ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ՝ ՄԽԻԹԱՐԻ՛Չ

Անշուշտ կարելի չէ ըսել, թէ վիշտ եւ արցունք չըլլայ աշխարհիս վրայ։ Բայց Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը գերազա՛նց է։ Բառերով կարելի չէ բացատրել ի՛նչ որ Աստուած կ՚ընէ վշտաբեկ եւ ցաւատանջ սիրտերու։ Վշտակիր եւ ցաւակիր սիրտեր միշտ կը կարօտին մխիթարութեան։ Յոբ անշուշտ մեծ մխիթարութիւն եւ ուրախութիւն կը պատճառէ վշտահարին, բայց սքանչելի՜ Մխիթարիչը Սուրբ Հոգին է։

«Սուրբ Հոգի». ա՛յս է յատուկ անունը Անոր՝ զոր մենք կը պաշտենք եւ Հօր եւ Որդիին հետ կը փառաւորենք։ «Հոգի» բառը կը թարգմանուի եբրայերէն «Ռուահ» բառով, որ իր առաջին իմաստով կը նշանակէ շունչ, օդ, հով։ Յիսուս, արդարեւ, կ՚օգտագործէ հովին շօշափելի պատկերը թելադրելու համար Նիկոդեմոսին Աստուծոյ անձնական Շունչը եղող աստուածային Հոգիին վերանցնական նորութիւնները։ Միւս կողմէն, «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը՝ աստուածային ստորոգելիներ են, որոնք հասարակաց են աստուածային երեք Անձերուն։

Սակայն Աստուածաշունչը ծիսակատարումը եւ աստուածաբանական բարբառը՝ այս երկու բառերը իրարու միացնելով կը նշանակեն անպատում Անձը Սուրբ Հոգիին, «հոգի» եւ «սուրբ» բառերուն միւս կիրարկումներուն հետ առանց հնարաւոր շփոթումի։ Սուրբ Հոգիին ուղղակի վերաբերող մարգարէական բնագրերը պատգամներ են՝ ուր Աստուած կը խօսի Իր ժողովուրդին սրտին՝ «սիրոյ եւ հաւատարմութեան» շեշտերով եւ խոստումին լեզուով, որուն իրականացումը պիտի հռչակուի Պետրոս առաքեալի կողմէ Հոգեգալստեան առաւօտը. (ԳՈՐԾ. Բ 17-21)։

Ըստ այս խոստումին. «վերջին ժամանակներուն» մէջ, Տիրոջ Հոգին պիտի վերանորոգէ մարդոց սիրտը, նոր օրէնք մը արձանագրելով անոնց մէջ. Ան պիտի համախմբէ եւ հաշտեցնէ ցիրուցան եւ բաժանուած ժողովուրդները, պիտի մխիթարէ զանոնք եւ պիտի կերպարանափոխէ առաջին արարաչութիւնը եւ հոն Աստուած պիտի բնակի մարդոց հետ խաղաղութեան մէջ։

Յիսուս երբ Սուրբ Հոգիին գալուստը կ՚աւետէ եւ կը խոստանայ՝ տառացիօրէն. «Ան որ մօտը կանչուած է», սովորաբար թարգմանուած է «Մխիթարիչ» բառով, առաջին Մխիթարիչը Յիսուս ըլլալով. (Ա ՅՈՎՀ. Բ 1), (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։

Տէրը Սուրբ Հոգին «Ճշմարտութեան Հոգին» կը կոչէ։

Աստուած հաւատարիմ է եւ ամենակալ, ամենակարող եւ ամենատես։ Յիսուս՝ փրկի՛չ է։ Պէ՛տք է ընդունիլ այս ճշմարտութիւնը եւ վստահիլ Անոր որպէս Փրկիչ, նաեւ Բժիշկ։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Անիկա կը ներէ քու բոլոր մեղքերդ եւ կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ»։ Ուստի, վստահի՛նք Իրեն որպէս կատարեալ եւ հրաշագործ բժիշկ։

Կարելի է հարցնել, թէ՝ հապա ինչո՞ւ Ան երբեմն չի բժշկեր։ Անկեղծօրէն ըսենք, որ «խորհուրդ» մըն է ասիկա եւ կարելի չէ յստակ պատասխան մը տալ այդ հարցումին։ Բայց օր մը պիտի կարենանք պատասխան մը ստանալ։

Ոմանք տեւապէս կ՚աղօթեն առանց վհատելու՝ ամէն օր. բացատրութիւններ ունին եւ անոնք կը շարունակեն Տէրոջը երեսը խնդրել եւ Անոր մեծամեծ գործը տեսնել։ Եւ մենք ալ, խոնարհինք եւ խնդրենք Տէրոջը երեսը, որպէսզի Անոր հրաշքները վայելենք մեր կեանքերուն մէջ։ Հրաշքը միշտ կը պատահի։ Աստուծայ փառք տանք Իր հաւատարմութեան համար։

Փառք տանք Աստուծոյ՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, հաւատարիմ Աստուած երբեք չի թողուր մարդը՝ Իր որդիները, քանի որ Իր ուրախութիւնը եւ փառաբանութիւնը մեր սրտերը լեցուցած են…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 17, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2025