ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մեր գրութեան խորագիրը «յուսահատութիւն» գրել յարմար նկատեցինք, քանի որ երբ բժշկութեան համար կ՚աղօթենք մեր հիւանդութիւններուն համար, պէտք է գիտնանք, որ ամենածանր հիւանդութիւնը՝ յուսահատութի՛ւնն է։
Յոյսը հոգիին լո՛յսն է։
Յոյսը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է, որով մենք կը բաղձանք իբր մեր երանութիւնը ունենալ՝ երկնքի Արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, մեր հաւատքը եւ վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ մեր ուժերուն, այլ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան։ «Պահե՛նք անսասան մեր դաւանութիւնը յոյսին հանդէպ, որովհետեւ Ան որ խոստացաւ՝ հաւատարիմ է». (ԵԲՐ. Ժ 23)։ Եւ «Հայրը՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, առատօրէն զեղուց այս Հոգին մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի արդարացած շնորհքովը Քրիստոսի, յոյսով ընդունինք ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքին». (ՏԻՏՍ. Գ 6-7)։ Ուստի, յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեան տենչանքին, զոր Աստուած դրած է ամէն մարդու սրտին մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը՝ որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները, կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի երկնքի Արքայութիւնը։ Ան մարդը կը պաշտպանէ վհատութենէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը յաւիտենական երանութեան։
Յոյսին տուած թափը մարդս զերծ կը պահէ «եսասիրութենէն» եւ կ՚առաջնորդէ սիրոյ երանութեան։ Քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։
Իսկ յուսահատութիւնը՝ բարոյալքում է եւ վհատութիւն։ Յուսահատութիւնը, արդարեւ, թերահաւատութեան առաջին քայլն է. որովհետեւ հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահութիւն եւ յոյսն ալ վստահութիւն կ՚ենթադրէ։ Եւ այս պատճառով է, որ յուսահատութիւնը ամենածանր հիւանդութիւնն է։
Մեր բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ մեզի։ Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութիւնն է հաւատալ եւ վկայել Անոր։
Հաւատքին մասին «կամովին տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը, զոր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի, որպէսզի հաւատա՛նք։ Ակամայ տարակոյսը ցոյց կու տայ հաւատալու վարանումը, նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւններուն յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուցածը մթութեան դիմեց։ Եթէ տարակոյսը կամովին մշակուած է, կրնայ տանիլ մտքի կուրացումին։
Արդարեւ, յոյսին դէմ գործուող մեղքերը՝ վհատութիւն, յուսահատութիւն եւ յուսալքում, որոնք ինքնահաւանութեան հետեւանք կը յառաջանան, քանի որ մարդ երբ յոյսը դնէ միայն իր իսկ ուժերուն վրայ, ի վերջոյ յուսախաբ կ՚ըլլայ։
Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ աստուածաբանական առաքինութիւնները կը կերպաւորեն եւ կը կենդանացնեն բարոյական առաքինութիւնները։ Եւ այսպէս, Սէրը կը մղէ մեզ տալու Աստուծոյ, ինչ որ ամենայն արդարութեամբ իբրեւ արարածներ կը պարտինք Անոր։
Հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ներգործութիւնները կը կատարուին աղօթքին մէջ։ Աղօթքը անհրաժեշտ պայման մըն է կարենալ հնազանդելու Աստուծոյ պատուիրաններուն. «Պէտք է միշտ աղօթել եւ չձանձրանալ». (ՂՈՒԿ. ԺԸ 1)։
Մարդիկ իրենց կրօնական վարուելակերպին մէջ կը յայտնաբերեն սահմանափակումներ եւ սխալներ, որոնք Աստուծոյ պատկերը կ՚այլափոխեն անոնց մէջ. ուստի, շատ յաճախ, մարդիկ չարէն խաբուելով կը մոլորին իրենց տրամաբանութիւններուն մէջ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտին հետ կը փոխարինեն՝ ծառայելով նախընտրաբար արարածին քան Արարչին, եւ այսպէս իրենք զիրենք կ՚ենթարկեն ծայրագոյն յուսահատութեան եւ յուսալքման։
Հիւանդութիւնը կրնայ առաջնորդել դէպի անձկութիւն, նեղութիւն, դէպի իր անձին վրայ կծկում, տագնապ, մտատանջութիւն, խուճապ, երբեմն նոյնիսկ դէպի յուսահատութիւն եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութիւն։ Ան կրնայ նաեւ մարդը աւելի՛ հասունցնել, օգնել իր կեանքին ո՛չ էականը զանազանելու եւ էականին մերձենալու։ Շատ յաճախ, հիւանդութիւնը մեզ կը մղէ Աստուած փնտռելու՝ Անոր վերադառնալու։
Քրիստոսի հիւանդներու հանդէպ կարեկցութիւնը եւ կատարած բազմաթիւ բուժումները բացայայտ նշանն են, թէ «Աստուած այցելած է Իր ժողովուրդին». (ՂՈՒԿ. Է 16)։
Գիտութիւնը միշտ փաստ կը փնտռէ. Նարեկի աղօթքներով բժշկուած բազմաթիւ հիւանդներ անմերժելի փաստեր են աղօթքի բուժիչ ուժին եւ Աստուծոյ ամենազօրութեան եւ ամենակարողութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 15, 2025, Իսթանպուլ