ԱՊՐԻԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԾ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԵԼ
Հայ գրականութեան մէջ թէեւ ինքնասպան եղող գրողներ ունեցած ենք, սակայն, ինքնասպանութեան եւ մահուան մասին այնքան ալ լայն գրականութիւն մը չունինք։ Բայց եւ այնպէս, յատկանշական է հայ գրող Նար-Դոսի 114 տարիներ առաջ՝ 1912 թուականին Թիֆլիզի մէջ հրատարակած «Մահը» աշխատութիւնը, որ ամբողջութեամբ ինքնասպան երիտասարդի մը մասին կը պատմէ։ Այս աշխատութեան մէջ Նար-Դոս յանդուգն ու խիզախ արտայայտութիւններ կ՚ունենայ մահուան եւ կեանքին մասին: Նար-Դոսի այս վէպը իրականութեան մէջ երկար է. վէպ՝ որ կը ներկայացնէ ինքնասպանի մը հոգեկան աշխարհը եւ փիլիսոփայական ձեւով կը փորձէ վերլուծել զանոնք. վէպ՝ որ մարդուն դիմաց կը դնէ կեանքի լաւատես ու յոռետես երկու երեսակները:
Յայտնենք, որ այս աշխատութիւնը պարզապէս երեւակայութեան արդիւնք չէ. Նար-Դոս իր այս վէպին վրայ աշխատած է մօտաւորապէս քառորդ դար՝ 24 տարի։ Իր այս աշխատութեամբ Նար-Դոս փորձած է ներկայացնել աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր տիպարներ՝ մին լաւատես, իսկ միւսը յոռետես. անհատներ՝ որոնք հակառակ իրենց տարբերութեան, ունին հասարակաց գիծ մը. կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչ է կեանքը, ի՞նչ է մահը. կ՚արժէ՞ ապրիլ՝ սակայն տառապիլ, թէ ոչ մահը աւելի վեհ է տառապանքէն եւ ամբողջ վէպը այդ ընտրութիւններու վերլուծութիւնն է, որ կու տայ մարդուն: Փիլիսոփայական ու վերլուծական մտածումներով լեցուն այս վէպը գրականութեան մէջ իր կարեւոր տեղը ունի եւ կարելի է Նար-Դոսի գլուխ գործոցներէն մէկը նկատել:
Անշուշտ, այս վէպի ամբողջական վերլուծութենէն հեռու պիտի մնանք, սակայն, Նար-Դոսի բոլոր վէպերը մեր աչքին առջեւ ունենալով կարելի է ըսել, թէ հայ մտաւորականը լաւատես անձ մը չէ եղած. անոր վէպերուն գրեթէ բոլոր հերոսները միշտ գացած են դէպի մահ: Օտար փիլիսոփաներ մահը կը նկարագրեն որպէս բնական երեւոյթ եւ մարդկային կեանքի անխուսափելի մէկ հանգրուանը, սակայն, ի տարբերութիւն անոնց, Նար-Դոս իր աշխատութիւններուն մէջ մահը մի՛շտ կը ներկայացնէ որպէս տառապանքէն խուսափելու եւ ազատելու միջոց, որովհետեւ Նար-Դոս մարդկային հոգին ու անոր խաղաղութիւնը շատ աւելի կը կարեւորէ, քան մարդկային ժամանակաւոր կեանքը: Նար-Դոսի այս մտածումները հասկնալու համար մեզի համար կարեւոր է «Մահը» աշխատութեան մէջ ինքնասպանութիւն գործող Լեւոն Շահեանի վերջին երկարաշունչ նամակը՝ որ կը գրէ ինքնասպանութենէն վայրկեաններ առաջ։ Լեւոն իր նամակին մէջ կը խնդրէ, որ իր ինքնասպանութեան համար մեղաւորներ չի փնտռեն եւ կը գրէ հետեւեալը. «Անձնասպանութեանս համար ոչ ոքի չմեղադրեն: Կամ եթէ ուզում են անպատճառ մեղադրել մէկուն, թող մեղադրեն անոր կամ այն բանին (անունը չեմ գիտեր. հաւատացեալները Աստուած կ՚ըսեն), որու կամքով ես անգոյութենէն գոյութիւն եկայ, ապրեցայ ամբողջ 27 տարի առանց գիտնալու, թէ ինչու եւ այժմ գոյութենէն կ՚երթամ դէպի անգոյութիւն՝ զզուած եւ ձանձրացած այն բոլորէն, ինչ որ տեսայ աշխարհ կոչուած այս հսկայական յիմարանոցում»: Այս