ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

«Սորվեցուր անոր երբեք իր սիրտին եւ հոգիին վրայ գին չդնել». Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ հասկնայ ու ըմբռնէ, որ կան արժէքներ, որոնք նիւթականով կարելի չէ ձեռք բերել. ինչպէս օրինակ՝ մարդկային ներքին արժէքները, արժանապատուութիւնը եւ այլն: Մեր օրերուն մարդիկ նիւթականի համար պատրաստ են զոհել իրենց սկզբունքները, իրենց զգացումներն ու համոզումները եւ Լինքըն կ՚ուզէ, որ զաւակը լաւապէս հասկնայ, որ նիւթականը ժամանակաւոր, սակայն զոհաբերածները անժամանակ ու յաւիտենական արժէքներ են: Այսօր մարդիկ պատ-րաստ են զոհել գրեթէ ամէ՛ն բան՝ իրենց շահերուն եւ անցողիկ «յաջողութեան» համար: 

Սիրտը եւ հոգին փոխաբերական ներկայացուցիչներ են. սիրտը խորհրդանիշն է սիրոյ, յոյզերու, կարեկցանքի, իսկ հոգին՝ խոր համոզումներու եւ բարոյական սկզբունքներու, որոնց հիման վրայ իւրաքանչիւր մարդ կը ստեղծէ իր «կեանքի իմաստ»ը, իսկ այդ բոլորը վաճառել՝ այդ մարդկային էութիւնը կորսնցնել կը նշանակէ: 

Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը հասկնայ, որ նիւթական հարստութիւնն ու ընկերութեան մէջ «բարձր» մակարդակի վրայ գտնուիլը ժամանակաւոր ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կրնան պարգեւել մարդուն. անոնք երբեք ներքին խաղաղութիւն չեն կրնար ապահովել։ Այսօր եթէ սերտենք մարդկային պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ գրականութիւնը, պիտի տեսնենք բազմաթիւ անձեր, որոնք իրենց բարոյականութիւնն ու արժէքները զիջած են նիւթականին համար եւ վերջաւորութեան պարտուած դուրս եկած են: Նիւթականը կրնայ մարդը սխալելու առաջնորդել, սակայն, տակաւին մանուկ տարիքէն եթէ անոր մէջ հիմքը դրուի բարոյականութեան, սրբազան արժէքներու, այդ պարագային նոյնիսկ նիւթականը չի կրնար անձը իր գերին դարձնել: 

Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը լաւապէս հասկնայ, որ կեանքին մէջ կան որոշ սկզբունքներ, որոնք պէտք է ըլլան անզիջելի. մարդկային համոզումի մէջ կայ այն գաղափարը, որ «ամէն բան ունի իր գինը», սակայն Լինքըն կ՚ուզէ, որ զաւակը անժամանակը ժամանակաւորին համար չը-զոհաբերէ, որովհետեւ ժամանակաւորը կու գայ կ՚երթայ, սակայն անժամանակը մէյ մը որ գնաց՝ կրնայ չվերադառնալ: Հետեւաբար այս խնդրանքով Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը նիւթականի համար իր բարոյականութիւնը, իր սկզբունքներն ու համոզումները չզոհէ. արդէն նախապէս ան խօսած էր սեփական համոզում ու սկզբունքներ ունենալու կարեւորութեան մասին. ունենալը կարեւոր է, սակայն զանոնք պահելը նոյնքան կարեւոր է՝ ինչքան ունենալը: Այս սկզբունքով Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը պէտք է հասկնայ, որ նիւթականը, շահը եւ փառքը նպատակի պէտք չէ վերածուին, որովհետեւ երբ մարդուն նպատակը ատոնք ըլլան՝ ապա ան ի վիճակի կ՚ըլլայ ամէն բան վաճառքի դնելու՝ հասնելու համար այն նպատակին, որ այս պարագային խաբուսիկ է եւ ժամանակաւոր: 

