ՑԱՒՈՏ Է ԱՊԱԳԱՆ

Ներկան հիմքն է ապագային. եթէ հաւատանք այս խօսքին, ապա պէտք է ընդունինք, որ տարօրինակ, նոյնքան ալ մտահոգեցուցիչ ապագայ մը կը սպասուի ամբողջ մարդկութեան։ Այդ մէկը ես, դուն կամ ուրիշը կը տեսնենք թէ ոչ՝ յստակ չէ: Անցեալին արժեչափերը, սկզբունքներն ու համոզումները կը փոխուէին որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Այսօր այդ ժամանակամիջոցը գրեթէ վերացած է. եթէ անցեալին այդ փոփոխութիւնը սերունդներու միջեւ էր, ապա այսօր ամէ՛ն ձեւով ամէն տեղ է մինչեւ իսկ օրական դրութեամբ: 

Գիտնականները ի՞նչ կ՚ըսեն՝ չենք գիտեր, սակայն, ամէն բանէ աւելի յստակ է, որ մենք մեր զաւակներուն գիտութեան լոյսով լուսաւորուած բարի ու անփոխարինելի աշխարհ մը չենք կտակեր։ Մեր զաւակները մեր ստեղծած գիտութեամբ հպարտանալու այնքան ալ տեղ չունին, որովհետեւ բոլոր այն հրաշքները, որոնք լաւ նպատակով ստեղծուեցան, մարդը իրենց չարութեան գործիք դարձուցին։ Գիտութեան լոյսով բարոյապէս կատարեալ մարդ ապրելու փոխարէն եղած բարոյական արժէքներն ալ կորսուեցան:

Մեր պատկերացումով՝ ապագան պիտի ունենայ հետեւեալ տեսքը. բոլոր այն գործերն ու արհեստները, որոնք այսօր բժշկութենէն, արհեստագիտական մասնագիտութենէն աւելի «նուազ» արժէք ունին, ինչպէս օրինակ՝ հողագործութիւնը, կօշկակարութիւնը, ատաղձագործութիւնը եւ ուրիշներ, շատ աւելի մեծ արժէք ու հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծեն քան միւս ոլորտները՝ որոնք, բնականաբար, արհեստական բանականութեան տիրապետութեան տակ պիտի գտնուին: Այնպէս, ինչպէս այսօր գիւղի մէջ աճած լոլիկը, բնական հաւնոցի մէջ «արտադրուած» հաւկիթը շատ աւելի արժէքաւոր է, նոյնպէս աւելի արժէքաւոր պիտի ըլլայ ձեռքով պատրաստուած կօշիկ մը՝ որուն սկզբնական նշոյլները կը տեսնենք: 

Հինին հանդէպ սէրը շատ աւելիով պիտի զարգանայ. առաջ մարդոց ձեռք հեռաձայնները շատ մեծ էին. գիտութիւնը փորձեց փոքրացնել՝ ինչքան կարելի է. հինը որպէս ժամանակավրէպ դիտուեցաւ։ Մարդը փոքրացուց գրեթէ ամէ՛ն բան, սակայն ժամանակ մը ետք սկսաւ չսիրել փոքրը եւ դարձեալ հինին, դարձեալ մեծցնելու ջանաց՝ այս անգամ ժամանակավրէպ նկատելով փոքրը: Նոյն սկզբունքով մարդ կամաց-կամաց պիտի վերադառնայ հինին։ Գիտութեամբ, արհեսատական բանականութեամբ առաջ պիտի ընթանայ, սակայն հինն է, որ պիտի փնտռէ: Նորաձեւութիւնը պիտի կորսնցնէ իր արժէքը ու հինը դարձեալ պիտի գրաւէ մարդոց սիրտերը, որովհետեւ այսօրուան աղքատութիւն նկատուածը վաղուան հարստութիւնը պիտի նկատուի: 

Գիտնականին կը հարցնեն, թէ Համաշխարհային երրորդ պատերազմը ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ. կը պատասխանէ, թէ չի գիտեր, սակայն չորրորդ համաշխարհային պատերազմը տեղի պիտի ունենայ քարերով՝ այնպէս ինչպէս անցեալին: Այս մէկը խոր նշանակութիւն ունի. մարդ արարած ինքն իր ձեռքով պիտի կործանէ բոլոր այն բարիքները՝ որոնք մտածողներ, գիտնականներ ստեղծեցին: Գիտութեան այս կամ այն բարիքը մարդ ինքն իր ձեռքով պիտի վերածէ կործանարար գործիքի՝ եւ այս մէկը պատմութեան մէջ առաջինը պիտի չըլլայ: 

Կրօն, հաւատաք մարդոց համար անիմաստ բառեր պիտի ըլլան։ Անոնք, որոնք կրօնամոլ են, մտապէս կարողութիւն չունին քննելու, դատելու եւ հասկնալու, անոնք որպէս փոքրամասնութիւն պիտի շարունակեն հաւատացեալ մնալ, պիտի շարունակեն կրօնը պաշտպանել, սակայն, անաստուածութիւնը շատ աւելի տարածում պիտի գտնէ: 

Աշխարհի վրայ բարոյականութիւնը անկում պիտի ապրի. եթէ այսօր օտար երկիրներու մէջ 18 տարեկանէն վեր գտնուող տղաք-աղջիկներ պոռնկութեամբ, անբարոյականութեամբ կը զբաղին, ապա ժամանակի ընթացքին տարիքի սահմանումը անկում պիտի ապրի։ Համացանցը շատ մը պատանիներու, ցաւ ի սիրտ, դրականը սորվեցնելու փոխարէն պոռնկականը սորվեցուց եւ պիտի շարունակէ սորվեցնել՝ տեսակ-տեսակ պարային շարժումներով եւ արտայայտութիւններով։ 12-13 տարեկան պատանուհի մը (իմաստը գիտնալո՞վ թէ ոչ՝ չենք գիտեր), համացանցի մէջ երգի մը բառերու ընկերակցելով կ՚երգէ. «ես այս գիշեր անկողինին մէջ քուկնդ պիտի ըլլամ»։ Անշուշտ, բոլորս կը հասկնանք այս տողերուն ընթացքը եւ կը մտածենք, որ գուցէ անոնք փոքր են, անոնք չեն հասկնար… սակայն, երանի ճշմարտութիւնը մեր կարծածին նման ըլլար: 

Ապագան, արհեստական բանականութիւնը մարդու նիւթական դժուարութիւնները պիտի չբարելաւէ. հարուստը օր օրի աւելի պիտի հարստանայ, իսկ աղքատը աւելիով աղքատանայ։ Այդ աղքատութեան պատճառով պիտի աճին ոճիրները, գողութիւնները եւ մարդ արարած նոյնիսկ ուրիշներու վրայ կոխելով՝ պիտի ցանկայ միայն ու միայն բարձրանալ: 

Հայրենիք, ազգութիւն, ինքնութիւն, մշակոյթ պիտի կորսնցնէ իր իմաստը. այդ բոլորը միայն ու միայն պատմութեան էջերուն բաժին պիտի ըլլայ. կրօնականը իր հետ պիտի տանի նաեւ ազգայինը։ Այս տողերը նեղացուցիչ կրնայ թուիլ, սակայն, վկա՛յ կուսակցական մերօրեայ ակումբները. անցեալին այդտեղ զինավարժութիւն կը սորվեցնէին, իսկ այսօր՝ թուղթ կամ նարտ խաղալ: 

Կը հաւատանք, որ ապագային մեծապէս պիտի ազդուի նաեւ ընտանենան կառոյցը։ Զաւակ-ծնողք յարաբերութիւնը պիտի կրէ ամբողջական ուրիշ վիճակ մը՝ շահի եւ նիւթականի վրայ հիմնուած եւ զաւակը մօր համար եւ մայրը զաւկին համար օտարէ մը տարբերութիւն պիտի չունենայ: 

Մենք մեր այսօրը քննադատելով յաճախ անցեալը կը փնտռենք. մեր քննադատած այսօրը ապագայ սերունդներու փնտռած անցեալը պիտի ըլլայ: 

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեր յայտնի գրագէտներուն եւ անուանի մտաւորականներուն զաւակները, հազուադէպ բացառութեամբ, յուսախաբութեան ծորակներ են, Հայաստանի մէջ կամ Հայաստանէն դուրս: Մտածումիդ մէջ ապրող պատկեր մը ունիս, մահէն ետք իսկ դեռ կենդանի եւ բախուն դիմագիծ մը, որուն ֆիզիքական ժառանգին հետ կը կարծես շարունակուած տեսնել նաեւ իմացական յատկութիւնները: Կը մօտենաս, ու խաբուելով պիտակէն՝ երբ կը փորձուիս ծորակը բանալ, յանկարծ կը տեսնես, թէ հին ու թանձրախայտ գինիին տեղ, անանուն հեղուկ մըն է որ կը լեցուի բաժակիդ մէջ, գէշ մակարդուած մածունի պէս բան մը, որ ոչ իսկ պաղուկ թանի մը գոհացումը կրնայ պարգեւել:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026