ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕՐԷՆՍԴՐՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցւոյ աստուածային Հիմնադրէն եւ Անոր առաքեալներէն յետոյ, միայն տիեզերական կամ ընդհանրական ժողովը կարող է սահմանել այնպիսի օրէնքներ՝ որոնք «պարտաւորական զօրութիւն» ունենան համօրէն քրիստոնէական Եկեղեցիին համար։
Այդ սկզբունքը կ՚ընդունին բոլոր տեղական եկեղեցիները։ Բայց որովհետեւ զանազան եկեղեցիներ զանազան ժամանակ ունեցած են տարբեր հայեացք ժողովի մը տիեզերական նշանակութեան մասին, ուստի կան ժողովներ՝ որոնք մէկ կամ մի քանի եկեղեցիներու մէջ կ՚ընդունուին իբրեւ այդպիսիներ, իսկ միւս եկեղեցիները չեն ընդունիր։
Այս պատճառով, ահաւասիկ, իսկական իմաստով «տիեզերական ժողով» կարելի են համարուիլ, միայն առաջին Նիկիանը, Կ. Պոլիսը եւ Եփեսոսինը՝ որոնց կանոններու ընդհանուր պարտաւորական օրէնքի զօրութիւնը կ՚ընդունին բոլոր տեղական եկեղեցիները։ Այնուհետեւ թէպէտ Քաղկեդոնի, Կ. Պոլսոյ երկրորդ (553) եւ երրորդ (680) եւ Նիկիայի երկրորդ (787) ժողովները ընդունուած են յոյն եւ յունադաւան եւ հռոմէադաւան եկեղեցիներու մէջ, բայց որովհետեւ անոնք չէ ընդունած հնագոյն եկեղեցիներէն մին՝ Հայոց եկեղեցին, ուստի անոնք կը կորսնցնեն իրենց «տիեզերական» նշանակութիւնը բառին ճիշդ իմաստով։
Աւելի եւս, քիչ տիեզերականութիւն ունին բազմաթիւ ժողովներ, որոնք գումարուած են զանազան եկեղեցիներու կողմէ եւ կը համարուին իբրեւ տիեզերականներ։ Վասն որոյ ընդհանուր գրաւոր օրէնսդրական աղբիւրներու զօրութիւն ունին։
Նիկիայի ժողովի՝ որ գումարուեցաւ 325 թուականին, 20 կանոնը եկեղեցական աստուածպաշտութեան, կառավարութեան եւ կարգապահութեան (disciplina) մասին։
Կ. Պոլսոյ ժողովի, որ գումարուեցաւ 381 թուականին, 7 կանոն եկեղեցական կառավարութեան մասին եւ
Եփեսոսի ժողովի, որ գումարուեցաւ 431 թուականին, 8 կանոն։ Թէպէտ այս ժողովը իսկապէս առանձին կանոններ չհաստատեց, բայց բոլոր եկեղեցիներուն ուղարկուած անոր շրջաբերական նամանկներէն, որոնք կը պարունակէին ժողովի վճիռները, շատ շուտով քաղուեցան զանազան կտորներ եւ ստացան կանոններու կերպարանք։ Յետոյ անոնք մտան բոլոր եկեղեցական կանոնագիրքերու մէջ եւ այնուհետեւ ստացան «պարտաւորական օրէնք»ի զօրութիւն ընդհանուր եկեղեցիի մէջ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի միւս «տիեզերական» կոչուած ժողովներու կանոններուն. կը դրուին անոնք տեղական եկեղեցիներու գրաւոր աղբիւրներու մէջ՝ վերոյբացատրեալ պատճառով։
Բացի յիշեալ երեք տիեզերական ժողովէն կան նաեւ եօթ հատ «տեղական ժողով», որոնց կանոնները կարելի է ընդհանուր գրաւոր օրէնսդրական աղբիւր համարել, որովհետեւ անոնք մտած են բոլոր տեղական եկեղեցիներու կանոնագիրքերու մէջ եւ ընդունելութիւն եւ գործածութիւն գտած են։
Այս «տեղական ժողովներ»ն են.
Անկիւրիայի ժողով. 313-ին, 25 կանոն,
Նեոյկեսարիայի ժողով. 315-ին, 15 կանոն,
Գանգրայի ժողով. 340-370 (թուականը ճիշդ յայտնի չէ), 21 կանոն,
Անտիոքի ժողով. 341-ին, 25 կանոն,
Լաւոդիկէի ժողով. 364-ին (բայց այդ մեծամասնութեան կարծիքն է. իսկ ճիշդ թուականը յայտնի չէ), 60 կանոն,
Սարդիկիայի ժողով. 344-ին, 20 կանոն,
Կարթագենի ժողով. 147 կանոն։
Կարթագենեան կանոնները հաստատուեցան ո՛չ թէ մէկ ժողովի մէջ, այլ մի քանի ժողովներու մէջ, որոնք հետզհետէ գումարուեցան Ափրիկէի մէջ՝ 390, 393, 397, 401, 402, 403, 407, 418 եւ 419 թուականներուն…
- Սկզբնաղբիւր.- Վահան Վրդ. Բաստամյանց «Կանոնագիտական երկեր». աշխատասիրութեամբ՝ Ա. Բոզոյանի, Սուրբ Էջմիածին, 2015։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 16, 2025, Իսթանպուլ