ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հաւատը կ՚իրագործէ բարիին յաղթութիւնը։ Ներքին եւ գիտակցական հաւատքը մեր զգալի փորձառութիւններէն շա՛տ աւելի խոր, փառաւորեալ Քրիստոսի կեանքին մէջ կ՚երկարէ իր արմատները։
Այդ հաւատքը կը ստանայ նոյն քաջութիւնը՝ որ աշխարհը յաղթահարելու չափ հզօր կը զգայ ինքզինք։ Քրիստոնէութեան ամենէն լուսափայլ կոչումն է հաւատքին այն անշէջ ջերմութիւնը, այն ներքին կրակը, որ ուժ՝ համբերութիւն՝ արդարութիւն եւ գթութիւն կը ներշնչէ մարդուն տկարութեան եւ ուրիշին օգնելու համար կը զոհէ ինքզինք։
Կ՚ըսեն, որ մարդ երբ ցաւը զգայ իր մարմնին վրայ, այդ կը նշանակէ, թէ կ՚ապրի, իսկ եթէ մէկը ուրիշին ցաւը զգայ, այդ կը նշանակէ, թէ ան «մա՛րդ» է։ «Ուրիշին ցաւը իր վրայ զգալ»ը կ՚արտայայտուի «հասկացողական համակրանք» ըմբռնումով։
Բայց աշխարհի իրականութիւնը յուսահատական է խռովեալ սրտին համար։ Ամէն տեղ, ուր դժբախտ ճակատագիր մը կը սպառնայ, հոն խաւարը կը ծածկէ հոգին՝ կեանքին կորովը եւ հաւատքը։
Ոչ ոք բնականէն ինքզինք լքուած կը զգայ իր կոչումին աշխատութեան մէջ, բայց կը սրտաբեկի, երբ չարը յաղթական կը տեսնէ. աշխարհը չարին որս մըն է. կեանքը կարճ եւ դիւրաբեկ, ուր անողորմ մահը կը բաժնէ սիրակցորդ միութիւնները եւ հզօր գիտակցութեան մը վրայ շինուած բարեկամութիւններ՝ ուր արժանիքը եւ առաւելութիւնը չեն պսակուիր՝ ուր բարին եւ գեղեցիկը չեն իշխեր իրենց ամբողջ ուժովը, ուր յիմարութիւնը՝ չարութիւնը միայն ծանօթ են, ուր ամբոխին ծափերը եւ հասարակաց կը խեղդեն գիտակցութիւնը՝ ուր փարթամ ճոխութիւնը չի կրնար փրկել մէկը՝ որ շանթահար չմեռնի, կամ ուրիշ մը՝ որ աղբիւրին վրայ չհիւծի անմխիթար։
Ո՛չ առողջութեան դեղը եւ երիտասարդական կորովը կրնան դիմանալ մահուան խորշակին։
Ուստի, ամբողջ մարդը կը քստմնի՝ սաստիկ կը սարսափի իր մէջ, երբ կը տեսնէ բարիին եւ չարին միջեւ եղած այդ մեծ կռիւը՝ որ կը լեցնէ աշխարհը։
Ո՞վ պիտի լուսաւորէ մեզ բարձր եւ արժանաւոր կեանքի մը համար, մարդը միայնակ կրնա՞յ ընտրել ապահով ճամբայ մը, որ տանի զինք դէպի ճշմարտութիւն եւ փրկութիւն։
Անտառները, լեռները, դաշտերը՝ որոնց գեղեցկութիւնը կը վայելենք, սխրալի բնութիւնը իր բիւր աստղերով, միթէ կատարեալ գոհացում մը կրնա՞ն տալ մեր հոգիին խլրտումներուն, կրնա՞ն պատասխանել այն հարցումներուն, որոնք ինքնաբերաբար կը յօդաւորուին մեր շրթներուն վրայ, հասկացողութիւն ունի՞ն մեր ներքին տառապանքներուն. ո՛չ երբեք։
Լուռ եւ համր են անոնք մեր անձկութիւններուն, մեր տարակոյսներուն հանդէպ։
Փրկչին հաւատքը միայն ճշմարիտ առաջնորդն է մեր կեանքին, ինչպէս կողմնացոյցը նաւավարին, որ ո՛չ թէ աստղերով եւ հովին հոսանքովը կը վարէ զայն, այլ այն փոքրիկ ասեղովը, որ անսխալ կը ցուցնէ երկրին չորս կողմերը, թէ՛ ծովը մրրկի կամ խաղաղի, թէ՛ շանթերը ճայթին եւ հովը ալիքները յուզէ։ Նաւապետը այդ սլաքին կը վստահի իր հսկայ նաւը եւ հոն գտնուող կեանքերու գումարութիւնը։
Հաւատքի աչքին համար բարիին յաղթական դրօշն է, որ կը ծածանի աշխարհի վրայ, որքան ալ «արիւնոտ խաչ» մը ըլլայ այդ յաղթութեան նշանը, չարը դարձեալ կը շլանայ այն պայծառ լոյսէն, որ քառաթեւէն կը նշուլէ։ Հաւատոյ աչքը՝ անդունդին մէջ, կործանող դեւերուն եւ երկինք խտացող ամպերուն վրայ կը տեսնէ Փրկիչը՝ որ խաղաղութիւն կ՚աւետէ նոր աշխարհի որդիներուն, որոնք կ՚առաջնորդուին Աստուծոյ արդարութեան եւ ճշմարտութեան լոյսով, այն ատեն պաշտումի՝ երկրպագութեան աղաղակ մը կը փրթի հոգիէն Թովմասին պէս. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։
Երանի՜ անոնց, որ չտեսած կը հաւատան…
Մեղաւոր աչքը չի տեսներ բարին, գիտակցութեան լոյսը միայն կրնայ ողջունել զայն։ Հաւատքն է, որ կ՚արժանանայ Աստուծոյ տեսութեան. «Երանի՜ որ սուրբ սրտիւք՝ զի նոքա զԱստուած տեսցեն». (ՄԱՏԹ. Ե 8). երանի՜ անոնց, որ սրտով մաքուր են, վասնզի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։ Ահա ամբողջ հաւատքը։ Մաքուր սիրտն է Աստուծոյ հայելին, լերան քարոզին ինն երանիներէն այս շողշողուն գոհարը միայն՝ յաւիտենական կեանքի մը արժէքը՝ լայնութիւնը եւ խորութիւնը ունի։
Մարդկային ամէն ճիգ, ամէն հնարամտութիւն, հանճարի ամէն սլացք ունայն փորձեր են, աստուածատեսութեան գերագոյն երանութիւնը սուրբ՝ մաքուր սիրտերուն տրուած է։
Ի՜նչ փոյթ թէ բաժակը կամ պնակը դուրսէն մաքուր եւ փայլուն կ՚երեւին, եթէ մէջինը անմաքուր է եւ անհամ։ Ուստի, լաւ լուսացուած մարմին մը ընդունելի չ՚ըներ արատաւոր հոգի մը։
Կեանքին օրէնքն է աճիլ ներսէն դէպի դուրս՝ հիւթը բունին մէջէն վեր կը բարձրանայ եւ կը ճիւղաւորուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2025, Իսթանպուլ