բոլորը Նար-Դոսի ճշմարիտ համոզումներն էին թէ ոչ՝ չենք գիտեր, որովհետեւ Նար-Դոս իր վէպին մէջ շատ անգամ կը քննադատէ իր իսկ հերոսը. օրինակի համար, տեղ մը կը գրէ. «Շահեան տղամարդ չէր եւ չունէր տղամարդու արժանապատուութիւն»: Անշուշտ, Շահեան ինքնասպանութիւն ընել որոշած էր, սակայն, վերջին նամակէն յստակ կ՚երեւի, թէ մտահոգ է նաեւ մարդոց կարծիքով՝ մարդոց ըսի ըսաւով. իր նամակին մէջ կը գրէ. «Զարմանալի տափակութիւն կայ մարդկանց ուղեղի մէջ. երբ որ տեսնում են որ որեւէ մէկի անձնասպանութեան մէջ շօշափելի կերպով ոչ ոք մեղաւոր չէ, նրանք իրենց բոլոր մեղադրանքը թափում են անձնասպանի գլխին»։ Ինքնասպանը թէեւ կը նշէր, որ իր մահուան մէջ ո՛չ ոք մեղաւոր է, միւս կողմէ, կ՚ուզէ այդ բեռը նաեւ իր վրայէն նետել. կ՚ուզէ, որ մարդիկ հասկնան, թէ ինքնասպանութիւնը, զոր ինք կը գործէ, քննադատելի եւ պախարակելի արարք մը չէ եւ նոյնիսկ ինքնասպանութիւն գործողը «մեղաւոր» կամ «պախարակելի» չէ. հակառակը. Նար-Դոս իր նամակին մէջ կը գրէ, թէ մարդիկ ո՛չ թէ պէտք է քննադատեն ինքնասպան եղողը, այլ «փառս պիտի բարձրացնեն»:
Անշուշտ, Նար-Դոսի այս նամակին մէջ կեանքի դէմ բազմաթի՜ւ յոռետես արտայայտութիւններ կան. օրինակի համար, կը գրէ. «Ապրիլ կը նշանակէ ամենէն մեծ յիմարութիւնը գործել» եւ այս համոզումին լոյսին տակ հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ մեղադրել ու այպանել ինքնասպան մը, որ կամովին կ՚ուզէ դուրս գալ այդ յիմարութենէն: Բոլորը ինքնասպանը խելագար կը կարծեն, սակայն, Նար-Դոս կըսէ. «Գիտէ՞ր որն է իսկական, արտօնեալ խելագարութիւնը.- այն, երբ կը զգաս, կը տեսնես, կը համոզուիս որ կեանքը անիմաստ բան է, սակայն կը շարունակես ո՛չ միայն ապրիլ, այլ կաշիէդ դուրս կու գաս որ երկար ապրիս»: Հետեւաբար իրեն համար «անձնասպանները ո՛չ թէ խելագար են, այլ ամենէն իմաստուն մարդիկ»: Նար-Դոսի համար ինքնասպանը թէ՛ քաջ եւ թէ խելացի անձ է. անշուշտ, այստեղ կարելի է գտնել արուեստագէտի նրբութիւն մը։ Նար-Դոս մարդկային ու մարմնական կեանքէն աւելի կը կարեւորէ հոգեկանը, յուզական աշխարհը՝ ինչ որ իր ինքնութիւնն ու բնաւորութեան գիծերուն արտայայտութիւններն են։ Նար-Դոս ինքնասպան եղած մտաւորական մը չէ, սակայն, անոր բոլոր վէպերուն մէջ կարելի է գտնել մահը. գուցէ այդ մէկը արտացոլացումն է իր երկիւղին, որովհետեւ իր վէպերուն մէջ Նար-Դոս միայն դէպքեր ու դրուագներ չի պատմեր, ընթացքին կը փորձէ վերլուծել կեանքի ինչութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Առողջ եւ կենսաբոյր մարդկային մարմինը արարչագործութեան գլուխ գործոցն է: Մարդը կենդանի Աստուծոյ տաճարն է: Քրիստոնէական այս որակումը ամենէն պերճախօս լեզուն է մարդուն բարձրութիւնը հասկցնելու համար: Բարոյական ապականութիւնները եւ ֆիզիքական հիւանդութիւնները քայքայելով հոյակապ տաճար-մարդը՝ տգեղ եւ տխուր աւերակի երեւոյթը կու տան անոր: Առողջութիւնը կը նմանի հազարթելեան տաւիղի մը, որուն իւրաքանչիւր լարերը նորոգուած, շտկուած կամ յարդարուած ըլլալու են ներդաշնակ եղանակներ յօրինելու համար:
ՏՔԹ. ՄԻՍԱՔ ՇԱՄԼԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան