ԱՆԱՒԱՐՏ ԱՒԱՐՏԸ
Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ապացուցեց, որ ինք առասպել է, յաւերժութեան խորհրդանիշ մը. կրնայ թուիլ, որ «յաւերժութեան խորհրդանիշ»ը ազգը «բարձրացնել»ու համար ըսուած խօսք մը ըլլայ, սակայն, ճշմարտութիւնը այդպէս չէ. պարզապէս մեր ազգը նման է այն ծերունիին, որ հողին կը յանձնէ զաւակներ ու թոռներ, կը սկսիս մտածել, որ ահաւասիկ վերջն է, կորուստը անխուսափելի է, բայց ինչ որ անբացատրելի հրաշքով դարձեալ կ՚ապրի։ Տարօրինակ ժողովուրդ մը, կ՚իյնայ՝ սակայն դարձեալ կը բարձրանայ, կը կորսնցնէ՝ սակայն նորը կը ստեղծէ, կը տանջուի՝ սակայն չես գիտեր ինչպէս երբեք չի յուսահատիր:
Այս մտածումները աւելիով կ՚արմատաւորուին մեր մէջ, երբ կը կարդանք անցեալի մտաւորականներու հայ ազգին մասին հրապարակած կարծեցեալ մահախօսականները, որոնք այնպէս ալ հեռու կը մնան իրականութենէն. օրինակի համար՝ հայ մտաւորական, բանաստեղծ ու թարգմանիչ Լարենց մեր թուականէն 118 տարիներ առաջ՝ 26 դեկտեմբեր 1906-ին «Ազատ բեմ»ի մէջ հրատարակած իր հրապարակախօսութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Գիտենք, թէ այսօր մեր ցեղը կը գտնուի բնաջնջման շրջանի մը մէջ. թէ անիկա ոչխարային համակերպութեամբ պարարտացած զոհ մըն է, զոր կը կտրատեն ու կը մանրեն, մինչեւ որ նեարդ մը հետք մը չմնայ անոր անունէն, պատմութենէն գոյութենէն...»: Տակաւին գրողը կը հաւատայ, թէ հոն ուր հայուն մարմինը սպաննել պիտի չյաջողուի՝ այդտեղ պիտի սպաննուի անոր միտքը, գաղափարները:
Մեր օրերուն պատկերը նոյնքան դաժան է՝ ինչքան դար մը առաջ. պետութիւնը իր զանազան խաբկանքներով եւ խեղաթիւրումներով կը փորձէ պատրանք մը ստեղծել, որպէս թէ կը զարգանանք, կը բարգաւաճինք, սակայն, ժողովուրդը իր առօրեայով, իր ցաւերով, իր անարդար պայքարով ու խնդիրներով կու գայ փաստել, որ կը գտնուինք հոն՝ ուր էինք 120 տարիներ առաջ՝ նոյն կորուստի, նոյն յուսահատութեան, նոյն զոհի ճակատագրին մէջ. փոխուած են ժամանակները, սակայն, հայուն բովանդակութիւնը մնացած է նոյնը. փոխուած է պայքարը, սակայն, էութիւնը մնացած է անփոփոխ. հայ ժողովուրդը այսօր կը զգայ, թէ օրէ օր շատ աւելի շօշափելի եւ անխուսափելի կը դառնայ, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, պատմութիւնը ինքզինք կրկնելու անբացատրելի սէրը ունի եւ մեր դերը պատմութեան մէջ կարծես կեանքի եւ մահուան միջեւ մնալու մէջ կը կայանայ:
Հաւատացէ՛ք, որ քաղաքականութենէ կ՚ուզենք հեռու մնալ, որովհետեւ նորութիւն մը չունինք տալու. թերթատեցէ՛ք մեր պատմութեան անցեալի էջերը եւ մեր ներկայի պատմութիւնը՝ պիտի գտնէք հո՛ն, նոյնութեամբ. նոյն իրերամերժ, եղբայրատեաց քաղաքականութեամբ, նոյն անմիաբան կեցուածքով. եթէ կը կասկածիք, ահաւասիկ Լարենցի խօսքերէն մի քանին. «Զգացա՞ծ են անոնք (հայերը), համերաշխ գործակցութեան մը պէտքը, հաւանաբար պայքարելու համար արտաքին թշնամիին դէմ, որ տակաւ կը սպառնայ մտնել մեր ամենէն ներքին ու նուիրական կեանքին խորերը: Հայերը գիտցա՞ծ են արդեօք, գոնէ մեծամասնութեամբ մը, ազգային քաղաքականութիւն մը կերտել, եւ անոր հիմնագրին վրայ յենելով, անփոփոխ ու անվհատ մղել կեանքի կռիւը՝ ինչպէս այդ կ՚ընեն աշխարհի վրայ անկիւն մը ունեցող բոլոր ազգերը»։ Եթէ այսօր բարձրացնենք Լարենցի հարցերը, նոյն պատասխանները պիտի չստանա՞նք՝ ինչ որ դար մը առաջ եւ գուցէ նաեւ դար մը ետք: Ի դէպ, Լարենց այս հարցերուն պատասխանը շատ յստակ ձեւով կու տայ. «Այս հարցումներուն պատասխանը սրտաճմլիկ ոչ մըն է, զոր ամէն գիտակից հայ պիտի արտասանէ ապահովաբար»։ Այդ նոյն ոչը լսելի է նաեւ այսօր, որովհետեւ դժուարութիւններն ու տանջանքները՝ որոնք մեր ժողովուրդը կ՚ապրի, փոխանակ զգաստացնելու եւ միացնելու մէջ՝ հակառակը կ՚ընէ եւ երկպառակութիւն մը կը ստեղծէ մեր միջեւ, որ շատ աւելի վտանգաւոր է քան թշնամին, որովհետեւ ներքին թշնամին մեր ազգը կորուստի տանելու շատ աւելի ուժ եւ հաւանականութիւն ունի՝ քան արտաքին հակառակորդը:
Այսօր մենք եւս կը գրենք, որ այս ընթացքով մեր ազգը կ՚առաջնորդուի դէպի անխուսափելի կորուստ, սակայն, միւս կողմէ կը գիտակցինք նաեւ, որ այս ազգին ճակատագիրը ո՛չ թէ մահուան, այլ կեանքի ու պայքարի գրիչով գրուած է եւ հետեւաբար գուցէ գտնուին ուրիշներ, որոնք դար մը ետք՝ գուցէ 2125 թուականին կարդան մեր այս տողերը եւ տեսնեն մեր սխալիլը. նման սխալի մը մէջ գտնուելու այնքա՜ն փափաքն ու ցանկութիւնը ունինք. թող ըլլանք սխալ:
Մեր քաղաքական ընթացքը, իր դիւանագիտութեամբ եւ բոլոր կողմերով խոցելի է այսօր. ազգի հաշիւները մէկդի ըրած, պետական գործիչներ կը զբաղին կա՛մ զիրար վարկաբեկելով կամ ալ անձնական շահերը հետապնդելով ժողովուրդի հարստահարութեամբ: Երկրին մէջ կը տիրէ անիշխանական վիճակ մը. պետութիւնը հիմնական խնդիրները մէկդի ըրած կը զբաղի մանրուքներով. հիմա արդէն քաղաքականութեան ինչ ըլլալը հասկցողներ չունինք. հիմա ունինք հաճոյասէրներու հսկայական խումբ մը, որ պատրաստ է սեփական շահերու համար այս կամ այն գործիչը բարձրացնել ու մեծարել՝ առանց հասկնալու սպառնացող վտանգներն ու սպառնալիքները:
Այս բոլորին դիմաց օտարը մեղադրելու պէտքը չունինք, որովհետեւ ինչպէս Լարենց կը հաւատայ, այս բոլորը մեր ձեռագործն է: Այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել մեծ մտաւորականին բառերով. «Ազգ մըն ենք, որ գիտակցութիւնը չունինք մեր վիճակին, ու ասով մենք մեզի կը ստեղծենք կացութիւն մը, որ երբեք մխիթարական չէ, բայց որ արժանի է մեզի, քանի որ մեր ստեղծածն է»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ բան ազգ մը կորուստի կ՚առաջնորդէ:
Պատասխան. Ազգի մը կորուստը յաճախ պայմանաւորուած է ներքին բաժանումներով, ինքնութեան աղաւաղումով, մշակութային արժէքներու մոռացութեամբ եւ արտաքին ազդեցութիւններու դիմակայելու անկարողութեամբ: Երբ ազգ մը կը կորսնցնէ իր լեզուն, աւանդութիւնները, պատմական գիտակցութիւնը եւ միասնականութիւնը, կը դառնայ խոցելի արտաքին ուժերու համար: Տնտեսական անկայունութիւնը, քաղաքական կողոպուտը եւ բարոյական ճգնաժամը կը նպաստեն ազգային ինքնութեան թուլացման, ինչ որ կրնայ բերել վերացում եւ ձուլում:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան