ՅԱՌՆԵԼ, ՅԱՐԵԱՒ, ԱՐԻ… (բանասիրական ակնարկ)
Այս բառի մէջ է պահուած մեր կեցութեան հիմքը։ Յարութեան հաւատքը կ՚իմաստաւորէ հայու կեանքը։ Անդրադառնանք կամ ոչ, գիտակցինք կամ ոչ, ինչպէս կ՚ըսէ Գարեգին Բ կաթողիկոսը, «մեր ապագայի վերաբերեալ վճիռը խաւարինն ու մահուանը չէ, այլ կեանքինն ու յարութեանը»։ Յարութիւնը յաղթանակ է, յոյս է, հոգիի անմահութեան աննիւթական ապացոյցն ու աներկրային արտայայտութիւնը։
Յարութեան հաւատքը, որու մէջ թաթխուած եւ որմէ իւրացուած ենք նախքան մեր ծնունդը, մշտական լուռ ներկան ըլլալով հանդերձ մեր ներսիդիի, հանապազօրեայ խօսակցութեան նիւթը կրնայ չկազմել, առտնին զրոյցի նիւթ չդառնալ, հետեւաբար առիթ ալ չունենանք թերեւս անդրադառնալու բառի էութեան, պեղելու անոր արմատը, թափանցելու իմաստի ծալքերուն։ Ինչպէս կ՚ըլլայ յաճախ, կ՚ըսենք ու կ՚անցնինք, յատկապէս զատկուան այս շրջանին, երբ զիրար կը բարեւենք յարութեան աւետիսով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»։
Վստահաբար, մեր հոգեւոր հայրերը թերթի միւս սիւնակներուն վրայ օրուան խորհուրդին մասին իրենց մտորումները եկեղեցական ու աստուածաբանական դիտանկիւնէ բաժնած են ընթերցողներու հետ, իսկ ես փորձեմ քննել բառը, զայն ներկայացնել բանասիրական տեսանկիւնէ՝ օժանդակելով թերեւս նոր ծալքերու յայտնաբերման։
Յարութիւն, յարեաւ ամենագործածական ձեւերն են թէեւ, սակայն անոնք կը բխին յառնել բայէն։ Չէզոք բայ մըն է, արմատը՝ ար, հնդեւրոպական նախալեզուէն աւանդուած բնիկ հայկական ինքնութեամբ։
Ներկայի հիմքով (յառն) կազմուած ժամանակներուն մէջ խոնարհման պատկերը կ՚ըլլայ հետեւեալը.
Ներկայ՝
յառնեմ («…յորժամ յառնեմ, բամբասեն զիս», Յոբ. 19։18),
յառնես, յառնէ, յառնենք, յառնէք, յառնեն։
Անցեալ անկատար՝
յառնէի («Ի մէջ գիշերի յառնէի խոստովան լինել առ քեզ…», Սաղ. ՃԺԸ։ 62),
յառնէիր, յառնէր («Յառնէր վաղվաղակի Արսինոէ…», Բ Մակ. Գ։ 3),
յառնէաք, յառնէիք, յառնէին։
Առաջին ապառնի՝
յառնիցեմ, յառնիցես («… եւ յորժամ յառնիցես՝ խօսակից իցէ քեզ», Առակ. Զ։ 22),
յառնիցէ («Եթէ յառնիցէ այրն եւ շրջիցի արտաքոյ ի ցպոյ, անպարտ լիցի որ եհարն…», Ելք ԻԱ։ 19),
յառնիցենք, յառնիցէք («…եթէ յառնիցէք՝ զարթուսջիք զսէրն մինչեւ կամեսցի», Երգ. Բ։ 7),
յառնիցեն։
Արգելական հրամայական՝ մի՛ յառներ, մի՛ յառնէք։
-Ն բայածանց ունեցող -ել լծորդութեան այս բայը անցեալ կատարեալի հիմքով կազմուած ժամանակաձեւերու մէջ պէտք է ենթարկուէր ներգործաձեւ հոլովման, ինչպէս -ել լծորդութեան ածանցաւոր բայերու պարագային է, մինչդեռ ունի անկանոն հոլովում եւ կ՚ենթարկուի խառն հոլովման։
Խոնարհման պատկերը հետեւեալն է.
