ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

Կը շարունակենք կարդալ Ամերիկայի 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքընի գրած նամակը իր զաւակին ուսուցիչին. «Այս կեանքը ապրելու համար անհրաժեշտ է հաւատք, սէր եւ քաջութիւն»: Այլ խօսքով՝ Լինքըն ուսուցիչին կ՚ուզէ ըսել, որ իր զաւակին սորվեցնէ ունենալ հաւատաք, սէր եւ քաջութիւն: 

Միասնաբար վերլուծենք, թէ աշակերտի մը համար ինչո՞ւ համար կարեւոր են այս երեք արժէքները: 

Աշակերտի մը յաջողութեան մէջ շատ կարեւոր ու անփոխարինելի դեր ունի հաւատքը, որովհետեւ աշակերտը պէտք է հաւատայ, որ ինք իր մէջ ունի ունակութիւնը պայքարելու, սորվելու եւ հակառակ ձախողութիւններու վերջաւորութեան յաջողութեան հասնելու: Այս մէկը դաստիարակութեան մաս կը կազմէ եւ դպրոցի մը մեծագոյն պարտաւորութիւններէն մէկն է աշակերտին սորվեցնել, որ իւրաքանչիւր ձախողութիւն ինքնասրբագրումի եւ յաղթահարութեան առիթներ են: Դպրոցը պարտի աշակերտին փոխանցել իր ապագայ հեռանկարներուն, երազանքներուն ու նպատակներուն հանդէպ հաւատք, որովհետեւ նպատակ մը առանց հաւատքի որոշ ժամանակ ետք կը դադրի նպատակ ըլլալէ: Աշակերտը պէտք է հաւատայ, որ ջանքը, աշխատանքը եւ պայքարը օր մը իր դրական արդիւնքը կու տայ եւ հետեւաբար նպատակները իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է հաւատքը: Յստակ է, որ սեփական ուժին ու կարողութեան վրայ հաւատք չունեցող աշակերտներ ընդհանրապէս ձախողութիւններ կ՚արձանագրեն եւ այդ ձախողութիւնները յաջողութեան վերածելու ուժը կը պակսի անոնց մէջ. դպրոցներուն մէջ գոյութիւն ունի երկու տեսակ աշակերտ. Մէկը՝ որ կը հաւատայ, որ ինք այս նիւթը չի կրնար սորվիլ եւ կը շարունակէ մնալ ձախող վիճակի մէջ եւ աշակերտ, որ հակառակ դժուարութեան կը պայքարի, կը հաւատայ, որ լուրջ ու ծանր աշխատանքի շնորհիւ կարելի է այդ նիւթը իւրացնել եւ հետեւաբար սեփական անձին հանդէպ հաւատքը ամրապնդելու ձախողութիւնը կը քաշէ դէպի յաջողութիւն: 

Հաւատքը մարդուն մէջ կը ստեղծէ երկարաժամկէտ նպատակներ. զինք աշխոյժ ու կենսունակ կը պահէ, որովհետեւ երբ գոյութիւն ունի հաւատքը, յուսահատութիւնը առկայ չէ եւ եթէ գիտութիւնն ու սորվիլը կարեւոր տեղ ունին ուսումի մէջ, պակաս չէ նաեւ դերը ինքնավստահութեան։ Այսօր շատ մը աշակերտներ շատ մը հարցերու պատասխանները գիտնալով հանդերձ կ՚ապահովեն ոչ-փայլուն արդիւնքներ՝ որովհետեւ հաւատքի տեղ անոնց մէջ բոյն դրած է սխալ ընելու վախը. վախ՝ որ կրնայ շատ անգամ ճիշդը դէպի սխալ առաջնորդել: 

