ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԵ.)
Երէկուան մեր յօդուածը աւարտեցինք կարեւոր հարցով մը. վերյիշելու համար այստեղ դարձեալ կը կրկնենք, որպէսզի խօսինք անոր յառաջացուցած հոգեբանական ու մանկավարժական հարցերուն մասին. «Տեսա՞ծ էք պատանիներ, որոնց երբ հարց տաք, մայրը կը պատասխանէ»:
Առաջին հերթին յստակ է, որ զաւակին տեղ մօր պատասխանելը արդիւնքն է իր զաւակը լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու եւ կամ պաշտպանելու, որպէսզի զաւակը շփոթութեան չմատնուի եւ կամ կարենայ հարցին լիովին պատասխանել՝ առանց սխալներու ու կաշկանդումի. նպատակը կրնայ դրական ըլլալ, սակայն, հոգեբանական որոշ հետեւանքներ կրնայ ունենալ այդ մէկը: Թուենք խնդիրները:
Ա.- Ինքնավստահութիւն.- Երբ ուրիշներ կը պատասխանեն իր տեղ, զաւակը կրնայ մտածել, որ իր միտքերը բաւարար հասուն չեն եւ կամ արժէքաւոր չեն եւ ինք շրջանակի մէջ չունի այն ուժը, որպէսզի յաջողի առանց միջամտութեան ինքզինք ներկայացնել: Այդ մտածումը կը քայքայէ ինքնավստահութիւնը եւ կը կաշկանդէ ազատութեան զգացումը: Եթէ այդ մէկը յաճախակի ըլլայ եւ մաս դառնայ մանուկի առօրեային, ապա ապագան աւելի դժուարացած կ՚ըլլայ. իւրաքանչիւր հարցի համար մանուկը ստիպուած կ՚ըլլայ մօրը աչքերուն մէջ նայիլ եւ անինքնավստահ կեցուած ունենալ: Պէտք է ազատութիւն տալ երեխային, որպէսզի արտայայտուի՝ նոյնիսկ եթէ սխալ պիտի արտայայտուի: Սխալը կը սրբագրուի, սակայն, հոգեբանական հարցերը կրնան շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ու հետեւանք ունենալ:
Բ.- Կախուածութիւն.- Ինչպէս վերը ըսինք, իւրաքանչիւր հարցի ժամանակ երեխան կարիքը պիտի զգայ իր մօր. մեծագոյն վնասը՝ որ կրնանք մեր զաւակներուն տալ, իրենց հանդէպ կապուածութիւն ստեղծելն է: Մայրը միշտ ներկայ պիտի չըլլայ իր զաւկին ապագայ կեանքին մէջ. թէ՛ դպրոց, թէ՛ աշխատանքային միջավայր, թէ՛ անձնական յարաբերութիւններ. նման մանուկներու մօտ (ինչ որ պատանեկութեան ու երիտասարդութեան ալ կ՚ազդէ) կը տեսնենք որոշում կայացնելու դժուարութիւն. իւրաքանչիւր որոշումի համար անոնք ո՛չ թէ ծնողքի կարծիքը առնելու կարիքը կը զգան, այլ կը հաւատան, որ ծնողքը ինք կը կայացնէ որոշումները: Զաւակին քով անկախութիւնը կը սկսի այն ժամանակ, երբ ինք սկսի որոշում կայացնել, սակայն, նման հոգեկան բռնութեամբ ծնողքներ «բարիք»ի շուքին տակ այդ ազատութիւնը ոտնակոխ կ՚ընեն: Զաւակը խօսելու եւ կամ գործելու ժամանակ ուրիշներուն պէտք պիտի չունենայ: Նոյնն է պարագան դպրոցին. յաջողած ուսուցիչը ա՛յն է, որ կը յաջողի աշակերտին մէջ դասին հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ստեղծել եւ աշակերտը մղել սորվելու եւ կարդալու՝ նոյնիսկ երբ ինք դասարանին մէջ չէ: Մենք ալ որպէս ծնողք պարտաւորութիւնը ունինք զիրենք դաստիարակել ու պատրաստել ապագայ կեանքին՝ ուր հասակակիցներու եւ ուրիշներու դիմաց զաւակը պիտի ունենայ իր խօսքն ու որոշումը:
