ՆԱԽԱԽՆԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾ
Կը պատմուի, որ տարիներ առաջ, նուիրեալ հոգեւոր ծառայ մը Աստուծոյ Խօսքը տարածելու համար գիւղէ գիւղ կը ճամբորդէր։ Ան նիւթական որեւէ եկամուտ եւ անկնալութիւն ալ չունէր, այլ հաւատացեալներու նուէրներով կ՚ապրէր՝ իր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին համաձայն, թէ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք…». (ՄԱՏԹ. Ժ 8), «Որովհետեւ մշակը իր կերակուրին արժանի է…». (ՄԱՏԹ. Ժ 9-10)։ Բայց շրջան մը եղաւ, որ այս հոգեւոր մշակը չքաւորութեան մատնուեցաւ…
Հոգեւոր մշակը անօթի էր, մինչ կը շարունակէր աղօթել եւ մխիթարել ժողովուրդը՝ աղքատիկ մատուռի մը մէջ։ Ան, ինչպէս միշտ, սրտէն աղօթեց, որ մա՛րդ անօթի չմնայ, մինչ ան աղօթեց նաեւ, որ մէկը զինք ճաշի հրաւիրէ կամ մի քանի դահեկան «սահեցնէ» գրպանը, սակայն յոյսերը ի դերեւ ելան։
Ուստի, պաշտամունքէն վերջ, անօթի եւ ծարաւի փորով եւ դատարկ քսակով, անտառներուն մէջէն քալելով սկսաւ յառաջանալ դէպի յաջորդ գիւղը։
Հոգեւոր մշակը երբ կը ճամբորդէր՝ միտքը եկաւ Եղիա մարգարէին մասին գրուած այն հատուածը, թէ ինչպէ՛ս Աստուած ագռաւներու միջոցով կերակրեց զայն հացով եւ միսով. «Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.- Ասկէ գնա՛ եւ դէպի արեւելք դառնալով՝ Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով պահուէ՛։ Դուն այն հեղեղատէն ջուր պիտի խմես եւ ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն։ Անիկա գնաց եւ Տէրոջը ըսածին պէս ըրաւ եւ գնաց Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով նստաւ։ Ագռաւները առտուն անոր հաց եւ միս կը բերէին եւ անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր, ժամանակ մը ետքը հեղեղատը ցամքեցաւ, վասնզի երկրի վրայ անձրեւ չեկաւ». (Գ ԹԱԳ. ԺԷ 2-7)։
Եւ նոյն վայրկեանին հոգեւոր մշակը իր առջեւ տեսաւ սատկած ագռաւ մը։ Ան ինքն իրեն ըսաւ. «Եղիան կերակրող ագռաւները ողջ էին, իսկ իմ տեսածս մեռած է։ Ի հարկէ ես մարգարէ չեմ եւ քաւ լիցի որ ինքզինքս Եղիայի հետ բաղդատեմ»։
Երբ մօտէն նայեցաւ անկենդան սեւ ագռաւին, նկատեց, որ անոր կտուցը բաց էր։ Հետաքրքրական գտնելով այս երեւոյթը, քննեց զայն եւ անոր կոկորդին մէջ գտաւ արժէքաւոր ոսկի մատանի մը՝ որուն պատճառով խեղճ կենդանին խեղդուած էր։ Տեղւոյն վրայ, Տէրոջը այս խոնարհ ծառան, ծունկի գալով շնորհակալութիւն մատուցանեց Աստուծոյ, որ իր աղօթքը լսած էր, եւ այս ագռաւին միջոցով իր ֆիզիքական եւ նիւթական պէտքերը հոգացած։
Արդարեւ, «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է. երէկ, այսօր եւ յաւիտեան». (ԵՐԲ. ԺԳ 8)։ Եղիա մարգարէին կերակրող, հոգացող Տէրը, իր ալ պէտքերը հոգացած էր՝ տարբեր կերպով մը։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ի՜նչ օրհնեալ փորձառութիւն է, ամէն ատեն Տէրոջը անվարան եւ առանց երկմտելու վստահիլ, ապաւինիլ եւ Անոր յանձնուիլ։ Մանաւանդ երբ անել կացութիւններու առջեւ կը գտնուինք։ Յիսուս չէ՞ որ անապատին մէջ հինգ նկանակով եւ երկու ձուկով հինգ հազարը կերակրեց եւ ուրիշ առիթով մըն ալ չորս հազարը. (ՄԱՐԿ. Ը 18-21)։
Նոյն Տէրը չէ՞, որ Պետրոսի ըսաւ. «Ծովը կարթդ ձգէ եւ առաջին ձուկը, որ բռնես անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես, զանիկա առ, եւ տուրք ուզողներուն տո՛ւր, ինծի եւ քեզի համար». (ՄԱՏԹ. ԺԷ 25-26)։
Եւ դարձեալ Յիսուս ըսաւ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի». (ՅՈՅՎՀ. ԺԶ 33)։ Նեղութիւններու, զրկանքներու քաջութեամբ դիմադրել՝ Յիսուս Ի՛նք տիպար եղաւ եւ աշխարհին յաղթե՛ց։
Արդարեւ, Լերան քարոզին մէջ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց, ըսելով. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար, թէ ինչ պիտի ուտէք կամ ինչ պիտի խմէք, ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար, թէ ինչ պիտի հագնինք… բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլոր բաները ամբողջութեամբ պիտի տրուին ձեզի». (ՄԱՏԹ. Զ 25 եւ 33)։
Իսկ Պետրոս առաքեալ, իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը Անոր վրայ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ անիկա ձեզի համար կը հոգայ». (Ա ՊԵՏՐ. Դ 6-7)։
Վստահինք, ապաւինինք եւ հաւատա՛նք Անոր…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 16, 2025, Իսթանպուլ