ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Ինքնասպանութեան մէջ յատուկ բաժին ունի գաղափարի համար կատարուած ինքնասպանութիւնները. կեանքը զոհաբերել համոզումի եւ գաղափարի համար խոր գիտակցութիւն եւ ուժ կը պահանջէ. օրինակի համար, Սոկրատես իր միտքերուն եւ գաղափարներուն համար մահուան կը դատապարտուի, գուցէ իր համոզումներէն հրաժարելով կրնար ազատիլ մահապատիժէն, սակայն, կը նախընտրէ իր հաւատացած ճշմարտութեան համար զոհուիլ՝ քան ուրանալ զանոնք ու ապրիլ: Մարդիկ միշտ հաւատացած են, որ գաղափարի մը համար զոհուիլը այդ գաղափարը չ՚ոչնչացներ, այլ աւելիով կը զօրացնէ։
Գաղափարի եւ համոզումի համար ինքնասպանութիւնը ունի իրեն յատուկ անունը՝ «Altruistic». Անուն, որ ֆրանսացի գրող եւ հոգեբան Էմիլ Տուրխէյմ գործածած է իր 1897 թուականին հրատարակած գիրքին մէջ: Գաղափարի համար կատարուած ինքնասպանութիւնները (թէեւ մեծ մասամբ ակամայ) կը տեսնենք հին որոշ օրէնքներու մէջ. օրինակի համար, հին ժամանակ որոշ մշակոյթներու մէջ երբ ամուսինը մահանար, կինը որպէս սիրոյ արտայայտութիւն պարտէր իր կեանքը զոհել իր ամուսնոյն գերեզմանին վրայ՝ անդենականին մէջ անոր հետ նոր կեանքի մը սկսելու հաւատալիքով։ Այս մէկը ո՛չ թէ անձերու անձնական որոշումն էր, այլ հասարակութեան ակնկալութիւնն էր եւ շատ մը պարագաներու կինը կրնար դիտուիլ որպէս դաւաճան եւ հետեւաբար սիրոյ գաղափարին համար պէտք էր զոհուէր. հաւատացէք, որ անցեալին այս համոզումով ինքնասպանութիւն գործողներու թիւը այնքան ալ քիչ չէ եղած: Օրինակի համար, 1821 թուականին Հնդկաստանի մէջ մէկ տարուան ընթացքին աւելի քան 2300 կին իր ամուսնոյն սիրոյն համար ինքնասպան եղաւ: Այսպէս, շատ անգամ սպասելիքները կրնան մարդոց մահուան պատճառ դառնալ:
Բացատրենք. օրինակի համար, մահմետական կրօնի մէջ նահատակուիլը սրբանալու չափ կարեւորութիւն ունի. այո, ամէն մարդ կ՚ուզէ ապրիլ եւ կը խուսափի մահէն, սակայն շատ անգամ կրօնական այս գիտելիքները այնքան խոր ազդեցութիւն կը գործեն մարդու վրայ, որ նահատակուիլը շատ աւելի պատուաբեր կը սկսի երեւիլ՝ քան ապրիլը։ Շատեր պատերազմի կը մասնակցին յաղթական դուրս գալու համար, իսկ ուրիշներ կը հետապնդեն նահատակութեան այդ փառքը՝ որ զիրենք երկինքի արքայութեան արժանի պիտի դարձնէ։ Նման դէպ արձանագրուած է Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին. Ճաբոն իր օդաչուներուն այնքան լաւ ձեւով յաջողած է բացատրել նահատակութեան եւ ազգին համար կեանք զոհելու կարեւորութիւնը, որ անոնք գործած են այնպիսի «քաջագործութիւն»ներ, որոնց աւարտը եղած է միշտ մահն ու նահատակութիւնը. Ճաբոն յաջողած է անոնց մէջ ծայրայեղութեան հասցնել երկրին եւ կայսրին հանդէպ սիրոյ եւ հաւատարմութեան իմաստը:
Տարբեր չէ պարագան քրիստոնէութեան սկզբնական շրջանին իրենց հաւատքին համար նահատակուած քրիստոնեաներուն վիճակը. անոնք կը հաւատային, որ իրենց նահատակութիւնը Աստուծոյ կամքն է եւ հետեւաբար սիրով դէպի մահ կ՚առաջնորդուէին: Պատմութեան մէջ յայտնի է 73 թուականին խումբ մը հրեաներու խմբային ինքնասպանութիւնը՝ որովհետեւ աւելի պատուաբեր էր իրենց համար մահանալ՝ քան Հռոմէական կայսրութեան լուծին տակ յայտնուիլ:
Մարդիկ յաճախ գաղափարի մը համար սեփականը կը զոհեն, որովհետեւ այնքան կը կապուին գաղափարին, որ կը սկսի գաղափարի գոյութիւնը շատ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր ըլլալ քան սեփական գոյութիւնը։ Եթէ միայն նկատի ունենաք անցնող երկու հազար տարիները, պիտի տեսնենք, որ բազմաթի՜ւ անձեր «փրկութեան» անուան տակ վերջ տուած են իրենց կեանքին. լաւ օրինակ մըն է 1978 թուականին Ափրիկէի մէջ բազմաթի՜ւ անհատներ ազդուելով քարոզիչի մը «մահը փրկութիւն է» քարոզէն՝ վերջ տուին իրենց կեանքին. այդ քարոզչութեան զոհ գացին աւելի քան 300 երեխայ. դէպք՝ որ մինչեւ օրս կը յիշուի որպէս մարդկային պատմութեան ամենէն մեծ հաւաքական ինքնասպանութեան դէպքը:
Իրականութեան մէջ կարեւոր բան է գաղափարի մը հաւատալ ու անոր կառչած մնալը. եթէ վախը, մահը կամ վտանգը այդ գաղափարը կրնայ փոխել՝ ապա կրնանք ընդունիլ, որ նման գաղափարի մը պաշտպան կամ տէր բնաւ չէ եղած անհատը։ Պէտք է գաղափարին կառչած մնալ, սակայն, միւս կողմէ, պէտք է քննել գաղափարը եւ որոշել, թէ արդեօք այդ մէկը աւելին կ՚արժէ՞ քան կեանքը. օրինակի համար, իրենց հաւատքին համար զոհուած անձեր այսպէս կամ այնպէս գնահատուած են, որովհետեւ կատարեալ հաւատք ունեցած են եւ նոյնիսկ նախընտրած են իրենց կեանքը զոհաբերել. սկզբունքի տէր ըլլալը կարեւոր է: Այս բոլորը միտքէն եւ համոզումէն աւելի կը պարզեն հոգեբանական որոշ երեւոյթներ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ ուսումնասիրողներու ուշադրութեան կեդրոնին:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երիտասարդ կոչուելու համար պէտք է երիտասարդ ըլլալ հոգիով, զգացումներով, ֆիզիքական կազմով եւ մանաւանդ՝ իտէալի մը շողարձակումով: Պէտք է պատմութիւն ունենալ իր ետեւը եւ նոր պատմութիւն ստեղծելու սրբազան ցանկութիւն մը՝ իր աչքերուն առջեւ: Իտէա՜լն է միայն որ կ՚ապրեցնէ երիտասարդութիւնը: Քսան տարեկան ըլլալը բան չի նշանակեր՝ երբ հոգիով պարպուած, զգացումներով բթացած, ֆիզիքապէս քայքայուած է այդ երիտասարդը:
ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան