ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ուզեն պաշտել եւ իրենց սէրը եւ յարգանքը յայտնել ուժի մը, էակի մը կամ զօրութեան մը, ակնկալութիւններէ մղուած։ Արդարեւ, պաշտամունքը ընդոծին եւ աստուածատուր մղում մըն է։ Այս մղումը կայ մարդուն մէջ՝ անոր ստեղծագործութեան առաջին պահէն իսկ։ Եւ անոնք, որոնք կ՚ուրանան Աստուծոյ գոյութիւնը, անոնք մղուած են աշխարհային զանազան շարժառիթներէ, բայց կը պաշտեն «մարդ» մը՝ որ կ՚երեւի, գաղափար մը՝ որ անով կ՚առաջնորդուին եւ կամ «ԵՍ»ը՝ որ իրենց մէջ տեղ գրաւած է գաղտնօրէն։ Ինչ ալ ըլլայ շարժառիթը մարդիկ էութեան մը հետեւելու պահանջքը ունին՝ նպատակ մը, որուն համար իրենց կեանքի պատճառը արդարացնեն։
Կը պատմուի, որ կին մը ունէր երկու զաւակ, մին՝ առողջ եւ միւսը՝ հիւանդ։ Մայրը կ՚ուզէ զաւակներէն մին ծովը նետել։ Խոհեմ մարդ մը վրայ կը հասնի եւ կը յաջողի կինը հրաժարացնել իր նպատակէն։ Միջոց մը վերջ, նոյն տեղը, մարդը կը հանդիպի դարձեալ այդ կնոջ, գիրկը՝ իր հիւանդ զաւակով։ Բայց առողջ զաւակը չկար։ Առողջ զաւակը ծովը նետած էր խեղճ կինը։ Հետաքրքիր կը հարցնէ մարդը կնոջ. «Ինչո՞ւ հիւանդ զաւակդ չի նետեցիր»։ Կինը կը պատասխանէ. «Միթէ կարելի՞ է որ ես լաւագոյնս խնայեմ իմ Աստուծմէս…»։
Թէեւ կոյր եւ անասնահաճոյ հասկացողութիւն մը պաշտամունքի, բայց կարեւոր դա՛ս մը կու տայ մեզի այս պատմուածքը՝ որ կը զլանանք յաճախ մեր լաւագոյնը տալ Աստուծոյ, զօր օրինակ մեր ժամանակին մէկ մասը, որ այնքան թանկարժէք է մեզի համար, Աստուծոյ, որ ամէն բարիքի ակը եւ աղբիւրն է եւ ամէն ինչ կը պարտինք Անոր։
Աշխարհասէր մարդոց մէջ սխալ վերլուծում մը կայ շատ անգամ, թէ նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը։ Եւ այս մտայնութիւնը՝ այդ խեղճ կնոջ նուիրումն ալ կը նկատէ որպէս Աստուած հաճեցնելու միջոց մը։ Բայց քրիստոնեային համար կա՛յ մէկ միջոց, մէկ ճամբայ. Յիսուս Քրիստոս։ Անոր հաւատալ, Անոր հնազանդիլ դէպի Աստուած միակ ապահով ճամբան է։
Ուստի, երբ Աստուծոյ ճշմարիտ եւ անսխալական, անսուտ Խօսքին դիմենք, բացայայտ կերպով պիտի տեսնենք եւ պիտի վայելենք Անոր աստուածատուր պարգեւները՝ որոնք մեր եւ մարդկութեան երկնագնացութեան ճամբու յատակագիծն է։ Երբ մարդկութիւնը այսօր դիմէր Աստուծոյ Խօսքին իր առնելիք բոլոր որոշումներուն մէջ, աշխարհ բոլորովին տարբեր միջավայր մը պիտի ըլլար՝ խաղաղ եւ երջանիկ։
Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը յստակ կը գրէ այն ստեղծուած որեւէ բան պաշտելի չէ՛ մարդուս։ «Նաեւ աչքերդ երկինք վերցնելով եւ արեւը կամ լուսինը կամ աստղերը եւ երկինքի բոլոր զարդերը տեսնելով մի՛ խաբուիր եւ անոնց երկրպագութիւն մի՛ ըներ եւ զանոնք մի՛ պաշտեր. որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք բոլոր երկինքի տակ եղող ազգերուն համար կարգաւորեց». (Բ ՕՐԻՆԱՑ, Դ 19)։ Ուստի, սխալ չէ՞ շէնքը գովաբանել եւ շէնքը շինողը անտեսել…
Աթենացիները կը պաշտէին «Անծանօթ Աստուած» մը առանց ճանչնալու՝ տգիտաբար, ինչպէս կը գրէ Ղուակս Աւետարանիչ. «Որովհետեւ երբ կը պտըտէի եւ աչքէ կ՚անցընէի ձեր պաշտամունքի վայրերը, տեսայ բագին մը, որուն վրայ գրուած էր. Անծանօթ Աստուծոյ։ Ահա, ինչ որ դուք առանց ճանչնալու կը պաշտէք՝ նոյնը կը քարոզեմ ես ձեզի». (ԳՈՐԾՔ. ԺԷ 23)։ Պօղոս առաքեալ անոնց տգիտութիւնը յիշեցնելով զանոնք առաջնորդեց ճշմարիտ Աստուծոյն՝ երկինքի եւ երկրի Արարիչին, ստեղծեչին։
Այս կէտին կ՚արժէ յիշել անգամ մը եւս Ս. Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ պէտք է հաւատալ հասկնալով, հասկնալ հաւատալով։ Քանի որ անգիտակից հաւատքը՝ կոյր հաւատք է, եւ կոյրը չի կրնար առաջնորդ ըլլալ, ինչպէս մութի մէջ քալողը կը խարխափի, անգիտակից հաւատքն ալ անհաստատ եւ անկայուն կը մնայ։ Անգիտակից հաւատքը մարդս կը տանի հրամայականոն դրութեան մը՝ որը հիմ չունի եւ ի վերջոյ կը փլչի, կը կործանի։ Եւ քանի որ մարդ բանաւոր էակ է, ապա ուրեմն պէտք է համոզուի եւ այդ հաստատ համոզումով հաւատայ։
Եւ ճշմարիտ հաւատքը այն է, որ բանականութեան չի հակասեր, եւ ճշմարտութիւնը այն է, որ թէ՛ խղճի եւ թէ բանականութեան համաձայն է։ Այս ուղղութեամբ, ցանկապաշտ եւ մարդապաշտ մարդիկ, որոնք նիւթապաշտ եւ եսապաշտ են, միայն Աստուծոյ բարկութիւնը կը գրգռեն եւ Անոր դատաստանը կ՚արագացնեն։
Գիտակցութեամբ եւ հասկնալով հաւատանք սիրելի՜ներ եւ այդ հաւատքո՛վ պաշտենք զԱստուած…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 1, 2025, Իսթանպուլ