ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԳ.)

Ծնողք-զաւակ յարաբերութեան ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը կը նկատենք զաւակին տաղանդը յայտնաբերելու կարեւորութիւնը։ Այսօրուան մանուկը, բացայայտ թէ ծածուկ, ակամայ ձեւով երեւան կը հանէ իր նախասիրութիւնները եւ շատ անգամ փոքր տարիքէն մշակուած տաղանդ մը կրնայ մեծապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ անոնց ապագայ կեանքին վրայ. այս մէկը անհրաժեշտ կը նկատենք, որովհետեւ այսօր ծնողներ ինչ առօրեայ, որ կը ստեղծեն իրենց զաւակներուն համար, բնականաբար անոնց ապագան է: 

Իւրաքանչիւր զաւակ լոյս աշխարհ կու գայ յատուկ կարողութիւններով, սակայն, այդ կարողութիւնները իրենց ճիշդ արդիւնքին չեն հասնիր եւ նման պարագաներու կարելի է մեղադրել միայն ծնողը. շատեր կը հաւատան, որ եթէ զաւակը երգելու շնորհ ունի՝ արդէն իսկ կ՚երգէ. բան մը ընելու կարիք չկայ եւ կամ եթէ նուագելու շնորհ ունի՝ արդէն իսկ կը նուագէ. շնորհ ու տաղանդ ըսուածը հաստատուած բաներ չեն. թէ՛ շնորհը եւ թէ տաղանդը դաստիարակութեան մաս կը կազմեն։ Մանուկը շատ անգամ չունի գիտակցութիւնը, թէ ի՛նչ են իր շնորհներն ու տաղանդները, սակայն ծնողքը որպէս չափահաս պարտաւորութիւնը ունի նկատելու, որովհետեւ այդ մէկը նկատելը զաւակին ապագայ յաջողութիւնը ապահովել կը նշանակէ: Ամէն ծնողք իրապէս կ՚ուզէ, որ իր զաւակը յաջող ըլլայ, սակայն այս կարեւոր կէտը զանց կ՚ընէ: Իրականութեան մէջ ծնողներու այս բացթողումը պէտք է լրացնէ դպրոցը. ուսուցիչները մօտէն հետեւելով աշակերտներուն բարքին, պէտք է որոշ ցուցումներ փոխանցէ ծնողքին. հետեւաբար կրնանք ըսել, որ մեր զաւակներուն ապագան բախտին ձեռքը ըլլալէ աւելի մեր ընտանիքներուն եւ դպրոցին, ուսուցիչներուն ձեռքին մէջ է: Անոնց պարտաւորութիւնն է երեխային կարողութիւններն ու տաղանդները իր առաւելագոյնին հասցնել: 

Զաւակներ պարտին գիտնալ իրենց տկար եւ զօրաւոր կողմերը. տկար կողմերու գիտակցութիւնը զիրենք կրնայ ինքնավստահութեան պակասի առաջնորդել, սակայն իր զօրաւոր կողմերու գիտակցութիւնը ինքնավստահութիւն մը կը ստեղծէ. ծնողքին եւ դպրոցին պարտաւորութիւնը փոխանական այդ տկար տեղերը մատնանիշ ընելու, զօրաւոր կողմերը առաջ քշել է: Մենք յաճախ մեր զաւակները կը պախարակենք այս կամ այն բանը լաւ չընելու մէջ, մոռնալով, որ մեր պարտաւորութիւնն է ընդգծել բոլոր այն բաները, որոնք զաւակը լաւապէս կը կատարէ. օրինակի համար՝ զաւակ մը ունի շնորհը ուրիշները նոյնութեամբ կապկելու. այդ մէկուն պէտք է շատ անգամ զուարճութենէ անդին ուրիշ տեսանկիւնէ նայիլ, որովհետեւ կրնայ այդ զաւակին մէջ պահուած ըլլալ ապագայ մեծագոյն դերասանը. կամ զաւակ մը երաժշտական լաւ ականջ ունի. այդ մէկը պարզապէս դրացիներուն դիմաց գովելի երեւոյթ որպէս պատմելու չէ, այլ պէտք է հետապնդել եւ անհրաժեշտ բոլոր կարիքները հոգալ՝ այդ զաւակին մէջ ստեղծելու համար ապագայ մեծ երաժիշտը: Երբ անոնց լաւագոյն կողմը լուսարձակի տակ կ՚առնենք, ինքնաբերաբար իրենք զիրենք գնահատուած կը զգան եւ պատրաստ կ՚ըլլան այդ ուղղութեամբ գալիք իւրաքանչիւր մարտահրաւէրը յաղթահարել:

