ԼՈՅՍԸ ԵՒ ԽԱՒԱՐԸ

«Մութն ալ քեզի խաւար չէ, հապա գիշերը ցերեկի պէս լուսաւոր կ՚ըլլայ։ Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են Քու առջեւդ». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 12)։

Իր սկզբնաւորումէն ի վեր, քրիստոնեայ հաւատքը ծագումներու հարցին մասին իր տուած պատասխանէն տարբեր պատասխաններու հետ դէմ առ դէմ գտնուեցաւ։ Այսպէս, հնագոյն կրօններու եւ մշակոյթներու մէջ կը գտնենք բազմաթիւ առասպելներ, որոնք կը հային աշխարհի ծագումին եւ ստեղծագործութեան։

Կարգ մը փիլիսոփաներ ըսին, թէ ամէ՛ն ինչ Աստուած է. աշխա՛րհը Աստուած է, թէ աշխարհի լինելութիւնը Աստուծոյ լինելութիւնն է. (համաստուածութիւն)։ Ուրիշներ ըսին, թէ աշխարհը Աստուծոյ մէկ անհրաժեշտ արտաբխումն է՝ որ կը ծագի այս ակունքէն եւ կը վերադառնայ այս ակունքին։ Ուրիշներ ալ հաստատեցին «երկու յաւիտենական նախասկիզբներ»ու գոյութիւնը։ «Բարի»ն եւ «Չար»ը, «Լոյս»ը եւ «Խաւար»ը՝ իրարու դէմ յարատե՜ւ պայքարի մէջ. (երկուութիւն եւ մանիքէականութիւն)։

Ըստ այս կարգ մը մտայղացումներուն՝ աշխարհը (գէթ նիւթական աշխարհը) չա՛ր է, անկումի մը արդիւնք, ուստի կա՛մ մերժելի է եւ կա՛մ գերազանցելի. (գնոստիկեան)։ Ուրիշներ կ՚ընդունին, թէ աշխարհը յօրինուած է Աստուծմէ, այն ժամագործին նման՝ որ ստեղծելէ ետք՝ զայն լքած է իր «բախտ»ին. (աստուածադաւանութիւն)։ Ուրիշներ վերջապէս աշխարհի գերակայ ո՛չ մէկ ծագում կը վերագրեն, այլ կը տեսնեն անոր մէջ միայն «խաղ»ը մշտագոյ նիւթին. (նիւթապաշտութիւն)։

Այս բոլոր փորձերը եւ տեսութիւնները կը վկայեն, թէ ծագումներու հարցը՝ ստեղծագործութիւնը յարակայ եւ ընդհանրական է։

Այս որոնումը իւրայատուկ է մարդո՛ւն։

Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին յայտնուեցաւ։ «Լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ» Ի՛նքն է «աշխարհի լոյսը». (ՅՈՎՀ. Ը 12), Ի՛նք «ճշմարտութի՛ւնն է»։ Ո՛վ որ հաւատայ Անոր, չի՛ մնար խաւարին մէջ։ Յիսուսի աշակերտը կը մնայ Անոր խօսքին մէջ՝ որպէսզի ճանչնայ ճշմարտութիւնը, որ կ՚ազատագրէ եւ կը սրբացնէ։ Ճշմարտութիւնը Լոյսով կը յայտնուի։ Ուստի հետեւիլ Յիսուսի՝ ապրիլ է Ճշմարտութեան Հոգիով՝ Լոյսի մէջ, զոր Հայրը կ՚առաքէ Իր անունով եւ Ան կ՚առաջնորդէ «դէպի բովանդակ ճշմարտութիւնը». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ուսուցանէ ճշմարտութեան անպայմանաւոր սէրը. «Ձեր խօսքը թող ըլլայ այո՛ն այո, եւ ո՛չը՝ ոչ». (ՄԱՏԹ. Ե 37)։

Եւ մարդը բնականաբար կը ձգտի ճշմարտութեան՝ որուն ուղին Լո՛յսն է։

Խաւարի մէջ՝ «Չար»ին իշխանութեան ամբողջութեամբ ենթարկուած աշխարհի այս ողբերգական կացութիւնը մարդուն կեանքը կը վերածէ պայքարի մը։ Ուստի, մարդոց ամբողջ պատմութեան մէջէն խաւարին զօրութիւններուն մէջ՝ անոնց դէմ կը ծաւալի անողոք պայքար մը. պայքար մը՝ ծնած սկիզբէն իսկ, եւ որ պիտի տեւէ մինչեւ վերջին օրը ինչպէս Տէրը ըսաւ մեզի։ Լծուած այս պայքարին, մարդը պարտի անդադար մաքառիլ՝ յարելու համար «բարի»ին՝ խաւարէն «լոյս»ի։ Ի գին մեծ ճիգերու եւ Աստուծոյ շնորհքով՝ ան կարող կ՚ըլլայ իր ներքին միութիւնը իրագործել։

Լեւոն ԺԴ. կ՚ըսէ. «Գիշերուան լռութեան մէջ, երբ բոլորը քնացած են, Աստուած կը շարունակէ հսկել քու հոգիդ։ Այս մութ ժամերուն՝ ուր կը յայտնուի մեր ներքին պայքարը՝ վիրաւորանքներ որ ի յայտ կու գան, նաեւ՝ վաղուան մտահոգութիւններ, երէկուան՝ անցեալի զղջումներ։ Բայց Տէրը երբեք չի լքեր, ինչպէս սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. -Մութն ալ քեզի խաւար չէ, հապա գիշերը ցերեկի պէս լուսաւոր կ՚ըլլայ։ Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են Քու առջեւդ. (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 12)։ Ձգէ Անոր պայքարներդ, վախերդ, արցունքներդ։ Գիշերը լքումի վայր մը չէ, բայց պահ մը՝ ուր Աստուած քեզ կը բռնէ իր ձեռքով խաւարէն անցընելու եւ պատրաստելու արեւածագը՝ լուսադէմը։ Թող սիրտդ գտնէ հանգիստը Քրիստոսի խաղաղութեան մէջ»։

Արդարեւ, Քրիստոսի խաղաղութեան մէջ ապրիլ՝ լոյսի մէջ ապրիլ կը նշանակէ, քանի որ Անոր մէջ երբեք խաւար չկայ եւ հոն՝ ուր լոյս կայ, հոն ո՛չ վախ, ո՛չ ցաւ եւ ո՛չ իսկ հոգ կայ։ Ան լո՛յս է եւ լոյսին մէջ քալողը միշտ խաղաղութեան մէջ կը մնայ եւ կը փարատի ամէն տարակոյս, ամէն հոգ, ամէն ցաւ, վիշտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 1, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2025