Այս կապակցութեամբ հայ երաժիշտներէն Արթիւր Մեսչեան ունի յայտնի երգ մը՝ «Միայն այն չի վաճառւում» խորագրով, որուն մէջ կը փորձէ թուել այն արժէքները, որոնք վաճառքի ենթակայ չեն։ Ըստ երաժիշտին՝ «խաչին գամերը» չեն վաճառուիր. այդ գամերը վստահաբար կեանքի տագնապներն ու յուզումներն են. օրինակ՝ դը-րամը չի կրնար վերադարձնել սիրելի մը, որ առ յաւէտ բաժնը-ւած է այս աշխարհէն. չի կրնար վերադարձնել եւ կամ ամոքել մայր մը՝ որ կորսնցուցած է իր զաւակը: Ըստ երաժիշտին՝ մարդ անցեալը չի կրնար նիւթականով ձեռք բերել, որովհետեւ անցեալը անփոխելի է եւ այդտեղ եղած իւրաքանչիւր եղելութիւն նիւթական ամենէն բարձր հարստութեամբ անգամ կարելի չէ փոխել: Մարդկային յուզումը, զգացումը, բարոյականութիւնը, հաւատքը չեն վաճառուիր. Սակայն, երաժիշտին համաձայն՝ «մնացածը վաճառւում են»։ Ցաւ ի սիրտ, այսօր վաճառքի ենթակայ չեղող շատ արժէքներ եւս վաճառքի են, որովհետեւ հարստութիւնն ու շահը նպատակ է արդէն եւ ո՛չ միջոց: 

Ամերիկացի դերասան Ճիմ Քերի առիթով մը ըսած է. «Կը ցանկամ, որ աշխարհի վրայ մարդիկ ամէն օր հարստանայ ու իրագործեն իրենց բոլոր երազները, որպէսզի հասկնան, որ այդ մէկը լուծում չէ»։ Դերասանը այստեղ ըսել կ՚ուզէ, որ ամենէն մեծ հարստութիւնը անգամ շատ անգամ չի կրնար ձեռք բերել այն ամէնը՝ որ մարդուն երջանկութեան համար պէտք է: 

Այսօր մարդիկ կը կարծեն, որ յաջողակ մարդ է ան՝ որ նիւթապէս հարուստ է. Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը հասկնայ, որ յաջողակ անձը իր նիւթական հարստութեամբ չեն չափեր։ Նիւթական հարստութիւնը գործի ասպարէզի մէջ յաջողիլ կը նշանակէ եւ ո՛չ կեանքի։ Ճշմարիտ յաջողակները անոնք են, որոնք յաջողած են իրենց մէջ արժէք ստեղծել եւ այդ արժէքներով առաջնորդուելով բարիք դառնալ շրջապատին ու աշխարհին։ Հազարամեակներ առաջ Սոկրատես կ՚ըսէր հետեւեալը. «Ամենէն հարուստ մարդը ան է, որ բաւարարուած է իր ամենէն քիչով, որովհետեւ բաւարարուածութիւնը բնութեան հարստութիւնն է»: Այս համոզումով զաւակ մը կ՚ուզէ ունենալ Լինքըն, որ յաջողութիւնը եւ նպատակը նիւթականին հետ չի համեմատեր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Դպրոցական աշակերտին նիւթականը որպէս ի՞նչ պէտք է ներկայացնել:

Պատասխան. Դպրոցական աշակերտին նիւթականը պէտք է ներկայացնել որպէս միջոց, բայց ոչ որպէս նպատակ: Պէտք է սորվեցնել, որ դրամը միջոց է կեանքին մէջ որոշ կարիքներ ապահովելու համար, բայց դրամը պէտք չէ ըլլայ մարդոց արժէքները, բարոյականութիւնը եւ յարաբերութիւնը չափող ու որոշող արժէք: Աշակերտը պէտք է հասկնայ, որ ճշմարիտ հարստութիւնը գիտելիքն ու ազնուութիւնն է:

Շաբաթ, Օգոստոս 2, 2025