ՔՆՆԱԴԱՏԻ ՄԸ ԶՂՋՈՒՄԸ
Օր մը Կոմիտաս Վարդապետ իր աշակերտներէն Վահան Տէր-Առաքելեանն ու Մ. Քրիսճեանը իր մօտ կը կանչէ, որպէսզի անոնց հետ փորձ ընէ մի քանի օրեր ետք համերգի ընթացքին հնչելիք «Ծիրանի ծառ» ժողովրդական մեներգը: Կոմիտաս իր աշակերտներուն սեւ սուրճ հիւրասիրելէ ետք կ՚անցնի փորձերուն. ընթացքին Կոմիտասի մօտ այցելութեան կու գայ մտաւորական, ուսուցիչ ու թարգմանիչ Վրթանէս Փափազեանը՝ ձեռքին ունենալով ջութակ մը ու լեզուաբան ու գրաքննադատ Գրիգոր Վանցեանը:
Կոմիտաս նոր եկողները կը դիմաւորէ եւ սուրճ մը հիւրասիրելէ ետք կ՚անցնի իր դաշնամուրին դէմը եւ կը սկսի զանազան երգեր հրամցնել հիւրերուն. որոշ ժամանակ երգելէ ետք Վրթանէս Փափազեանէն կը խնդրէ, որ կտոր մըն ալ Փափազեանը նուագէ: Փափազեան ուրախութեամբ տեղէն ելլելով կը սկսի նուագել «Լուր Դա լուր»ը: Կոմիտաս Վարդապետ Փափազեանի նուագած ընթացքին իր մօտի թուղթին վրայ որոշ նշումներ ու նօթեր կ՚առնէ։ «Լուր Դա լուր» երգը մշակած էր Վրթանէս Փափազեան եւ իր մշակումով կը նուագէ կտորը. հազիւ վերջացուցած Կոմիտաս Վարդապետ կը խնդրէ Փափազեանէն, որպէսզի պահ մը լսէ իր «Լուր Դա լուր»ը եւ անցնելով դաշնամուրի դիմաց կը սկսի նուագել Փափազեանի նուագած «Լուր Դա լուր» երգը։ Փափազեան կը կարծէ, որ Կոմիտաս Վարդապետ նախապէս լսած էր այդ երգը, սակայն, Կոմիտաս ցոյց կու տայ նօթագրութիւնը. մեծ հանճարը տեղւոյն վրայ լսելով երաժշտութիւնը, իր միտքին մէջ նոր ու բարեփոխուած մշակում մը կը կատարէ:
Գրիգոր Վանցեան պահ մը կը դժուարանայ հաւատալ եղածին. Կոմիտաս կը պատասխանէ Վանցեանի կասկածն. «Ի՞նչ կայ որ, ականջս կը լսէր, ձեռքս կը գրէր» եւ ցոյց կու տայ նօթագրութիւնը, որ մի քանի վայրկեան առաջ Կոմիտաս գրած էր թուղթի մը կտորին վրայ։ Վանցեան կը զարմանայ եւ որպէս զարմանքի արտայայտութիւն հետեւեալը կ՚ըսէ. «Չէ՛ ջանս, այստեղ խաղ մը կայ… կամ ալ կախարդ ես դուն»: Կոմիտաս հարց կու տայ. «Եթէ հիմա հայերէն թելադրութիւն ըսեմ, կը դժուարանա՞ս գրել». հիւրերը «ի հարկէ ոչ» պատասխանը կու տան, սակայն, կ՚առարկեն, որ մեծ տարբերութիւն կայ հայերէն թելադրութեան եւ երաժշտութեան միջեւ. Կոմիտասի պատասխանը ինքնավստահ է. «Ինծի համար ո՛չ մէկ տարբերութիւն չի կայ»:
Փափազեան սքանչացած Կոմիտասի շնորհքներուն՝ կը յիշատակէ մեծ հանճարին դէմ եղած քննադատութիւններէն մէկը եւ կ՚ըսէ. «Մի՞թէ անբարեխիղճ, անամօթ չէ՞ այն մարդը, որ առանց ծանօթանալու Կոմիտասի հետ, առանց գաղափար ունենալու անոր շնորհքին ու ընդունակութիւններուն մասին հրապարակով կը քննադատէ զինք ու կը գրէ. «Երեք ու կէս տարուան մէջ կօշկակարութիւն սորվիլ կարելի չէ, ալ ո՜ւր մնաց՝ երաժշտութիւն»:
Փափազեանի յիշատակած քննադատութիւնը 1903 թուականին «Նոր Դար» թերթին մէջ հրատարակուած Կոմիտասի դէմ եղած քննդատութիւնն էր (չորեքշաբթի, 25 յունիս, 1903, թիւ 110, էջ 2-3), որ ստորագրուած էր որպէս Ալ. Ս.: Յօդուածագիրը իր քննադատութեամբ «ցաւ» կը յայտնէր, ըսելով, որ ինք եւ իր նման շատեր դէմ չեն հայկական երաժշտութեան մշակման, բայց այդ մէկը կ՚ուզէին տեսնել շատ աւելի «կարող» անձի մը ձեռքը՝ քան Կոմիտաս Վարդապետին. այդ գրութեամբ քննադատը Կոմիտաս Վարդապետը «թեթեւսոլիկ վարդապետ» կ՚անուանէր, ամօթ նկատելով եկեղեցականի մը «Եա՜ր, եա՜ր» երգելը:
Ի դէպ, այդ քննադատը Գրիգոր Վանցեան ի՛նք էր. իր աշակերտը Վահան Տէր-Առաքելեան կը պատմէ, որ Փափազեանի այս խօսքին վրայ Վանցեան ոտքի կանգնելով կը յայտնէ, թէ այդ յօդուածի հեղինակը ի՛նք էր եւ ներողութիւն կը խնդրէ վարդապետէն: Աշակերտը կը պատմէ, թէ Կոմիտաս Վարդապետ սկիզբը ջղայնացաւ այդ յայտնութեան վրայ, սակայն, վայրկեան մը ետք մեծ ժպիտ մը երեւցաւ դէմքին եւ կատակելով ըսաւ. «Երկու կոպեկ տուր, յօդուածիդ դառնութիւնը քամիին տանք»: Վանցեան առաջարկեց աւելի տալ, սակայն, Կոմիտաս ժպտալով երկու կոպեկ ուզեց։ Ի դէպ, աշակերտը կը յայտնէ, որ Կոմիտաս ամբողջ տարի իր հաւաքած երկու կոպեկներով Փարիզի մէջ հրատարակեց «Հայ քնար» երգերուն առաջին ժողովածոն:
Ի դէպ, Կոմիտասի մասին եղած քննադատութիւնները աւելի մօտէն ճանչնալու եւ հասկնալու համար կ՚առաջարկենք կարդալ «Նոր Դար»ի մէջ հրատարակուած այդ քննադատութիւնը՝ «Հեղինակաւոր կարծիքի պահանջ» խորագիրին տակ, որմէ կ’ուզենք մէջբերել որոշ նախադասութիւններ.
«Հայր Կոմիտասի բռնած ուղղութիւնը միանգամայն կորստաբեր է»:
«Մենք հակառակ չենք ժողովրդական երգերուն. մենք չենք ուզեր, որ մեր ժողովրդական երգերը, որոնց խիստ սիրահար ցոյց կու տայ ինքզինք Հայր Կոմիտասը, անմշակ մնան. մենք կ՚ուզէինք աւելի հմուտ, աւելի տաղանդաւոր եւ պատրաստուած մարդու ձեռքին տեսնել նման պատասխանատու գործ»:
«Չափազանցութիւն չըլլայ ըսել, որ երեք տարուան մէջ սիրային երգերէ դուրս, ուրիշ բնաւորութիւն կրող երգեր լսել վիճակուած չէր»:
Կոմիտասը քննադատող ազգէ մը իր մարդուժերուն հանդէպ երախտագիտութիւն փնտռելը պարզապէս անհեթեթութիւնն է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Քննադատելու հիմնական նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ:
Պատասխան. Քննադատելու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ վիրաւորել կամ վարկաբեկել ուրիշը, այլ օգնել, որպէսզի ան թերութիւններն ու բացերը տեսնէ՝ նպատակ ունենալով, որ զանոնք սրբագրէ ու բարելաւէ: Ճիշդ ձեւակերպուած քննադատութիւնը պէտք է հանդիսանայ զարգանալու միջոց, որ կը խթանէ առողջ մտածողութիւնը եւ անձին դիմաց կը դնէ նոր տեսակէտներ, որոնք կը նպաստեն կատարելագործման:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան