112 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

«…Քիչ առաջ թաղեցինք զինքը, չորս մարդով, ճիշդ չո՜րս մարդով ու առանց քահանայի: Երեսկեկ փոս մը փորեցինք, քիչ մը հող իր ազազուն մարմինին վրայ ու քանի մը քարի կտորուանքներ: Յետոյ, բոլորս մէկ ցո՜ւրտ «Հայր մեր» մը հատհատեցինք, ցած ձայնով ու թողուցինք զինք մինակ, իր անզգայ մենարանին մէջ...»: 

Այսպէս կը նկարագրէ Թլկատինցի թաղումը հայ վարժապետի մը՝ որ թոյն խմելով Պոլսոյ փողոցներուն մէջ վերջ կու տար իր կեանքին։ Թլկատինցի իր գրութեան սկիզբը կը նշէ, որ վարժապետի ինքնասպանութեան այս պատմութիւնը առնուած է իրական կեանքէ. շատերու ըսելով՝ ինքնասպանութիւն գործած վարժապետը հմուտ լեզուագէտ մըն էր, պաշտօնավարած Կարինի Սանասարեան վարժարանին մէջ: Թլկատինցի իր գրութեան մէջ չի՛ յիշեր վարժապետին ցաւը, սակայն, կրնանք ենթադրել, որ անցեալին ապրող վարժապետներու հասարակաց գիծն էր անտեսումը, աղքատութիւնն ու թշուառութիւնը. վարժապետը սակաւախօս էր եւ կը խուսափէր մարդոց հարցերուն պատասխան տալէ. Թլկատինցիի բառերով «զզուա՛ծ էր. տարամերժօրէն յաղթահարուած ու յուսահատ»: Անոր համար այլեւս մարած էր կեանքին լոյսը՝ իմաստը: 

Թլկատինցիի բողոքը, սակայն, վարժապետին վիճակէն աւելի մարդոց ցուցաբերած անտարբերութիւնն է. հայ ժողովուրդը անպաշտպան ու թշուառ վիճակի մատնած էր իր վարժապետը՝ որ երկար տարիներ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղած էր. այս անտարբերութիւնը Թլկատինցի հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ. «Ո՛չ ոք կեցաւ իր ճամբուն վրայ: Այստեղ տառապող հոգիի մը աղեխարշ հծծիւնը կայ. այնտեղ մեքենաներու ժահաբոյր աշխարհին խլացնող ու ճնշիչ աղմուկը. հո՛ս դժբախտի մը յուսահատ կանչը... հո՛ն գործարանին մահահրաւէ՜րը: 

Թլկատինցի իր այս գրութեամբ կ՚ուզէր քննադատել մարդոց փառամոլութիւնը. ան կը նշմարէր, որ մարդոց մէջ կամաց կամաց կը մեռնի խիղճն ու գութը. մարդոց մէջ կը զարգանար սեփական «ԵՍ»ի պաշտամունքը եւ շատ մը արժէքներ արդէն իսկ կամաց կամաց կ՚անշնչանային: Թլկատինցի լաւապէս կը նշմարէր, թէ ո՛ւր կ՚երթար մարդկութիւնը. «հաստատ» քայլերով մարդկութիւնը կ՚առաջնորդուէր դէպի մեր օրերը՝ դէպի նիւթապաշտութիւն եւ այդ մէկը տարօրինակ ու զարհուրելի կը թուար հայ գրողին համար: Ան իր զայրոյթն ու զարմանքը կը յայտնէ հետեւեալ տողերով. «Աւա՜ղ, մարդուն հոգին մետաղներուն անցած է, այսօր երկաթի ժանգոտած անիւներն են որ կ՚ապրին»: Այդ երկաթը դրամն էր. նիւթը, որ միայն ու միայն մարդու եսասիրութիւնը շոյելու կը ծառայէ եւ այս բոլորը Թլկատինցի կը կոչէ խաչելութիւն. խաչելութիւն՝ որ երբեք վերջ չունի: 

Թլկատինցիի բացատրութեամբ՝ վարժապետը լաւապէս գիտէր մարդկութեան պայքարը՝ որ Թլկատինցի գեղեցիկ բառով մը մահահրաւէր կը կոչէ, այդ իսկ պատճառով վարժապետը ո՛չ կը բողոքէր, ո՛չ կը խօսէր. մարդկային կեանքի մէջ տեղ գտած ամենէն դժուարին ու անլուծելի փուլին մէջ կը գտնուէր. այլեւս նպատակ չունէր: Հաւատացէ՛ք, որ մարդու համար առանց նպատակի ապրիլը շատ անգամ մահէն աւելի ծանր ու դժուար է: Գուցէ այս բոլորին ամօթն է, որ զինք առաջնորդած էր ինքնասպանութեան: Թլկատինցիի համար ամենէն զարհուրելին այն էր, որ հանգուցեալ վարժապետը ունէր կին ու որբ պզտիկներ: 

Մեր ազգը կը կարծէ, որ բոլոր անոնք որոնք ազգին համար կ՚աշխատին ու կը զոհուին՝ ըլլան անոնք ուսուցիչ, քահանայ թէ այլ ոլորտներու մշակներ, պարտաւոր են այդ բոլորը ընել: Վարժապետը ունի ընտանիք եւ մարդկային ամէն պէտքերը հոգալու պարտաւորութիւնը ունի. եթէ ան հրաժարի իր վարժապետութենէն, հրաժարի նոր սերունդները դաստիարակել ու կրթելէ քննադատութեան թիրախ պիտի դառնայ, սակայն, երբ պայքարի եւ անձնուիրաբար ծառայէ՝ անօթի պիտի մեռնի՝ իր հետ անմխիթար վիճակով ձգելով նաեւ կինն ու զաւակները:

Թլկատինցի ո՛չ կը քննադատէ վարժապետի թշուառ վիճակը եւ ո՛չ ալ ինքնասպանութիւնը, զոր գործեց, որովհետեւ այդ բոլորին մեղաւորը ինք կը ճանչնար մարդկութիւնը՝ հայութիւնը: Արփիար Արփիարեան իր կարգին նկարագրած է մահը նման այլ վարժապետի մը, որ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ կը փորձէր իր հրատարակած գիրքերէն մէկը ծախել՝ իր օրուան ապրուստը ապահովելու համար: Թլկատինցիի այս գրութիւնը 112 տարուան կեանք ունի.. սակայն պարագաները փոխուած չեն. այսօր եւս ունինք տարեց հայ գրողներ, որոնք երկար տարիներ հայ մամուլին եւ հայ դպրոցին ծառայելէ ետք իրենց վերջին աշխատութիւնները կը փորձեն ծախել՝ որպէսզի կարենան իրենց գոյութիւնը ապահովել: Հարիւր տարի առաջ այս գրութեամբ հայ ժողովուրդը գիտակցութեան չեկաւ. այսօրուան մեր գրածներով ալ գիտակցութեան պիտի չգայ. մի քանի տասնեակ տարիներ ետք՝ երբ այլեւս հայ լեզուի ուսուցիչ, հայ լեզուի մշակ պիտի չգտնուի... գուցէ այդ ժամանակ զգաստանանք: 

Մեր այսօրուան յօդուածը կ՚ուզենք վերջացնել դարձեալ Թլկատինցիի բառերով.

«Ո՜վ տարաժամ գթութի՜ւն, մեռած սրտին քով, անդունդին մէջ երկարած տժգոյն ճառագայթին հեգնութիւնն ես դո՛ւն»:

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աղքատութեան համար պէտք է մեղադրել անձը՞, թէ հասարակութիւնը:

Պատասխան. Աղքատութեան համար մեղադրանքը կարելի չէ դնել միայն անձին եւ կամ միայն հասարակութեան վրայ. երկուքին ալ դերը մեծ է: Անձը պատասխանատու է իր ընտրութիւններուն համար, սակայն, այդ ընտրութիւնները պայմանաւորուած են հասարակութեան ստեղծած պայմաններով: Եթէ հասարակութիւնը բաւարար աջակցութիւն ու հաւասար հնարաւորութիւն չի տար, ապա ամենէն փորձառու ու աշխատասէր մարդը նոյնիսկ կրնայ աղքատութեան մէջ մնալ: Հետեւաբար աղքատութիւնը վերացնելու համար պէտք է թէ՛ անհատը ջանասիրաբար աշխատի եւ թէ հասարակութիւնը ստեղծէ արդար ու հաւասար միջավայր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2025