Ուսուցիչին կողմէ փոխանցուած սիրոյ զգացումը աշակերտին մօտ կը ստեղծէ անվստահութեան զգացում: Մանուկը մինչեւ դպրոց գալը սիրուած է իր ծնողներէն եւ հարազատներէն. դպրոցին մէջ սիրուիլը այդ ընտանեկան հարազատութիւնը կը ստեղծէ անոր մէջ. սիրոյ ճամբով է, որ աշակերտին մօտ կը զարգանայ ինքնավստահութիւնը։ Սիրոյ մթնոլորտն է, որ աշակերտին կու տայ փորձելու եւ սխալելու անվախութիւնը։ Վախի մթնոլորտը պատճառ կ՚ըլլայ, որ աշակերտը չփորձէ, որովհետեւ վախի մթնոլորտը ձախողութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ, սակայն, սիրոյ մթնոլորտին մէջ աշակերտը կը հասկնայ, որ սխալիլը, ձախողիլը ո՛չ թէ մեղադրուելու, այլեւ՝ փորձելու եւ յաջողելու միջոց մըն է: Սիրոյ մթնոլորտին մէջ է, որ աշակերտը համարձակութիւնը կ՚ունենայ հարցադրելու ու հարցնելու: Վախը պատճառ կ՚ըլլայ, որ աշակերտը սորվի, իսկ սէրը պատճառ կ՚ըլլայ, որ աշակերտը զարգանայ: 

Սէրը մարդկային արժէքներուն մէջ ամենէն կարեւորն է. թէ՛ տան եւ թէ դպրոցին մէջ աշակերտը պէտք է սորվի սիրոյ կարեւորութիւնը։ Ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ եղելութիւններ ցոյց կու տան, որ խստութեան տակ հասակ առած աշակերտներ կրնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջ ունենալ հոգեբանական լուրջ խնդիրներ: Սիրոյ մթնոլորտին մէջ աշակերտը ո՛չ միայն իր ինքնավստահութիւնը կը գտնէ, այլ նաեւ կը սորվի սէր ունենալ իր հասակակիցներուն հանդէպ, յարգանք ունենալ իր մեծաւորներուն հանդէպ եւ այս բոլորը կրթութեան անբաժան մէկ մասն է: Առ այդ, այն անձերը, որոնք չունին ծով համբերութիւն, չունին իրենց զգացումները զսպելու եւ ջղային վիճակը տիրապետութեան տակ առնելու ունակութիւն, պէտք չէ ուսուցչութեամբ զբաղուին: 

Առանց սիրոյ կրթութիւնը կը վերածուի դաժան պարտաւորութեան, որովհետեւ խստութիւնը աշակերտին մէջ միայն լաւ նիշ ապահովելու կարեւորութիւնը կ՚ընդգծէ, իսկ սիրոյ մթնոլորտն է, որ գիտակից աշակերտներ կը պատրաստէ:

Ուսուցիչներու պարագային սիրոյ հասկացողութեան փոխանցումը կարեւոր է, որովհետեւ ուսուցիչը՝ մանաւանդ փոքր դասարաններու պարագային կը ներկայանայ որպէս օրինակ եւ աշակերտը այդ ուսուցիչի վերաբերմունքը կ՚ընդօրինակէ։ Ուսուցիչը՝ որ պիտի սորվեցնէ ինչպէս բարի ըլլալ, ինչպէս յարգել ու ընկերասէր դառնալ, պէտք է խօսքէն անդին իր օրինակով ցոյց տայ այդ մէկը, որովհետեւ եթէ ուսուցիչը խօսի յարգանքի մասին, բայց իր կարգին չյարգէ ուրիշները՝ այդ խօսքերը կը դառնան անիմաստ: Սէրն է, որ դասարանին մէջ կը միաւորէ տարբերութիւնները։ Ուսուցիչներ իրաւունք չունին մէկ աշակերտը միւսէն աւելի սիրելու, որովհետեւ այդ մէկը ուզենք կամ չուզենք լաւապէս կը նկատուի աշակերտներու կողմէ. ուսուցիչին սէրը հաւասարութեամբ պէտք բաշխուի:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշակերտները կը զգա՞ն ուսուցիչի կողմէ ի գործ դրուած խտրութիւնը:

Պատասխան. Այո, աշակերտները շատ յաճախ կը զգան ուսուցիչին կողմէ ի գործ դրուած խտրութիւնը, որովհետեւ մանուկներն ու պատանիները զգայուն են անարդարութեան նկատմամբ: Երբ ուսուցիչ մը աւելի շատ ուշադրութիւն ցուցաբերէ որոշ աշակերտներու հանդէպ, միւսներուն մօտ ինքնագնահատականի, վստահութեան եւ խտրականութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ: Խտական վերաբերմունքը կրնայ անտեսուած ըլլալու զգացողութիւն տալ աշակերտին եւ մինչեւ իսկ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան չսիրէ ուսումը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 17, 2025