ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ

Զոհողութիւնը՝ իր ամենապարզ մեկնութեամբ, մարդուն իրմէ, իր ունեցածը կամ ունեցածէն մէկ մասը սիրայօժար ուրիշի մը տալու պատրաստակամութիւն մըն է։ Այս իմաստով, զոհողութիւնը, ուրիշի մը ի նպաստ կամաւոր զրկանք մըն է։ Ան կրնայ ըլլալ նիւթական կամ հոգեկան։ Կրնայ ստացուած ըլլալ, կրնայ ժամանակ տրամադրել եւ կամ բարոյական որեւէ արժէք։

«Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ…». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։

Յովհաննու Աւետարանի այս հատուածը ցոյց կու տայ, թէ «սէր» եւ «զոհողութիւն»՝ սերտօրէն կապուած են իրարու։ Զոհողութեան դրդապատճառը եւ մղիչ ուժը սէ՛րն է, որուն օրինակները կարելի է տեսնել Հին Ուխտի մէջ, ինչպէս մեր առօրեային մէջ. չէ՞ որ մարդ անկեղծ սիրոյ պատճառով կրնայ ամէն ինչ աչք առնել, մինչեւ իսկ մա՛հը։

Արդարեւ, զոհողութեան եւ սիրոյ ամենայստակ տիպարը եւ պատկերացումն է Յիսուս Քրիստոս։ Քանի որ Ան զոհաբերուեցաւ մարդկութեան համար, ցոյց տալով իր խօսքին ճշմարտութիւնը, թէ՝ «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Յիսուս ճշմարտութիւնը քարոզեց ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով՝ նոյնիսկ իր տիպարով։

Սիրոյ կատարեալ օրինակներ կան Սուրբ Գիրքին մէջ՝ թէ՛ Հին կտակարանին եւ թէ Նոր կտակարանին մէջ՝ որոնց գագաթնակէտն է Յիսուսի կամաւոր խաչելութիւնը։ Ինքզինք զոհել սիրոյ գագաթակէ՛տն է։ Եւ այս սիրոյն եւ զոհաբերումին հասնելու ճամբան է «նորէն ծնիլ» այսինքն՝ մկրտուիլ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ Նիկոդէմոսին. (ՅՈՎՀ. Գ 1-15)։

Յիսուս՝ Սիրոյ Թագաւորն է եւ այդ պատճառով զոհաբերման կատարեալ իրագործումը ցոյց տուաւ Իր իսկ կեանքով՝ խաչուելով եւ ապա Յարութիւն առնելով։ Ան ցոյց տուաւ, թէ գերագոյն պատուիրանն է Սէրը՝ անկեղծ եւ անշահախնդի՛ր, զոհելու եւ զոհուելու պատրաստ այդ աստուածատուր զգացումը։ Սէրը՝ որ յանձն կ՚առնէ զոհուիլը, գերագոյն պատկերացումն է հաւատքին։

Սէրը, արդարեւ Աստուծոյ մարմնացումն է. սէրը հաղորդակցութեան ապահով ճամբան է, անոնք որ սիրով կը դիմեն Աստուծոյ՝ կ՚ընդունուին որպէս որդիներ։ Սէրը լրումն է ամբողջ օրէնքին։ Սէրը դրսեւորումն է Աստուծոյ կամքին։ Սէրը՝ պատճառն է մարդուն ստեղծութեան, Աստուած մարդը ստեղծեց սիրով եւ սիրոյ համար։ Մարդը սիրոյ միջոցով է, որ կը մօտենայ իր Արարչին՝ Աստուծոյ։

Սէրը նմանութիւն է Աստուծոյ։

Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն ուղեալ գրած իր առաջին նամակին մէջ Սէրը կը բացատրէ իր բոլոր հանգամանքներով. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 1-13)։ Եւ սէրը ամբողջ Աւետարանին ամփոփումն է, քանի որ Աստուած Սէ՛ր է։

Սէրը կեանքն իսկ է, որ մղոնն է զոհողութեան։

Յիսուս Ի՛նք ցոյց կու տայ գերագոյն ապացոյցը սիրոյն՝ որ պիտի ըլլայ Իր կեանքին զոհաբերումը «մեղքերու թողութեան համար». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 28)։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, որ երկինքէն իջաւ կատարելու ո՛չ թէ Իր կամքը, այլ՝ Հօր կամքը, որ առաքեց զԻնք. (ՅՈՎՀ. Զ 38), «աշխարհ գալով ըսաւ.- Ահաւասիկ կու գամ կատարելու Քու կամքդ, ո՛վ Աստուած… Այս կամքին զօրութեամբ է, որ մենք միանգամ ընդ միշտ կը սրբանանք պատարագով Յիսուսի Քրիստոսի մարմինին». (ԵԲՐ. Ժ 5-10)։

Իր Մարդեղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ, Որդին կը նուիրուի՝ կը զոհուի աստուածային փրկութեան ծրագրին՝ Իր փրկչական առաքելութեան մէջ. «Իմ կերակուրս այն է, որ կատարեմ Անոր կամքը, որ առաքեց զԻս եւ բարւոք աւարտեմ Անոր գործը». (ՅՈՎՀ. Դ 34)։ Յիսուսի զոհաբերումը «համայն աշխարհի մեղքերուն համար». (Ա ՅՈՎՀ. Բ 2) արտայայտութիւնն է Իր սիրոյ հաղորդութեան՝ Հօր հետ. «Հայրը կը սիրէ զԻս, որովհետեւ Ես Իմ կեանքս կու տամ». (ՅՈՎՀ. Ժ 17)։ «Հարկ է, որ աշխարհը գիտնայ, թէ Ես կը սիրեմ Հայրը եւ ինչպէս որ պատուիրեց Ինծի Հայրը՝ Ես ալ այնպէս կ՚ընեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 31)։

Մեր կեանքին մէջ անպակաս ըլլայ Սէրը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 18, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025