ՍԻՄԷՈՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՐԵՒԱՆՑԻ
Շամախեցի Յակոբ Կաթողիկոսի (Յակոբ Ե. Շամախեցի. 1759-1763) վախճանումէն յետոյ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները ժողով գումարեցին կաթողիկոս ընտրելու համար. սակայն չկարողացան մէկը ընտրել, քանի որ առաջարկուողներուն բազմաթիւ ներկայութիւնը կը դժուարացնէր ընտրութիւնը. միայն հինգերորդ ժողովին ընտրեցին Սիմէոն Երեւանցի Եպիսկոպոսը՝ որ նոր դարձած էր իր նուիրակութենէն։ Ան իր օծումը ստացաւ 1763 թուականին՝ ապրիլի 20-ին եւ կաթողիկոս դառնալը պոլսեցիներուն յայտնելով՝ անոնց հաւանութիւնն ալ ստացաւ։ Արդարեւ, Սիմէոն Կաթողիկոս (Սիմէոն Ա. Երեւանցի. 1763-1780) մօտէն ծանօթ էր հայ ժողովուրդի բոլոր պէտքերուն, ան սարկաւագ ժամանակէն շըրջած էր Հնդկաստան, Պարսկաստան եւ իբրեւ նուիրակ երկար տարիներ ապրած էր Թուրքիա։ Ուսումնասէր անձ ըլլալով՝ ան իր վարդապետութեան ժամանակ արդէն յօրինած էր իմաստասիրական գործեր (Լուծմունք Պորփիւրի, Արիստոտէլի, Դաւթի, Պրոկղի), երկհատոր քարոզգիրք եւ հայ տոմարի պարզաբանութիւն։ Ահա կեանքի փորձառութեամբ եւ մտաւոր զարգացմամբ օժտուած այս եկեղեցականը կաթողիկոս դառնալով՝ աշխատեցաւ բարեկարգել եւ ապահովել Հայ Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռը լուսաւորութեան կեդրոն դարձնել, կապել անոր հետ ամէն տեղ ցրուած հայերուն եւ կեդրոնական Հայրապետական իշխանութեան դիրքը բարձրացնել։
Այսպիսի ձգտումով մը. Սիմէոն Կաթողիկոս իր իշխանութեան սկիզբներուն կամեցաւ Պոլսոյ մէջ «կաթողիկոսական փոխանորդութիւն» հաստատել եւ 1764 թուականի յուլիսին այս մտադրութեամբ Պոլիս նամակներ գրեց։ Սակայն Սիմէոն Կաթողիկոսի այս առաջարկութիւնը գժտութիւն առաջ բերաւ ժողովուրդի մէջ, արեւելցիներ կաթողիկոսի առաջարկութիւնը կը պաշտպանէին, իսկ բնիկները կը հակառակէին։ Հակառակ էր եւ նորընտիր պատրիարք Գրիգոր Վ. Պասմաճեանը (Գրիգոր Գ. Պոլսեցի Պասմաճեան. 1764-1773), որը եւ ամիրաներու խորհուրդով Օսմանեան կառավարութեան ձեռքով 1765 թուականի սեպտեմբերին Պոլիսէն աքսորեց Աբրահամ Վ. Աստապատցին՝ փոխանորդութեան թեկնածուն։
Այս հակառակութեան եւ թշնամութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ թէ՛ Սիմէոն Կաթողիկոսը եւ թէ Աստապատցի Աբրահամ Վարդապետը Սահակ Ահագինին գահընկէց ըլլալուն գլխաւոր գործիչներն էին, իսկ Սահակ Ահագինը պոլսեցիներուն ընտրեալն էր։ Թէեւ այս կողմէ Սիմէոն Կաթողիկոսը անյաջողութիւն կրեց, բայց ան յաջողեցաւ «Տէրունի», այսինքն՝ անմիջապէս կաթողիկոսէն կախում ունեցող վիճակներու թիւը բազմացնել։
Նախանձախնդիր Սուրբ Էջմիածնի հայրապետութեան իրաւունքներուն՝ Սիմէոն Կաթողիկոս Ռուսաստանի հայոց գործերը կարգի ձգելու համար մասնաւոր ժողով մը գումարեց եւ որոշեց պատգամաւոր մը ուղարկել Եգաթերինա կայսրուհիի մօտ, որ արդէն 1763 թուականին՝ յունիս 9-ին հրովարտակով այլադաւաններուն կրօնական կատարեալ ազատութիւն տուած էր։ 1766 թուականի օգոստոսի 1-ին գրուած կոնդակով Սիմէոն Կաթողիկոս կը խնդրէ, որ Լուսաւորչի դաւանութեան հետեւող ռուսաբնակ հայերը՝ հոգեւոր գործերու եւ Սուրբ Էջմիածնի իրաւասութեան տակ մնան, եւ անոնց վրայ կարգուող առաջնորդ եպիսկոպոսը Մայր Աթոռի կողմէ ընտրուի։ Միեւնոյն ժամանակ Սիմէոն Կաթողիկոսը նամակ կը գրէ Աստրախանի Մեֆոտի եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ Մոսկուա եւ Փեթերսպուրկ բնակող հայերուն՝ որ իր պատգամաւոր թիֆլիզեցի Դաւիթ վարդապետի առաքելութեան յաջողութեան նպաստեն։
Սիմէոն Կաթողիկոսի խնդրանքը հաճութեամբ կ՚ընդունուի Փեթերսպուրկի մէջ եւ Եգաթարինա Բ. կայսրուհի 1768 թուականի յունիսի 30-ին տուած հրովարտակով կաթողիկոսի խնդրանքը լիով կը կատարէ. իսկ Սիմէոն Կաթողիկոս ի ցոյց շնորհակալութեան կը յօժարի կատարել այն մաղթանքը՝ որ կը կատարուէին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կայսերական տօներուն։
Կայսերական այս հրովարտակի զօրութեամբ Սիմէոն Կաթողիկոս նոյն 1768 թուականին Մինաս արքեպիսկոպոսը (+ հոկտեմբեր 10, 1800) Ռուսաստանի առաջնորդ-նուիրակ կը նշանակէ, ապա 1773-իվն Յովսէփ արքեպիսկոպոսը՝ որ իր գործունէութեամբ հայ պատմութեան մէջ նշանաւոր հանդիսացաւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15, 2025, Իսթանպուլ