ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մաքրութիւնը՝ թէ՛ մարմնական, թէ՛ բարոյական կարեւոր տեղ կը գրաւէ մարդկային կեանքին մէջ։ Այս ուղղութեամբ, ինչպէս մարդկային արարքներու մէջ, նաեւ խօսքերու եւ մտածումներու մէջ ալ մաքրութիւնը անհրաժեշտ կը նկատուի։ Եւ այս սահմաններուն մէջ՝ մարդ գրեթէ կարելիութիւն չի տեսներ բացարձակապէս մաքուր ապրելու։ Ֆիզիքապէս առողջ եւ զօրաւոր մարդու մը համար պատանեկութենէն մինչեւ ծերութիւն, ո՛չ թէ արարքով, այլ նայուածքով, խորհուրդով եւ զգացումով այս օրէնքին հաւատարիմ մնալը կարծես թէ մարդկային կարողութենէն վեր բան մը պահանջել է, բայց հաւատալու է, թէ ամէն միջավայրի մէջ կան մարդիկ, հոգ չէ թէ անոնց թիւը շատ սահմանափակ ըլլայ, որոնք այս օրէնքին հաւատարիմ մնալու կարողութիւնը եւ շնորհքը ունեցած են։
Յիշենք հոս սակայն, թէ՝ ընդունելով հանդերձ այս օրէնքը տառապէս գործադրելու դժուարութիւնը, պիտի ըսուի անկարելիութիւնը, բարոյական էակին՝ մարդո՛ւն պարտքն է, եւ մարդ էակին հաւաքականութեան ճշմարիտ բարօրութեան պահանջն է անկեղծօրէն որդեգրել այն գաղափարականը, քալել դէպի այն իր կամքի եւ Աստուծոյ ուժին, ամենազօրութեան վստահիլ եւ ապաւինիլ, եւ այսպէս առանց իր մտքին մէջ տեղ տալու աշխարհիկ մարդոց հաճոյքի ազատութեան դաւանանքին։ Եւ այս պէ՛տք է ըլլայ, ինչպէս կարծելի է, ամէն առաքինի եւ ազնուական մարդու եւ ճշմարիտ քրիստոնեայի հոգը եւ անձկութիւնը։ Արդարեւ, մաքրութեան այս օրէնքին հանդէպ կարելի է մարդիկ երեք դասակարգի վերածել։
Առաջին դասակարգին կը պատկանին անոնք՝ որոնք բացարձակապէս կ՚ուրանան այդ տեսակ օրէնքի մը գոյութեան իրաւունքը. չեն ընդունիր «ապօրինի հաճոյք»ի բացատրութիւնը, եւ առանց որեւէ նկատումի եւ խղճահարութեան, եւ վերը յիշուած քանի մը պայմաններէն զատ, կը մխրճին անոնց մէջ, իրենց փափաքին եւ պատեհութեան համեմատ, եւ դժբախտ իրողութիւնը այն եղած է, թէ իրենց սովորութեան հետեւանքով եւ կիրքին ուժգնութենէն քշուած մէկիկ մէկիկ կը քանդեն իրենց իսկ ընդունած քանի մը սահմաններն ալ, հետզհետէ խուլ կը դառնան իրենց ներսը գտնուած «դատաւոր»ին ձայնին, եւ ա՛լ չեն կրնար մաքուրը անմաքուրէն. ուղիղը սխալէն զանազանել։ Ոտնակոխ կ՚ընեն շարունակ առողջութեան, պատիւի, նիւթական կարողութեան, ազնուութեան եւ հաւատարմութեան ամէն պահանջ եւ հետզհետէ անկումէ անկում եւ անդունդէ անդունդ կը գլորին, իրենց հետ կործանելով իրենց ընտանիքի անդամներուն պատիւը, ներկան եւ ապագան։ Այս կերպով մարած եւ խաւարած խիղճերուն եւ հոգիներուն վիճակը բարոյական էակին ամենէն ահաւոր մէկ վիճակն է։ Վերականգումի յոյսը շատ տկար է անոնց համար։
Երկրորդ դասակարգը վերը յիշուած առտարոց հաճոյամոլներու դասակարգէն կը տարբերի սա կէտին մէջ, որ ասոնք տեսականօրէն կ՚ընդունին այս տեսակ օրէնքի մը կարեւորութիւնը, բայց, գործնապէս կը դաւանին, թէ մարդ իրաւունք ունի՝ «կախակայել» զայն երբեմն, եւ պարագային ներկայացած ատեն ըմբոշխնել այդ կարգի հաճոյքներ. միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, թէ այս կախակայումը իրենց ընկերային-ընտանեկան պարտականութեան անհաւատարմութիւն չի նշանակեր։ Այս դասակարգը, որ մաքրութեան օրէնքը լիովին չըմբնողները կը կազմեն, պէտք ունին աւելի լոյսի եւ լաւագոյն հասկացողութեան մը։
Երրորդ դասակարգը գաղափարական մաքրութեան օրէնքին անհրաժեշտութիւնը անկեղծօրէն կ՚ընդունի. չի հանդուրժեր անոր նոյնիսկ առժամապէս կախակայուելու արտառոց գաղափարին եւ անկեղծօրէն կը ջանայ գործքով եւ կեանքով ապրիլ այդ գաղափարականին համեմատ։ Բայց, մարդկային տկարութեան եւ փորձութեան ենթակայ՝ դէպի գաղափարականը յառաջանալու իր ընթացքին մէջ, թէեւ ո՛չ արարքով, բայց խորհուրդով եւ զգացումով գայթումներ եւ անկումներ կ՚ունենայ։ Իր այս անկումին հետեւանքով իսկ իր խիղճը խստիւ կը դատապարտէ զինք։ Բայց իր անկումը ուղիղ դիրքի մէջ եղած է դէպի մաքրութիւն եւ ուղղութիւն յառաջացած ժամանակ սահած է, զոր չ՚արդարացներ։ Կարեկցութեան, եթէ կարելի է ըսել, նոյնիսկ յարգանքի արժանի պէտք է նկատել զինք։
Աւելորդ կը նկատուի միւս դասակարգը՝ որ գաղափարով, զգացումով եւ գործով կատարելապէս մաքուր կեանքով մը կ՚ապրի մինչեւ գերեզման… երանի՜ այդ դասակարգին…
Արդարեւ, ամէն բարոյական էակի մէջ երկու ուժ գոյութիւն ունի. ապօրինի փափաքներու ուժը եւ պարտականութեան դրդումին ուժը, երկու ձայն կայ՝ հաճոյքի ձայնը եւ խղճին ձայնը, անսասան «Ես»ին ձայնը եւ բանական-բարոյական էակին ձայնը։ Ասոնք շարունակ իրարու դէմ պայքարի մէջ են այն մարդուն համար, որ կը ջանայ ուղիղին հետեւիլ։
Մարդուն բարձրացումը եւ անկումը արդի՛ւնք են մէկուն կամ միւսին տիրապետութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 17, 2026, Իսթանպուլ