Անցեալ կատարեալ՝
յարեայ («… եւ յարեայ ի տեսլենէ անտի…», Եզ. ԺԱ։ 25),
յարեար, յարեաւ («Եւ յարեաւ Դանիէլ եւ եկեր…», Դանիէլ ԺԴ։ 38),
յարեաք («…մեք յարեաք եւ ուղիղք եղաք», Սաղ. Ի։ 9),
յարեայք («Եւ դուք յարեայք ի վերայ տան հօր իմոյ այսօր…», Դատ. Թ։ 18),
յարեան («Իջին անձրեւք, յարեան գետք, շնչեցին հողմք, հարին զտունն, եւ անկաւ», Մատթ. Է։ 27)։
Երկրորդ ապառնի՝
յարեայց («…եւ յարեայց եւ պնդեցայց զհետ Դաւթի զցայգս…», Բ Թագ. ԺԷ։ 1),
յարիցես, յարիցէ («… իբրեւ զքեզ ոչ ոք եղեւ յառաջ քան զքեզ, եւ յետ քո ոչ ոք յարիցէ նմանող քեզ», Գ Թագ. Գ։ 12),
յարիցուք, յարիջիք («… յարիջիք դուք երկոքին՝ եւ գոչեսցիք առ ողորմածն Աստուած լալով մեծաւ…», Տովբ. Զ։ 20),
յարիցեն («Վասն այսորիկ ոչ յարիցեն ամպարիշտք ի դատաստան…», Սաղ. Ա։ 5)։
Բուն հրամայական՝
արի՛ («Արի՛ Տէր, եւ փրկեա զիս…», Սաղ. Գ։ 8),
արի՛ք («Օն արի՛ք, գնասցուք, զի ահաւասիկ մերձեցաւ որ մատնելոցն է զիս», Մարկ. ԺԴ։ 42)։
Յորդորական հրամայական՝ յարիջի՛ր, յարիջի՛ք։
Անցեալ դերբայ՝ յարուցեալ («Յարուցեալ Մարիամ յաւուրսն յայնոցիկ՝ գնաց ի լեռնակողմն փութապէս ի քաղաքն Յուդայ», Ղուկ. Ա։ 39)։
Ինչպէս կը տեսնէք բերուած օրինակներէն, բառը չունի մեր հասկցած իմաստը։ Կանգնիլ, ոտքի ելլել, արթննալ, անկողնէ ելլել, յարձակիլ, խոյանալ այն իմաստներն են, զորս բայը առաւելաբար ունեցած է եւ իբր այդ ալ թարգմանուած աշխարհաբարի։ Բերենք օրինակ մը. «Եւ դուք յարեայք ի վերայ տան հօր իմոյ այսօր եւ կոտորեցէք զորդիս նորա»։ Աշխարհաբարով պիտի ըլլար. «Եւ դուք յարձակեցաք իմ հօր տան վրայ եւ կոտորեցիք իր զաւակները»։ Ուրիշ օրինակ մը. «…մեք յարեաք եւ ուղիղք եղաք»։ Աշխարհաբարով՝ «… մենք ոտքի ելանք եւ ուղղուեցանք»։ Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի «Պահապան ամենայնի» հատուածին մէջ կ՚ըսենք, «…ի ննջել եւ ի յառնել…», այսինքն «քնանալու եւ արթննալու ժամանակ»։
Յառնել բայի պատճառականը (Հ. Արսէն Այտընեանի բառով՝ անցողականը) կ՚ըլլայ յարուցանել եւ այս պարագային առանց բացառութիւն կազմելու կը խոնարհուի -ել լծորդութեան ածանցաւոր բայերու հետեւութեամբ։ Ներկայ՝ յարուցանեմ, յարուցանես, յարուցանէ եւն., անցեալ կատարեալ՝ յարուցի, յարուցեր, յարոյց եւն.։ Հետաքրքրական է հրամայականի եզակին՝ յարո՛, այսինքն՝ յարութիւն տուր, կանգնեցո՛ւր, ոտքի՛ հանէ, արթնցո՛ւր եւն. իմաստներով։ Օր.՝ «Յարո՛ եւ զմեզ արդարութեամբ եւ զննջեցեալսն՝ ողորմութեամբ…» (Դարձեալ Շնորհալիի «Արարչական»ի վերջին տունէն)։
Արդի հայերէնը յառնել բայը գրեթէ չի գործածեր առօրեայ լեզուի մէջ, այլ կը նախընտրէ հոմանիշ կամ նոյնանիշ այլ բայեր։ Մերթ սակայն կը հանդիպինք գեղարուեստական խօսքի, մամուլի հրապարակումներու մէջ, ընդհանրապէս Քրիստոսի յարութեամբ բային ստացած վերակենդանանալու իմաստով (ուղղակի թէ փոխաբերական իմաստով)։ Օրինակ՝ Մոնթրէալ բնակող սփիւռքահայ տաղանդաւոր բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան (1951) «Վերադարձ» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Սէր, կը նետես զիս կրկին / մոռցուող վայր մ՚արեւոտ, / ուր կը յառնեմ վերստին / աստուծոյ մը պէս կամշոտ»։ Գործածական է նաեւ խոյանալ, կանգնիլ, արթննալ եւ նման իմաստներով, ինչպէս հայրենի բանաստեղծ Համո Սահեանի (1914-1993) «Գարունդ հայերէն է գալիս» յայտնի քերթուածի «…հայերէն են յառնում սարերդ» տողը։ Բայը արդի հայերէնի մէջ, հակառակ իր ունեցած -ն բայածանցին, կը խոնարհուի -ել լծորդութեան պարզ բայերու նման. ներկայ՝ կը յառնեմ, կը յառնես, կը յառնէ եւն., կատարեալ անցեալ՝ յառնեցի, յառնեցիր, յառնեց եւն.։
Յառնել բայի հրամայական եղանակը քիչ մը կը տարբերի խոնարհման միւս ձեւերէն, ուր ակնյայտ կը դառնայ բայի բուն՝ ար արմատը։ Եզակի՝ արի՛, յոգնակի արի՛ք։ Կիրակնօրեայ առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կատարուող Իւղաբերից կարգի ժամանակ մեներգուող երեք սողմոսներուն երկրորդը կը սկսի այսպէս. «Արի՛ տէր օգնեա մեզ եւն.» եւ «Արի՛ եւ մի՛ մերժեր զմեզ եւն.» (Սաղմոս ԽԳ։ 27, 24)։ Նոյնպէս ալ՝ «… արիք եւ շինեցէք զսրբութիւն Տեառն Աստուծոյ մերոյ…» (Ա Մնացորդաց ԻԲ։ 19)։ Թարգմանաբար պիտի ըլլար, յաջորդաբար. «Ելի՛ր, Տէ՛ր, օգնէ մեզի եւն.», «Ելի՛ր եւ մի՛ մերժեր մեզ եւն.», «Ելէ՛ք եւ շինեցէ՛ք մեր Տէր Աստուծոյ սրբարանը…»։
Այս բայաձեւի գործածութեան ամենէն ազդեցիկ դրուագը անկասկած Ղազարոսի յարութեան պահն է։ Մեր Տէրը սաստիկ խռոված կանգնած է իր վաղեմի ընկերոջ՝ չորեքօրեայ մեռեալ Ղազարոսի գերեզմանի առջեւ։ «Ի ձայն մեծ» կ՚աղաղակէ ըսելով. «Ղազարէ՛, արի եկ արտաքս» (Յովհ. ԺԱ։ 43)։ Աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ այստեղ գործածուած արի-ի դիմաց ճիշդ է որ կը գտնենք ելիր բայը, սակայն անկարելի է զայն չընկալել «յառնէ՛, յարութի՛ւն առ» իմաստով, երբ զայն արտասանողն ի՛նքն Աստուած է ու երբ արդիւնքն ալ եղած է չորսօրեայ մեռեալի վերակենդանացումը։
Աշխարհաբարի, ի մասնաւորի արեւելահայերէնի մէջ յաճախ գործածական է յառնել բայի հրամայական եղանակի արի՛ ձեւը, իմաստային որոշ փոփոխմամբ սակայն։ Յիշենք ժողովրդական սիրուած երգի յայտնի տողերը. «Թագւորի մեր (թագաւորի մայր) դուրս արի, տես քեզ ի՛նչ հարս եմ բերել», արեւմտահայ անուանի մտաւորական Յարութիւն Սվաճեանի (1831-1874) 1861-ին գրած ու երաժիշտ Գաբրիէլ Երանեանի (1827-1862) դաշնաւորած «Երգ Ազգային սահմանադրութեան»ի առաջին տողը՝ «Արիք հայկազունք յառաջ ընթանանք, / Սահմանադրութեան նոր բարեւ մ՚ալ տանք եւն.» կամ յիշենք նոյնպէս ժողովրդական յայտնի առածը. «Գնա՛ մեռիր, արի՛ սիրեմ» եւն.։ Ինչպէս կ՚երեւի, ելի՛րէ աւելի եկո՛ւրի նշանակութիւն ստացած ըլլալ կը թուի։
Հուսկ, կ՚ողջունեմ բոլորդ Տիրոջ Ս. Յարութեան աւետիսով ու ձայնս միացուցած շարականագրին կ՚երգեմ. «Այսօր զատիկ մեր զենմամբ Քրիստոսի, արասցուք տօն ցնցութեամբ նորոգեալքս ի հնութենէ մեղաց ասելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Վանք Հայոց, Երուսաղէմ