Գ.- Անյաջողութեան վախ.- Այդ հոգեբանութեամբ հասակ առնող զաւակները իրենց մէջ միշտ կ՚ունենան սխալ արտայայտուելու եւ ձախողելու վախը: Որպէս ծնողք պէտք է համոզուինք, որ անոնց սխալ արտայայտուիլը մահացու մեղք մը չէ. աւելի լաւ է սխալ արտայայտուին՝ սակայն սեփական կարծիք ունենան: Ժամանակի ընթացքին այդ սխալներն ու թերութիւնները կրնան սրբագրուիլ: Այս բոլորին հետեւանքը ըսենք ի՛նչ են. օրինակի համար՝ նման մանուկներ դասարանային քննարկումներէն հեռու կը մնան. ուսուցիչը հարցում կը հարցնէ, թէեւ անոր պատասխանը գիտեն, սակայն կը խուսափին պատասխանելէ, որովհետեւ իրենց մէջ միշտ գոյութիւն կ՚ունենայ այն վախը, որ սխալ պատասխան պիտի տան. նման անձեր նոյնիսկ դպրոցական շրջանակէն ներս կ՚ունենան քիչ թիւով ընկերներ: Այդ վախը բնականաբար երիտասարդութեան եւ նոյնիսկ մեծահասակ եղած ժամանակ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ: Հետեւաբար կը տեսնենք, որ պարզ կարծուած երեւոյթ մը ինչպիսի հոգեբանական բարդ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Մեր զաւակներուն մէջ անվստահութիւն սերմանելով անոնց մէջէն կը հեռացնենք քննադատական մտածողութիւնը. մեր զաւակները պէտք է իրենց կարծիքները բարձրաձայնեն. մեր տուած պատասխանները իրենց մօտ որոշ տիպեր կը ստեղծէ եւ անոնք իւրաքանչիւր հարցումի դիմաց տրամաբանելու փոխարէն կը սկսին այդ տիպերը գործածել՝ առանց նոյնիսկ քննարկելու անոնց ճշդութիւնը: Ծնողքը յաճախ կ՚ունենայ այն կարծիքը, որ իր բոլոր մտածումները անսխալական են եւ այդ հիման վրայ զաւակին ինքնավստահութիւնը խլելով իրենց ինքնավստահութիւնը յառաջ կը բերեն: Ձգեցէ՛ք, որ սխալին եւ ձեր կարծիքը պարտադրելու փոխարէն զիրենք առաջնորդեցէք տրամաբանութեան:
Ամերիկացի հոգեբան Քարլ Ռոճըրս կ՚ըսէ. «Միակ կրթուած մարդը ա՛ն է, որ կը սորվի սորվիլ». մենք մեր զաւակներուն ճիշդը տալու փոխարէն փորձենք ճիշդը գտնելու ճամբան ցոյց տալ. սխալէ խուսափելու փոխարէն սխալներէն սորվիլ սորվեցնենք:
Այդ մէկը ընելու համար պէտք է ընել հետեւեալները.- սպասել ու ժամանակ տրամադրել երեխային, որպէսզի ձեւակերպէ իր պատասխանը՝ նոյնիսկ ոչ ինքնավստահ ձեւով: Խրախուսէք եւ հաւատացուցէ՛ք, որ անոր մտածումները քննադատելի չեն եւ սխալիլը այնքան ալ սխալ բան մը չէ, ինչ որ ինքնավստահութեան բանալին է:
Ծանօթ: Յառաջիկայ մեր յօդուածներուն մէջ մանկութենէն պիտի անցնինք երիտասարդութեան:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մանուկ մը ինչպէ՞ս ինքնավստահ կ՚ըլլայ:
Պատասխան. Մանուկներ կրնան ինքնավստահ ըլլալ, երբ մեծահասակները, օրինակ՝ ծնողները, ուսուցիչները, գնահատեն անոնց գործադրած ջանքերը: Այդ մէկը սեփական կարողութիւններու հանդէպ իրենց հաւատքը կը զօրացնէ: Մանուկը ինքնավստահ կ՚ըլլայ, երբ առիթ տրուի իրեն տարիքին համապատասխան մարտահրաւէրներ լուծել։ Ինքնավստահ կ՚ըլլայ, երբ սխալները կը ծառայեն սորվելու եւ հնարաւորութիւններու եւ ո՛չ թէ բարկութեան ու ձախողութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան