ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (ԺԶ.)

Մեր վերջին յօդուածին վերջաւորութեան գրած էինք, որ մանկութենէ արդէն իսկ պիտի անցնինք պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան, սակայն, կ՚որոշենք այստեղ վերջ դնել «Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւն» յօդուածաշարքին՝ հաւատալով, որ դաստիարակութեան մէջ հիմնական բաժինն ու հիմքը մանկութիւնն է: Մանկութեան ժամանակ է, որ կը կազմաւորուի անհատականութիւնը. այդ ժամանակ է, որ մանուկը կ՚ընդունի որոշ արժէքներ, որոնց հիման վրայ կը ձեւաւորուի ապագան: 

Դաստիարակութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնանք գիտութիւնը, գիտելիքը. աշխարհահռչակ հոգեբան մը կ՚ըսէ. «Կրթութեան եւ դաստիարակութեան նպատակը գիտելիքներու քանակի աւելացումը չէ, այլ երեխաներու համար յօրինելու, բացայայտելու հնարաւորութիւնը ստեղծելն է, որպէսզի ստեղծեն նոր բաներ ընելու ընդունակ մարդիկ». որպէս ծնողք մանկութիւնը լոկ որպէս «մանկական» շրջան պէտք չէ ընդունիլ, որովհետեւ այն ինչ, որ ծնողքը կու տայ մանկութեան, այն կը քաղէ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան՝ որոշ փոփոխութիւններով անշուշտ, սակայն էականը կը մնայ մանկական շրջանին ստացած դաստիարակութիւնը:

Ըսած ենք ու մի՛շտ պիտի ըսենք, որ ծնողք ըլլալը դիւրին չէ. ծնողք ըլլալ զաւակ մը լոյս աշխարհ բերել չի՛ նշանակեր. ծնողքը պարտաւոր է իր զաւակը դաստիարակել եւ այդ մէկը ընելու համար պարտաւոր է դաստիարակուիլ։ Անդաստիարակ ծնողք մը իր զաւակը կրնայ լոկ անդաստիարակ ու տգէտ համոզումներով դաստիարակել եւ մեր մարդկութեան մեծագոյն ցաւն է այդ մէկը: Բոլորը չեն գիտեր ինչպէ՛ս իտէալական ծնողք կարելի է ըլլալ եւ այդ իսկ պատճառով ծնողներու համար գոյութիւն ունի հսկայական գրականութիւն մը, որ ծնողքը կը դաստիարակէ մանկավարժական եւ հոգեբանական կարեւոր գիտութիւններով եւ հմտութիւններով, որովհետեւ ծնողք ըլլալու համար զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ անկախ, պէտք է ունենալ համբերութիւն, իմաստութիւն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: 

Յաճախ ծնողներ կը կարծեն, որ մանկութեան ժամանակ երեխան ոչինչ կը նկատէ. մինչ գիտութիւնը կու գայ յայտնելու, որ իրականութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է. մանկութեան անոնք լաւապէս կ՚ուսումնասիրեն շրջապատը եւ կը փորձեն սորվիլ անկէ. այդ տարիքին կը զարգանայ անոնց յուզական աշխարհը, պատկերացումներն ու «ճիշդ»երն ու «սխալ»ները: Այդ տարիքին կը կազմուի անձի մը բնաւորութեան հիմնական գիծերը. հետեւաբար ծնողներ ո՛չ թէ երիտասարդութեան կամ պատանեկութեան, հիմնականը մանկութեան շրջանին պարտին բծախնդիր ըլլալ: 

Այդ է պատճառը, որ դարաւոր յայտնի խօսքը կ՚ըսէ, թէ տունն է մանուկին առաջին դպրոցը եւ այդ առաջին դասերը շատ աւելի տպաւորիչ կ՚ըլլան քան միւսները. մանկութեան տարիքին ներարկուած արժէքները, սովորութիւնները կրնան պահպանուիլ մանուկի մը ողջ կեանքի ընթացքին: Յայտնի փիլիսոփայ Արիստոտէլ կ՚ըսէ. «Ինծ մանուկ մը տուէք մինչեւ եօթ տարեկան եւ ես ձեզի մարդը ցոյց կու տամ». այլ խօսքով ըսել կ՚ուզէ, որ մարդու մը հիմնական նկարագիրը մինչեւ իր եօթ տարեկան հասակը կը կազմուի։ Վստահաբար անկէ ետք փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան, սակայն շատ աննշմար ու չնչին: 

Ծնողք ըլլալը կենսաբանական ընթացքէն շատ աւելի վեր ու կարեւոր պարտաւորութիւն մը կու տայ մարդուն. երկու անկախ երիտասարդներ կը միանան եւ անոնց միացումէն լոյս աշխարհ կու գայ զաւակ մը եւ անոր լոյս աշխարհ գալու օրէն անոնք կը ստանձնեն առաջնորդի սրբազան պարտաւորութիւնը: Այլեւս անոնք այն երիտասարդները չեն՝ ինչ էին նախօրօք եւ հետեւաբար զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ առաջ պէտք է լաւապէս մտածել, որովհետեւ այդ մէկը մեծ զոհողութիւններ կը պահանջէ եւ բոլորը չունին այդ հասունութիւնը: 

Մեր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պսակադրութենէն առաջ ունի ընտանեկան դասընթացք մը. այդ մէկը ինչքանով իրաւացի է եւ ճիշդ՝ մեր նիւթը չէ, սակայն կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր զոյգ նախքան պսակադրութիւնը, պարտի հետեւիլ նման դասընթացքներու, կարդայ ծնողներու համար ստեղծուած գրականութիւնը, որովհետեւ շատ անգամ մենք մեր գիտցածները ճիշդ կը կարծենք՝ սակայն կրնայ իրականութեան մէջ ճիշդ չըլլալ: Իւրաքանչիւր երիտասարդ պարտի լաւապէս գիտակցիլ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամուսնութիւն, ի՛նչ կը նշանակէ ընտանիք, զաւակ, դաստիարակութիւն. լաւապէս ճանչնայ անոր դրական ու բացասական կողմերը. համոզուի, որ կեանքը կարծուածին չափ վարդագոյն երանգներ չունի. այդտեղ կայ զոհողութիւն, անքուն գիշերներ, ցաւ ու այդ բոլորէն վեր ու կարեւոր ընտանեկան երջանկութիւն մը, որ ո՛չ միայն սիրով, այլ ճիշդ դաստիարակութեամբ, մանկավարժական առողջ մօտեցումով կարելի է ստեղծել: 

Մեր փափաքն է, որ աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մանուկ ունենայ ծնողք՝ որ լաւապէս գիտակցութիւնը ունի իր պարտաւորութիւններուն: Մեր ընտանիքներն են, որ կը ստեղծեն մեր ապագայ սերունդը. իւրաքանչիւր նոր պսակուած զոյգ՝ ապագայ սերունդի մը հիմը կը դնէ եւ երանի անոր՝ որ այդ հիմը հաստատ ու ճիշդ սիւներու վրայ կը կառուցէ:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պսակուելէ առաջ զոյգեր ի՞նչ պարտին գիտնալ:

Պատասխան. Նախքան ամուսնութիւնը՝ զոյգեր պէտք է լաւապէս գիտնան փոխյարգանքի կարեւորութիւնը, որովհետեւ առողջ յարաբերութիւնները կառուցուած են մէկզմէկու կարծիքները, զգացումները եւ անհատականութիւնը յարգելու եւ գնահատելու վրայ: Պէտք է գիտակցին, որ միայն սէրը բաւարար չէ. սիրոյ կողքին պարտին ունենալ համբերութիւն՝ մարտահրաւէրները միասին յաղթահարելու համար: Կարեւոր է գիտնան հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը, նիւթական պարտաւորութիւնները եւ ապագայ նպատակներու վերաբերեալ ակնկալիքները՝ կանխելու համար ամէն տեսակի թիւրիմացութիւններ: Եթէ կը նախատեսեն զաւակներ ունենալ, ապա պէտք է գիտնան ծնողք դառնալու պարտաւորութիւնները: Այս բոլորին կողքին ունենան վստահութիւն, որովհետեւ յաջող ամուսնութիւնները հիմնուած են վստահութեան վրայ, որով կարելի է կեանքի վայրէջքներն ու վերելքները ապրիլ ու հաւասարակշռել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2025