքեր էին։
Հաւանական է, թէ իսրայէլացիներ տեսած էին Եգիպտոսի մէջ գեղեցիկ տուներ. բայց երբ եկան Պաղեստին, նախապէս բնակեցան իրենց նախորդներուն, այսինքն՝ այն երկրին բնիկներուն, տուները, յետոյ իրենք շինեցին տուներ, եւ շատ հաւանական, է թէ հրեաներու թագաւորներու ժամանակ ճարտարապետական արուեստը ունեցաւ բաւական յառաջդիմութիւն եւ զարգացում։
Սողոմոնի պալատը՝ որ շինուեցաւ Փիւնիկեցիներու օգնութեամբ՝ յայտնապէս կը ցուցնէ այս յառաջդիմութիւնը։ Երեմիա (ԵՐՄ. ԻԲ 14) կը նկարագրէ իր ժամանակի շէնքերուն շքեղութիւնը։ Աղքատներու տուները կը շինուէին ընդհանրապէս հողով կամ շաղախով, ուստի եւ պատերը դիւրաւ ճաթռտելով կը փլչէին, եւ այսպէս շատ յարմար պատկեր էին մարդկային անհաստատ կեանքերու. (ՅՈԲ. ԻԴ 16), (ԵԶԵԿ. ԺԲ 5), (ՄԱՏԹ. Զ 19)։ Հարուստներուն տուները աւելի հաստատուն էին։ Ասոնք կը շինուէին ընդհանրապէս քառակուսի ձեւով, որուն մէկ երեսը փողոցին վրայ ըլլալով՝ վարէն ունէր դուռ մը, իսկ վերէն մէկ կամ երկու փոքրիկ պատուհան։
Դուռնէն մտնողը կու գար գաւիթ մը՝ որուն մէկ կողմը գտնուած ուրիշ դռնէ մը կը մտնէր սպասաւորին կամ դռնապանին խուցը, անկէ ալ՝ վրան բաց քառակուսի բակ մը։ Այս բակին բոլորտիքը գետնի վրայ կարգաւ սրահ էր պատերուն քովէն, եւ սրահին վրայ նոյն ընդարձակութեամբ նեղ եւ երկար ճեմելիք։ Դռնապանին խուցին դէմ, բակին միւս ծայրը, հիւրանոց էր՝ ուր տանուտէրը կ՚ընդունէր այցելուները եւ երբեմն նաեւ անոր գործի սենեակ էր։ Տանիքը տափարակ էր եւ բակին վրայ նայող եզերքը խաղխամեայ վանդակապատ (=գաֆէսլի փարմագլըգ). իսկ դուրսի, այսինքն՝ փողոցին կողմի եզերքներուն վրայ կար ատամնաձեւ պատ։
Տուներու եւ շէնքին ամէն դստիկոնին (=յարկ, վերնայարկ) սանդուխները ընդհանրապէս կը շինուէին բակին մէջ դրան կից անկիւն մը, այնպէս որ ամէն այցելու, առանց վարի յարկին սենեակներէն անցնելու, կրնար ելլել վերի սենեակները եւ տանիքը։
Մարդիկ տանիքի վրայ կը պառկէին ամառը, տան այս մասը կը գործածուէր գրեթէ միշտ իբրեւ աղօթքի, սուգի եւ հանգստեան տեղ։ Տաղաւարահարաց տօնին (=եկեղեցական մեծ տօն) ժամանակ՝ սովորութիւն էր վրաններ կանգնել տաներու վրայ։ Հանդէսներու եւ հրապարակական խնջոյքներու ժամանակ հիւրերը շատ անգամ կը ժողվուէին վարի քառակուսի բակը, որուն վրայ երբեմն ծածկոյթ կ՚ըլլար։
Տուներուն դուռները ընդհանրապէս երկփեղկ էին, առանցքներու վրայ կը դառնային, եւ որպէսզի գոցուելէ ետք դուրսէն մարդ կարող չըլլար բանալ, դրան ետեւ ձողեր դնելով զայն կ՚ամրացնէին. (Բ ՕՐ. Գ 5)։ Հին ժամանակի դռնափակները կամ աղխերը, այսինքն՝ դուռները կղպող գործիքները փայտէ էին եւ ատամնաւոր կամ ճանկաւոր նիգ մը մէկդի կամ միւսդի սահեցնելով՝ դուռը կը կղպուէր եւ կը բացուէր. (ԴԱՏ. ԺԶ 3), (ԵՍ. ԽԵ 2), (ԵՐԳ. Ե 5)։
Ինչպէս քաղաքներու, նոյնպէս տուներու դուռներուն վրայ, Օրէնքէն խօսք մը կամ հատուած մը կը գրուէր իբրեւ վերնագիր։
Պատուհանները առանց ապակիի՝ վանդակապատ էին՝ ձմեռը բարակ վարագոյրով կամ փեղկերով կը գոցուէին, թողլով միայն ծակ մը՝ ուրկէ լոյս կ՚առնուէր. (Գ ԹԱԳ. Է 4-5), (ԵՐԳ. Բ 9), (ՈՎՍ. ԺԳ 3) համարին մէջ ծխնելոյզ յիշուած է, բայց աւելի հին ժամանակներ տուներ ծխնելոյզ չունէին, միայն տեղ տեղ բացուած էին ծակեր, ուրկէ ծուխը դուրս կ՚ելլէր։ Մեծամեծներու տուներուն սենեակները տաքցնելու համար, արեւելեան սովորութեան համեմատ, կրակարան կը գործածուէր եւ ածուխ կը վառուէր. (ԵՐԵՄ. ԼԶ 22)։
Տուներու կահ կարասին միշտ քիչ եւ մանր էր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 14, 2025, Իսթանպուլ