Ինչպէս ըսինք, մանուկներ անտեղեակ են իրենց կարողութիւններուն եւ, հետեւաբար, իւրաքանչիւր գնահատական խօսք զիրենք կ՚առաջնորդէ յաջողութեան: 

Երեւոյթը բացատրենք այսպէս. օրինակի համար՝ մանուկ-պատանի մը մեծ սէր ունի գրականութեան հանդէպ. Սակայն, միւս կողմէ, ատելութիւն ունի թուաբանութիւն սորվելու. այս պարագային մանուկը թուաբանութեան ստիպելն ու չսիրած նիւթը պարտադրե՞լը դրական արդիւնք պիտի ունենայ, թէ ոչ զինք իր սիրած գրականութեան մէջ աւելիով ամրապնդելը. եթէ ձեր պատասխանը երկրորդն է, ապա ճի՛շդ էք, որովհետեւ գրականութեան հանդէպ սէր ունեցող մանուկը շատ աւելի հետաքրքրուած պիտի խորանայ նիւթին մէջ՝ քան իր չսիրած թուաբանութիւնը սորվելով (անշուշտ, կը գիտակցինք, որ թուաբանութիւնը եւս իր կարեւոր տեղն ու դերը ունի մանուկի զարգացման մէջ): 

Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ մեր զաւակներուն հետաքրքրութիւնները կրնան փոփոխական ըլլալ եւ, հետեւաբար, որպէս ծնողք ունինք պարտաւորութիւնը մօտէն հետեւելու անոնց թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեկան ընթացքին: Զաւակ մը միայն մարմնով չէ՛, որ կը մեծնայ։ Իր ֆիզիքական աճին չափ կարեւոր է նաեւ անոր հոգեկան աճը, նախասիրութիւնները եւ այդ բոլորը լաւ հասկցող ծնողք մը կրնայ իրապէս ծնողք դառնալ: 

Զաւակի մը համար ամենէն յարմար ու առողջ պայմանը այն է, որ ծնողքը ձգէ, որպէսզի զաւակը իր նախասիրութիւններով զբաղուի (նոյնիսկ եթէ ծնողքին համար անկարեւոր է այդ մէկը)։ Այս փակագիծի կարեւոր տողը կը նշենք, որովհետեւ նման պարագայ մը ապրած ենք. կար մանուկ մը, որ երաժշտական մեծ ճաշակ ունէր. ծնողքը լաւ տեղեակ չէր այդ տաղանդէն եւ առաջարկեցինք, որ զաւակը երաժշտական ուսման հետեւի։ Պատասխանը բացասական էր. մայրը ըսաւ. «Ես այդպիսի բաներ չեմ սիրեր»: Եւ հո՛ս է խնդիրը, ծնողքին սիրածը կամ ատածը կարեւոր չէ. պէտք է լաւապէս քննէ, թէ ի՛նչ է զաւակին ուզածը, ի՛նչ են անոր ի վերուստ տրուած տաղանդները եւ միայն ու միայն մշակէ զանոնք՝ առանց քննադատելու եւ կամ իր նախասիրութիւնները առաջ քշելու: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Զաւակս կ՚ուզէ երաժիշտ ըլլալ, իսկ ես կ՚ուզեմ բժիշկ ըլլայ. ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխան. Բնական է, որ ձեր զաւակին համար կը ցանկաք լաւագոյնը, բայց, պէտք է նկատի ունենալ երաժշտութեան հանդէպ անոր ունեցած սէրն ու կիրքը: Զինք բժշկական ուսման հետեւելու ստիպելու փոխարէն պէտք է քննարկէք անոր ունեցած նպատակները, իր հետ միատեղ ուսումնասիրէք երկու ասպարէզներու մարտահրաւէրներն ու հնարաւոր փոխզիջումները: Պէտք է տեսնել, թէ երկուքը իրարու հետ միատեղելի՞ են: Սակայն պէտք է միշտ աջակցիլ անոր նախասիրութիւններուն եւ ձգել, որ ինք կարենայ առողջ ընտրութիւն կատարել. դուք պարզապէս պէտք է օգնէք, որպէսզի առողջ որոշում կայացնել սորվի եւ ո՛չ թէ պարտադրուած զգայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025