ՈԽԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Մարդուն մէջ կան զանազան զգացումներ՝ որոնք զօրաւոր, որոնք բաղդատաբար տկար։ Զօրաւորներուն կարգին սէրը անվիճելիօրէն առաջնակարգն է, բայց անոր կը յաջորդէ երկրորդ մը՝ բոլորովին հակադիր սիրոյ զգացումին։ Բայց զարմանալին այն է, որ երբեմն սիրոյ զգացումը կը փոխակերպուի այս երկրորդին, որուն ուժգնութիւնը եւ տեւականութիւնը կը գերազանցէ սիրոյ զօրաւոր զգացումը։ Եւ այս սիրոյ բոլորովին հակառակ՝ հակադիր զգացումը ոխակալութեան զգացումն է։

Ինչպէս բարիին այլասերած վիճակը չա՛րն է, նոյնպէս ալ սիրոյ վատասերած վիճակը ոխն է։ Եւ մարդ միշտ կ՚ապրի այս հակադիր զգացումներով։ Սիրոյ այլակերպութիւնը կարելի է կոչել այս վիճակը նոյնիսկ, երբ մնայուն կայք հաստատելով մարդու հոգիին մէջ, անիկա շուտով արմատ կը նետէ այնտեղ եւ կը ճիւղաւորուի, տխուր ծաղիկներով կը ծաղկի նոյնիսկ ձմրան, եւ ապա՝ որեւէ պահու կարելի է վատ բերքահաւաք կատարել, առանց սպասելու ամրան։ (Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան՝ «Սպեղանի հոգւոյ», Թաւրիզ, 2013 գիրքէն՝ «Սէրէն աւելի հզօր» յօդուածը)։

«Չար»ին՝ Սատանային զօրութիւնը անսահման չէ՛։

Ան սոսկ արարած մըն է. հզօր՝ որովհետեւ զուտ հոգի է, սակայն կը մնայ սոսկ արարած մը ան եւ չի՛ կրնար խափանել Աստուծոյ ամենազօրաւորութիւնը, ամենակարողութիւնը եւ Անոր թագաւորութեան կերտումը։ Թէպէտ սատանան աշխարհի վրայ ատելութեամբ կը գործէ Աստուծոյ եւ Անոր Արքայութեան դէմ Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ ոխի զգացումը կը սերմանէ։

Թէպէտ «Չար»ին գործը իւրաքանչիւր անհատին եւ ընկերութեան՝ ըլլա՛յ հոգեւոր, ըլլա՛յ նաեւ անուղղակի ֆիզիքական մեծ վնասներ կը հասցնէ, այս չար արարքը սակայն թոյլատուրած է աստուածային նախախնամութեան կողմէ, որ հզօրապէս եւ քաղցրութեամբ կը վարէ մարդուն եւ աշխարհին պատմութիւնը։

Կիրքերը բազմաթիւ են։ Ամենէն հիմնական կիրքը սէ՛րն է, ինչպէս ըսինք, որ կը գրգռուի եւ կը դրդուի բարիին հմայքէն։ Սէրը կը պատճառէ բացակայ բարիին բաղձանքը եւ զայն ստանալու յոյսը։ Այս շարժումը վերջ կը գտնէ ձեռք ձգուած բարիին հաճոյքով կամ ուրախութեամբ։ Չարին անդոհը ատելութիւն, խորշանք եւ ոխ կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրուող բարկութեամբ եւ անոր յաջորդող ոխակալութեամբ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ, թէ՝ «Սիրել, մէկուն բարիքը ուզել է», իսկ ոխակալութիւնը՝ մէկուն չարիքը։ Եւ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Կիրքերը գէշ են եթէ սէրը գէշ է, բարի են, եթէ սէրը բարի է»։ Եւ այս ալ կը նշանակէ, թէ ամէն զգացումները՝ կիրքերը կը բխին սէրէն, քանի որ գլխաւոր, սկզբնական կիրքը, զգացումները հիմք ունին սէրը։

Բայց, դժբախտաբար մարդկային կեանքի մէջ անպակաս է ոխակալութիւնը, մինչդեռ աստուածային սէրը անփոփոխ եւ անպայմանական սէրն է՝ անշահախնդիր սէր։ Իսկ մարդը՝ վախնալով իր ոսոխը՝ չարը դիմակալելէ, կը յանձնուի չարին եւ գերին կը դառնայ իր «ԵՍ»ին, որուն ամենազօրաւոր զէնքերն են՝ ատելութիւն եւ ոխակալութիւն։ Ուստի, ոխին զօրութեան եւ անջնջելիութեան յաւերժական պատմագիրը թշնամութիւնն է։ Ան նոյնիսկ ամենէն մտերիմ, սրտակից բարեկամներու միջեւ սերմանուելով, կրնայ զանոնք դարձնել աններող ոսոխներ, հակառակորդներ։

Այս ծուղակին մէջ կը բռնուին առհասարակ տգէտ եւ կիսով չափ ընտանեկան դաստիարակութիւն ստացած մարդիկ եւ մանաւանդ կոյր եւ միայն անուանեալ հաւատացեալներ։ Ոխակալը չի՛ խնայեր նոյնիսկ իր զաւակներուն, եւ իր ստացած տգիտութիւնը, իբրեւ տոհմային աւանդ կը փոխանցէ անոնց եւ հազիւ թոթովող մանուկներուն բիւրեղ հոգիներուն մէջ ոխակալութիւն կը սերմանէ։ Ահա թէ որքա՛ն զօրաւոր է ոխը, եւ թէ սիրոյ ուժը ինչքան աւելի տկար եւ թոյլ կը մնայ ոխի ուժին դիմաց։ (Գրիգոր Ծայրագոյն Վարդապետ Չիֆթճեան, նոյն)։

Լոյսի մէջ խաւար չկա՛յ։

«Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք, քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ, եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ». (Բ. ԿՈՐՆԹ. Զ 14-15)։ (Բելիար=ստանայ)։ Առաքեալին խօսքին հետեւելով՝ սէրը ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի ատելութեան, ոխակալութեան հետ։ Բայց աշխարհի իրականութիւնն է ասիկա, այնքան ատեն որ մարդ պիտի չկարենայ տիրապետել իր «ԵՍ»ին, այնքան ատեն որ մարդ գերին պիտի ըլլայ իր յաւակնոտ՝ ինքնահաւան, եսամոլ, մեծամիտ անձնաւորութեան, այնքան ատեն որ ան պիտի ըսէ «Ե՛Ս», ատելութիւն եւ ոխակալութիւն պիտի չպակսի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 15, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 16, 2025