ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
Ապրահամ Լինքըն իր երկրորդ նախադասութեան վերջաւորութեան կ՚ըսէ, թէ դպրոցը կրնայ իր զաւակը «տանիլ ցամաքամասերէն այն կողմ»: Ցամաքամասէն այն կողմ արտայայտութիւնը իրականութեան մէջ կարելի է բացատրել թէ՛ բառացի եւ թէ վերացական ձեւով: Նախ խօսինք երկրորդ բաժնին մասին. դպրոցը մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ անցնիլ սահմանները եւ մտածել շատ աւելի հեռուն. կը սկսի մտածել որոշ երեւոյթներու, սկզբունքներու եւ արժէքներու մասին, որ մինչ այդ մանուկը երբեւէ գիտակցած չէր: Այդ արժէքները մանուկին պիտի տան հոգեկան եւ մտային աճ, միտքի սահմաններու ընդլայնում, աշխարհահայեացքի փոփոխութիւն, ինքնութեան ձեւաւորում եւ պիտի կերտեն իր նկարագիրը: Այդ բացայայտումները՝ «ցամաքամասերէն» այն կողմ անցնիլ, որովհետեւ հոն աշակերտը պիտի յայտնաբերէ իր նոր ԵՍ-ը՝ որ մինչ այդ անծանօթ էր իրեն: Դպրոցը պատճառ պիտի ըլլայ, որ մանուկը չմնայ այն՝ ինչ էր առաջին օրը, որ մուտք գործեց դպրոց: Աշակերտը իր ներքին սահմանները անցնելով պիտի դառնայ նոր մարդ, նոր մտածելակերպով:
Դպրոցը աշակերտին պիտի սորվեցնէ որոշում կայացնել եւ մարդու պարագային փոքր որոշում մը նոյնիսկ կրնայ դառնալ հոգեւոր եւ մտաւոր մեծ սկիզբ մը. իւրաքանչիւր որոշում, իւրաքանչիւր մտածում մարդը կը տանի դէպի նոր գաղափարներ, նոր հորիզոններ եւ մարդկային կեանքին տարբեր որակ մը կու տայ:
Մերօրեայ կրթութիւնը ո՛չ միայն որոշ աշխարհագրութեան, այլ ամբողջ աշխարհով մէկ տարածուած գիտութիւնն է, որ կը փոխանցէ աշակերտին։ Անոր խառնուածքը, կրթութիւնը, հետաքրքրութիւնները պատճառ կ՚ըլլան, որ ան թէ՛ մտապէս եւ թէ ինչու չէ օր մը մարմնապէս երթայ ցամաքամասերէն այն կողմ։ Դպրոցի մէջ կարողութիւններու մշակումն ու զարգացումները կրնան պատճառ ըլլալ, որ իր զաւակը մարմնապէս տարբեր երկիրներէ ու ցամաքամասերէ անցնի. այսօր մարդիկ իրենց ուսման պատճառով կը մեկնին Եւրոպայէն Ամերիկա, Ամերիկայէն Ասիա եւ այլ ցամաքամասեր:
Հետեւաբար, ուսուցիչին պարտականութիւններէն մէկն է անոր մէջ արթնցնել այդ սեփական սահմաններէն անդին մտածելու ունակութիւնը:
Ապրահամ Լինքըն շարունակելով իր նամակը կ՚ըսէ. «Արկածախնդրութիւն, որ հաւանաբար ներառէ պատերազմներ, ողբերգութիւններ եւ տխրութիւն»:
Այս տողը իրականութեան մէջ մեզի մտածել կու տայ հետեւեալ ճշմարտութեան մասին. իւրաքանչիւր ոճրագործ, մարդասպան, իւրաքանչիւր ղեկավար՝ որ պատերազմներ կը յայտարարէ, իրականութեան մէջ օր մը եղած են աշակերտներ...: Իրականութեան մէջ աշակերտները լոկ որպէս մանուկներ ու պատանիներ պէտք չէ նկատել։ Իւրաքանչիւր մանուկ՝ որ այսօր գրասեղաններու ետին կը գտնուի, կրնայ դառնալ վաղուան ղեկավարը, ստեղծագործը, մտաւորականը եւ կամ ոճրագործն ու չարագործը: Դպրոցի եւ տան մէջ անոնց ստացած դաստիարակութեան շնորհիւ է, որ անոնք պիտի ստանձնեն ապագան եւ ընդունինք թէ ոչ անոնք երբեք կատարեալ պիտի չըլլան։ Ինչպէս իւրաքանչիւր դարաշրջան, անոնցմէ շատեր պիտի դառնան բացասական երեւոյթներ ի գործ դնողներ: Դպրոցին մէջ կը ձեւաւորուի ապագայի արհեստաւորը, բժիշկը. այսօրուան լուռ աշակերտը կրնայ դառնալ վաղուան ճարտարախօս առաջնորդը: Այսօր նոյն դասարանէն կրնան դուրս գալ գող եւ ողորմած աշակերտ, մարդասպան ու մարդասէր աշակերտ եւ իրականութեան մէջ այս բոլորին մէջ տեղ մը մեղաւոր է նաեւ դպրոցը, որովհետեւ տարբեր արժէքներու տէր մարդիկ դուրս կու գան ո՛չ միայն իրենց ունեցած խառնուածքին պատճառով, այլեւ՝ արժէքներու անճիշդ դաստիարակութեան պատճառով։ Ուսուցիչէն շա՜տ բան կախեալ է այսօր. ուսուցիչն է՝ որ սիրել կու տայ, ուսուցիչն է՝ որ ատել կու տայ. ուսուցիչն է՝ որ կը քաջալերէ եւ նոյն ուսուցիչն է՝ որ իր մէկ խօսքով կրնայ խոր վէրք յառաջացնել: Այդ իսկ պատճառով կ՚ըսենք, որ աշխարհի ամենէն դժուար ասպարէզներէն մէկը ուսուցչութիւնն է, որովհետեւ անոնք այսօրով մարդոց ապագան կը կերտեն:
Միւս կողմէ, Ապրահամ Լինքըն լաւապէս կը գիտակցի, որ այդ արկածախնդրութիւնը՝ որու միջոց պիտի անցնին իր զաւակն ու անոր հասակակիցները, միշտ դրական ու վարդագոյն չէ: Այդտեղ անպայման կան դժուարութիւններ. դժուարութիւն դասերու իւրացման, քննութիւններու եւ գրաւորներու յանձնման, դժուարութիւններ հասակակիցներու միջեւ, հոգեկան ապրումներ եւ այլն: Հո՛ն է, որ առաջին անգամ աշակերտը հակառակ սեռի ներկայացուցիչի մը հանդէպ տարբեր զգացողութիւն պիտի ունենայ, սկիզբ առնէ սիրոյ հասկացողութիւնը: Իր զաւակն ու անոր հասակակիցները պիտի ունենան կորուստներ. մի՛շտ իրենց ուզածը պիտի չըլլայ, միշտ իրենց նախատեսած գնահատականը պիտի չստանան եւ հոն է, որ արդէն պիտի սորվին, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի պայքար մը, որ կամայ թէ ակամայ անոր մէջ են նաեւ իրենք: Հետեւաբար կ՚ուզէ, որ ուսուցիչը թէեւ նուրբ վարուի իր զաւակին հետ, սակայն, միւս կողմէ լաւապէս ունենայ այն ըմբռնումը, որ մանուկը պէտք չէ խաբել վարդագոյն երազներով, որովհետեւ միշտ չէ, որ ուրախութիւնը գոյութիւն է. մարդ պիտի ունենայ տխրութիւնը, ձախողութիւնը, որպէսզի յաջողութեան եւ ուրախութեան արժէքը աւելիով հասկնայ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է նիշի հասկացողութիւնը մանուկ աշակերտին համար:
Պատասխան. Նիշի հասկացողութիւնը մանուկ աշակերտին համար սովորաբար կապուած է գնահատման, արժէքի եւ յաջողութեան գաղափարներուն հետ: Աշակերտը նիշը կը տեսնէ որպէս իր աշխատանքին ու վարքագիծին արտացոլացումը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն իր «լաւ» կամ «վատ» ըլլալը ցոյց տալու միջոց մը: Այս հասկացողութիւնը կրնայ երբեմն բացասական ազդեցութիւն ունենալ, որովհետեւ մանուկը կրնայ սկսիլ իր ինքնագնահատականը կապել նիշերուն հետ՝ մոռնալով, որ սորվելու բուն նպատակը զարգանալն է եւ ոչ բարձր նիշ ապահովելը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան