ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Մեղքը ամէն բանէ առաջ վիրաւորանք է Աստուծոյ։ Ան խզում է Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։ Մեղքը միաժամանակ Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան դէմ վնասարարութիւն է։ Ասոր համար՝ մարդուն դարձը միանգամայն կը պատճառէ Աստուծոյ ներումը եւ Եկեղեցւոյ հետ հաշտութիւնը։ Եւ ասիկա ծիսականօրէն կ՚արտայայտուի եւ կ՚իրականացուի «Ապաշխարութեան» եւ «Հաշտութեան» սուրբ խորհուրդով։

Միայն Աստուած կը ներէ մեղքերը. (ՄԱՐԿ. Բ 7)։ Յիսուս, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին է, կ՚ըսէ Իր մասին. «Մարդու Որդին իշխանութիւ ունի երկրի վրայ մեղքերը ներելու». (ՄԱՐԿ. Բ 10) եւ այս աստուածային իշխանութիւնը իսկոյն կը կիրարկէ. «Մեղքերդ ներուած են». (ՄԱՐԿ. Բ 5), (ՂՈՒԿ. Է 48)։ Դեռ աւելի Իր աստուածային հեղինակութեան զօրութեամբ, Ան այս իշխանութիւնը մարդոց կու տայ (ՅՈՎՀ. Ի 21-23), որպէսզի զայն գործադրեն Իր անունով։

Քրիստոս ուզեց, որ Իր Եկեղեցին իր աղօթքով, իր կեանքով եւ իր գործելակերպով ամբողջական նշանը եւ գործիքը ըլլայ ներումի եւ հաշտութեան՝ զորս մեզի համար վաստկեցաւ ի գին Իր արեան։ Ան սակայն արձակումի իշխանութեան գործադրութիւնը յանձնած է առաքելական պաշտօնատարութեան՝ որ ստանձնած է «հաշտութեան պաշտօնատարութիւն»ը. (Բ ԿՈՐՆ. Ե 18)։ Առաքեալը ղրկուած է «Քրիստոսի անունով», եւ Աստուած, անոր միջոցաւ մեզ կը յորդորէ եւ կը թախանձէ. «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ». (Բ ԿՈՐՆ. Ե 20)։

Յիսուս հրապարակային Իր կեանքին ընթացքին ո՛չ միայն ներեց մեղքերը, այլ նաեւ յայտնեց այս ներումին արդիւնքները։ Ան ներողութիւն գտած մեղաւորները վերստին ներմուծեց Աստուծոյ Ժողովուրդին հասարակութեան մէջ, ուրկէ մեղքը զիրենք հեռացուցած կամ նոյնիսկ դուրս դրած էր։

Այս իրողութեան իբր շքեղ ապացոյց, Յիսուս մեղաւորները Իր սեղանը կ՚ըն

դունի, դեռ աւելի, անոնց սեղանակից կ՚ըլլայ, արարք մը, որ յուզիչ արտայայտութիւնն է Աստուծոյ ներումին (ՂՈՒԿ. ԺԵ) եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին ծոցը վերադարձին (ՂՈՒԿ. ԺԹ 9)։

Մեղքերը ներելու Իր իշխանութենէն առաքեալներուն բաժին հանելով, Տէրը մեղաւորները Եկեղեցւոյ հետ հաշտեցնելու իշխանութիւնն ալ կու տայ անոնց։ Առաքեալներուն յանձնուած գործին եկեղեցական եւ կրօնային ծաւալը կը բացայայտուի ի մասնաւորի Քրիստոսի Սիմոն Պետրոսի ուղղուած հանդիսաւոր խօսքով. «Պիտի տամ քեզի երկինքի Արքայութեան բանալիները. ի՛նչ որ կապես երկրի վրայ՝ պիտի կապուի երկինքի մէջ եւ ի՛նչ որ արձակես երկրի վրայ՝ պիտի արձակուի երկինքի մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 19)։ «Կապելու եւ արձակելու այս պաշտօնը, որ տրուած էր Պետրոսի, տրուեցաւ նաեւ առաքեալներուն դասին՝ միացած իրենց գլուխին». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 18, ԻԸ 16-20)։ «Կապել» եւ «արձակել» բառերը կը նշանակեն, ո՛վ որ մերժէք ձեր հաղորդութենէն, պիտի մերժուի Աստուծոյ հաղորդութենէն. ո՛վ որ վերընդունիք ձեր հաղորդութեան մէջ, Աստուած ալ պիտի ընդունի զինք Իր հաղորդութեան մէջ։

Ուստի, Եկեղեցւոյ հետ հաշտութիւնը անբաժա՛ն է Աստուծոյ հետ հաշտութենէն։

Արդարեւ, Սուրբ Գիրքի ընթերցումը, ժամերգութիւնը, «Հայր մեր»ը եւ պաշտամունքի կամ բարեպաշտական որեւէ անկեղծ արարք կը վերակենդանացնեն մեր մէջ հաշտութեան ոգին եւ կ՚օժանդակեն մեր մեղքերուն ներումին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 19, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026