ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 1929 թուականին գրող եւ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին նկատուող Շահան Շահնուր իր «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան մէջ կը բարձրաձայնէր մայրենի լեզուի նահանջը եւ այդ նահանջին դիմաց իր մեղա՜ն կը կարդար Արարատին։ Շահնուրի աչքերով միայն լեզուն չէր նահանջեր. 96 տարիներ առաջ ան ունէր իմաստութիւնը տեսնելու նահանջը նաեւ այլ արժէքներու. անոր բառերով. «կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր»։ Շահնուրի այս խօսքերէն մօտաւորապէս դար մը ետք (քիչ մը պակաս) կաթողիկոսին կոնդակին մէջ կը կարդանք հայերէնի եւ մա՛նաւանդ արեւմտահայերէնի նահանջին մասին. խնդիրը կայ աւելի քան հարիւր տարի առաջ, խնդիրը կայ այսօր եւ հեռու չէ, որ ապագային եւս ըլլայ, որովհետեւ խնդիրը կայ, բոլորը տեղեակ են խնդիրին գոյութենէն, սակայն լուծումը չկայ:

Սփիւռքի տարուան մէջ ամփոփել լեզուականը, մշակութային ու գաղութային հարցերը վստահաբար մեծ աշխատանք կ՚ենթադրէ. սակայն, դարձեալ նոյն հետաքրքրութեամբ կ՚ուզենք գիտնալ, թէ սփիւռքի տարածքին հայ լեզուի պահպանման եւ ուսուցման համար ի՞նչ ջանքեր ի գործ դրուեցան. կոնդակին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Արեւմտահայերէնի նահանջին առաջքը առնելու յանձնառութենէն մղուած, մեր Սուրբ Աթոռը դիմեց գործնական քայլերու». եթէ այդ գործնական քայլերուն մէջ նկատի պիտի ունենանք Անթիլիասէ ներս տեղի ունեցած հայագիտականի ամփոփ դասընթացքները, ապա ըսենք, որ սքանչելի բան է տեսնել երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք իրենց առօրեայ հանգիստէն զոհելու կու գան սորվելու իրենց մայրենին, սակայն մի քանի տասնեակ երիտասարդներու հետաքրքրութեամբ կարելի չէ կորսուելու դատապարտուած լեզու մը փրկել: Մանաւանդ տակաւին բախտաւորութիւնը ունինք, որ Լիբանանի մէջ համեմատաբար այլ գաղութներու հայերէն լեզուն այսպէս կամ այնպէս՝ որոշ ազդեցութիւններ կրելով հանդերձ յաջողած է մնալ կենդանի. իսկ հայերէն լեզուն փրկելու գծով սփիւռքի մէջ ի՞նչ կատարուեցաւ։ Իր «բարի լոյս»ը անգլերէն լեզուով ըսող քանի՞ պատանի եւ երիտասարդ սկսաւ այդ մէկը հայերէնով ըսել: 

Այս բոլորը ի գործ դնելու համար նախ պէտք է գտնել հայը. ինչպէս կոնդակին մէջ կը կարդանք. «Նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէն». տակաւին մեղմ գտնուելով կը կարդանք «սկսած է հեռանալ» արտայայտութիւնը, չըսելու համար որ ամբողջութեամբ հեռացած է. մշակոյթը, ազգային արժէքներն ու լեզուն պահելու համար առաջին հերթին պէտք է գտնել եւ յաջողիլ գրաւել այդ հեռացած պատանի երիտասարդը, սակայն զանոնք գտնելն ու «գրաւել»ը եւս ինքնին բաւարար չէ վերոյիշեալ արժէքները ապրեցնելու, որովհետեւ գտնելն ու գրաւելը աւելի դժուար պահելը կը պահանջէ, որ կարելի է ի գործ դնել միայն ընտրեալներով, ինչ որ կաթողիկոսը 2024 թուականին «մարդուժ» կոչեց: 

Սփիւռքի հարցերը ամբողջութեամբ չլուծուած՝ Կաթողիկոսութիւնը յարմար տեսաւ «Մարդուժի պատրաստութեան տարի» հռչակել 2024 թուականը. իր կոնդակին մէջ իրաւացիօրէն կաթողիկոսը կը գրէ. «հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս մարդուժի պակասը փաստօրէն սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել։ Այլ խօսքով, բոլոր գաղութներէն ներս մասնագէտ, փորձառու ու յանձնառու մարդոց թիւը սկսած է հետզհետէ նուազիլ»։ Այս բոլորը կը գրուի, սակայն չի՛ գրուիր անոր հիմնական պատճառները եւ կու գանք այդ բացը եւս լրացնելու:

Մարդուժի պակասը կը զգանք, որովհետեւ գաղութներուն համար առաջին հերթին յստակ չէ «մարդուժ»ի չափանիշը եւ անոր ներկայացուցած արժէքը. այսօր գաղութներու մէջ որոշ պաշտօն զբաղեցնող մարդիկ իրենք զիրենք «մարդուժ» նկատելով կը կարծեն, թէ իրե՛նք պիտի փրկեն ազգը. կը կարծեն, թէ չափանիշը պաշտօնի գլուխ գտնուիլն է, մոռնալով, որ իրենք այդ պաշտօններուն վրայ կը գտնուին ո՛չ թէ իրենց արժանիքներուն, այլ այս կամ այն բարեկամական յարաբերութիւններուն ճամբով:

Պատկերացուցէք, որ այսօր սփիւռքի մէջ դպրոցի մը տնօրէնի նշանակում տեղի պիտի ունենայ. կայ իր ամբողջ կեանքը ուսուցման նուիրած նուիրեալ ուսուցիչ մը եւ անդին կայ կուսակցական ընկեր մը, որ գուցէ դպրոցը ամբողջութեամբ աւարտած չէ. առաջինը պաշտօնի կանչելու պարագային դպրոցը կրթական առումով աճ պիտի արձանագրէ, զարկ տայ հայապահպանութեան, իսկ երկրորդի պարագային պարզապէս կուսակցութիւնը պիտի յաջողի իր իշխանութեան տակ բռնել եւ կառավարել դպրոցն ու անոր որոշումները. եթէ կը կարծէք առաջինը աւելի տրամաբանական ու առողջ է, ապա չարաչար կը սխալիք, որովհետեւ մեր գաղութները առաջնորդողներուն համար երկրորդը շատ աւելի կարեւոր կը նկատուի՝ քան առաջինը եւ այդ աթոռին, իշխանութեան սիրոյն կը կորսնցնենք էականը, որուն պատճառով կը նահանջէ թէ՛ մշակոյթը, թէ՛ լեզուն եւ թէ աւանդութիւնները: Այս անարդարութեան դիմաց կը զարմանանք, թէ ո՞ւր գացին մարդուժները... Ինչո՞ւ համար հեռու կը մնան գաղութի կեանքէն: Առաջին հերթին սրբագրելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի համոզումը ըսենք, որ մասնագէտները, փորձառու եւ յանձնառու մարդիկ չե՛ն, որ կը հեռանան կամ կը պակսին. անոնք կը հեռացուին եւ լուսարձակէ դուրս կը ձգուին. անոնք իմաստուն ըլլալով լաւապէս կը տեսնեն գաղութները ղեկավարողներուն բացթողումներն ու սխալները եւ իրենց կարծիքը բարձրացնելու եւ այդ ղեկավարներուն ըրած սխալները մատնանշելու պարագային թշնամի կը նկատուին: Այսօր դպրոցի երես չտեսած գաղութի ղեկավար մը իրաւունք կ՚ունենայ իր կեանքը իր մասնագիտութեան նուիրած ուսուցիչի մը կարծիք տալ եւ «փարոս» դառնալ. պատկերացուցէք, որ կայ բժիշկ մը, իսկ անդին բժշկութենէ բոլորովին չհասկցող մը, որ կը համարձակի բժշկական թելադրութիւններ ընել բժիշկին. այս է մեր սփիւռքահայ կեանքին վիճակը, որ լաւագոյն ձեւն է մարդուժները հեռացնելու եւ հեռացնելէ ետք զարմանալով հարցականի տակ դնելու անոնց հեռանալու պատճառը: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է բժշկական ամենէն հին դեղը, որ մինչեւ օրս կը գործածուի:

Պատասխան. Ամենէն հին դեղամիջոցը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի «Ասփիրին»ն է, որ ի սկզբանէ առաջ եկած է ուռենիի ծառի կեղեւէն: «Ասփիրին»ի բաղադրիչը որպէս ցաւազրկող դեղ օգտագործուած է հնագոյն քաղաքակրթութիւններու մէջ. ինչպէս օրինակ՝ եգիպտացիներու, յոյներու եւ ուրիշներու կողմէ. 19-րդ դարուն մասնագէտներ ստեղծեցին «Ասփիրին»ի արդիական ձեւը, որ համաշխարհային ձեւով լայն տարածում ունեցաւ եւ կը շարունակուի գործածուիլ որպէս հակաբորբոքային, ցաւազրկող օգտակար դեղ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025