ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Բոլոր մարդիկը պարտաւոր են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն մէջ, որոնք կը հային Աստուծոյ եւ Եկեղեւոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Այս պարտականութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդոց բնութենէն։ Ան չի՛ հակասեր անկեղծ յարգանքին այլազան կրօններու հանդէպ, որոնք յաճախ կը կրե նշոյլ մը ճշմարտութենէն՝ որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը, ո՛չ ալ կը հակասէ սիրոյ պահանջքին, որ կը մղէ քրիստոնեաները սիրով, խոհեմութեամբ, խոնարհութեամբ, համբերութեամբ վարուելու անոնց հետ, որոնք կը գտնուին սխալի կամ հաւատքին անգիտութեան մէջ։

Աստուծոյ վաւերական պաշտամունք մը մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի մարդուն՝ անհատապէս եւ ընկերապէս։ Այս է աւանդական քրիստոնէական վարդապետութիւնը մարդոց եւ ընկերութիւններուն բարոյական պարտականութեան մասին՝ ճշմարիտ կրօնին եւ Քրիստոսի միակ Եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Եկեղեցին մարդիկը անդադար աւետատանելով՝ կ՚աշխատի, որ կարենան քրիստոնեայ ոգիով ներթափանցել մտայութիւնները եւ բարքերը, օրէնքները եւ կառոյցները այն հասարակութեան՝ որուն մէջ կ՚ապրին։

Արդարեւ, քրիստոնեաներուն ընկերային պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ յարգել եւ արթնցնել սէրը ճշմարիտին, գեղեցիկին եւ բարիին։ Անոնցմէ կը խնդրէ ճանչցնել պաշտամունքը միակ ճշմարիտ կրօնին, որ ներքոյ է առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։

Քրիստոնեաները կոչուած են աշխարհի լոյսը ըլլալու։

Եկեղեցին այսպէս կը յայտնէ Քրիստոսի թագաւորութիւնը ամբողջ արարչութեան վրայ եւ յատուկ կերպով մարդկային ընկերութիւններուն մէջ։

Ուստի, կրօնական հարցին մէջ ո՛չ ոք բռնադատուելու է իր խղճմտանքին դէմ գործելու, քանի որ ան ազատ կամքով համոզումի եւ խղճի գործ մըն է ըստ էութեան, ո՛չ ալ թող արգիլուի արդար սահմաններու մէջ գործելու ըստ իր խղճմտանքին, անկեղծութեան, անհատաբար թէ հրապարակաւ, առանձին թէ միացած ուրիշներու։ Եւ այս իրաւունքը հիմնուած է նոյնինքն մարդկային անձին բնութեան վրայ, որուն արժանապատուութիւնը զինք ազատօրէն յարիլ կու տայ աստուածային ճշմարտութեան, որ գերիվեր է ժամանակաւոր կարգէն։

Այս պատճառով այս իրաւունքը կը գոյատեւէ նոյնիսկ անոնց մէջ՝ որոնք ճշմարտութիւնը որոնելու եւ անոր փարելու պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը չեն յարգեր։

Եթէ մասնայատուկ պարագաներու պատճառով, որոնց մէջ կը գտնուին ժողովուրդները, ոստանին կրօնական որոշ ընկերութեան մը իրաւական կարգով մը քաղաքացիական մասնաւոր ճանաչում մը տրուած է, անհրաժեշտ է, որ բոլոր քաղաքացիներուն եւ կրօնական հարցին մէջ, ազատութեան իրաւունքը միաժամանակ ճանչցուի եւ յարգուի։

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը ո՛չ բարոյական արտօնութիւնն է յարելու սխալին, ո՛չ ալ սխալելու ենթադրեալ իրաւունք մըն է, այլ մարդկային անձին բնական իրաւո՛ւնքը՝ վայելելու քաղաքացիական ազատութիւնը, որ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ճանչցուած արդար սահմաններուն մէջ արտաքին պարտադրանքէն զերծանումն է, կրօնական մարզին մէջ։

Այս բնական իրաւունքը պէ՛տք է ճանչցուի ընկերութեան իրաւական կարգին մէջ, այն ձեւով որ ան քաղաքացիական իրաւունք կը գոյացնէ։

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը յինքեան ո՛չ կրնայ սահմանազերծ ըլլալ, ո՛չ ալ սահմանուիլ միայն հանրային կարգով մը, յղացուած դրապաշտ (=positivist) կամ բնապաշտ (=naturalist) կերպով։ «Արդար սահման»ները, որոնք այս իրաւունքին յարակից են, պարտին որոշուիլ ընկերային իւրաքանչիւր կացութեան համեմատ՝ քաղաքական խոհեմութեամբ ըստ պահանջքներուն հասարակաց բարիքին եւ վաւերացումին կատարումը քաղաքական իշխանութեան կողմէ՝ ըստ իրաւական կանոններու համապատասխան բարոյական առարկայական կարգին։

Խղճի ազատութիւնը՝ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի պահա՛նջքն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 15, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025