ԱՄԵՐԻԿԱՆԱՑՈՒՄ

Մեր թուականէն հարիւր տարի առաջ հրապարակ նետուեցաւ շատ վտանգաւոր բառ մը՝ «Ամերիկանացում», ինչ որ շատերու համար մտահոգութիւն, իսկ ոմանց համար ալ անհեթեթութիւն թուեցաւ. սակայն, զարմանալին այն է, որ այդ բառը ժամանակէն շա՜տ շատ առաջ հրապարակ դուրս եկաւ։ Նման արտայայտութիւն մը եթէ ի յայտ գար 1940-ական թուականներուն, շատ աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար՝ քան 1920-ական թուականներուն, որովհետեւ այդ ժամանակ տակաւին հայ գաղութները նոր սկսած էին կազմակերպուիլ. ընդամէնը հինգէն ութ տարուան մէջ հայը ինչպէ՞ս սկսաւ իր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը հարցականի տակ դնել՝ անլուծելի առեղծուած մըն է: 

Մենք ալ համոզուած ենք, որ օտարութեան մէջ որոշ ժամանակէ մը ետք սերունդներ կամայ թէ ակամայ իր ինքնութենէն մաս մը կը կորսնցնեն եւ իրենց ապրած միջավայրի ազդեցութիւնը կը սկսին կրել, սակայն ինչպէ՞ս եղաւ, որ հայերը այդքան շուտ սկսան այդ դըժ-բախտութեան անձնատուր ըլլալ:  

Հիմա դէմս ունիմ մինչեւ օրս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսնող «Պայքար»  օրաթերթի երկուշաբթի, 11 փետրուար 1924-ի թիւը, որուն երկրորդ էջին Ա. սիւնակին մէջ կը կարդանք. «Կրնա՞յ մէկը ընտիր ու պարտաճանաչ ամերիկեան քաղաքացի մը ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ պահելով հայու ոգին, հայ լեզուն ու աւանդութիւնները ու հաւատարիմ մնալ իր ազգային պարտականութեանց, կամ ամերիկանացումը հայու մը համար կը նշանակէ՞ մոռնալ իր ծագումը, ամէն ինչ որ հայկական է ու ի սպառ ձուլուիլ, անհետանալ օտար տարրերու մէջ»: Այստեղ կայ երկու հաւանականութիւն. հեղինակը՝ որուն անունը չէ նշուած յօդուածի աւարտին կա՛մ մարգարէ է եւ կամ ցեղասպանութենէն ընդամէնը ինն տարիներ ետք արդէն իսկ հայ ժողովուրդը «կորուստ»ի ճամբուն վրայ էր: 

Ի դէպ, յայտնենք, որ շատեր կամաւոր այդ ձուլումի ճամբուն մէջ անցած էին արդէն՝ հաւատալով, որ կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել։ Անշուշտ, այս արտայայտութեան ո՛չ միայն «Պայքար»ի, այլ շատ մը ուրիշ թերթերու մէջ ալ կը հանդիպինք. շատեր կը հաւատային, որ օտար երկրին մէջ յաջողելու համար հայերէնը պէտք էր մէկդի դնել ու սորվիլ անգլերէնը, որովհետեւ հայերէնը տեղ մը «փոր» չէր կշտացներ, սակայն, անգլերէնը կ՚օգնէր, որպէսզի մարդ ընկերութեան մէջ շատ աւելի դիւրաւ իր տեղը գտնէր: Շատեր կը հաւատային, որ ճշմարիտ ամերիկացի ըլլալու համար պէտք էր մոռնալ հայկականը, որովհետեւ անոնց մէջ կար մշակոյթի եւ մտածողութեան տարբերութիւններ եւ հետեւաբար հայկականին մէջ բանտուած մնալը ամերիկեանէն հեռու մնալ պիտի նշանակէր: 

Սակայն բոլորը այսպէս չէին մտածեր. շատ շատերու համար պատկերը հակառակն էր. անոնց համոզումով՝ ով որ իր սեփականը չի սիրեր, չէր կրնար սիրել նաեւ օտարինը՝ ինչքան ալ սիրտին մօտիկ ու հարազատ զգայ։ Անշուշտ, ըսենք, որ այս երկրորդ խումբի պատկանող մարդիկը մասամբ ամերիկացիները կը նեղացնէին. ամերիկացիներ՝ ինչպէս նաեւ Ամերիկայի պետութիւնը լաւապէս կը գիտակցէր, որ հայերը ամերիկացի դառնալու փոխարէն կը շարունակեն իրենց հայութիւնը պահել՝ հայերէն թերթ հրատարակել, հայկական կուսակցութիւններ հիմնել: 

Այդ առումով կար պայքար մը հայութեան կառչած մնացողներուն եւ ամերիկանացում պաշտպանողներուն միջեւ: Անշուշտ, կար ծայրայեղ այլ կողմ մը եւս. հայեր՝ որոնք օտարները կ՚ատէին եւ ըսենք, որ այդ թուականներուն թիւով քիչ չէին անոնք. բազմաթի՜ւ հայեր՝ մանաւանդ մեծահասակներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հասնելով երբեք չուզեցին եւ նոյնիսկ չփորձեցին սորվիլ անգլերէն, որովհետեւ շատեր կը հաւատային, որ անպայմանօրէն դարձեալ պիտի վերադառնան իրենց տուները, սակայն, ուրիշներ այդ վերադարձը մոռցած՝ նոր միջավայրին հետ քայլ պահել կը փորձէին: Անշուշտ, օտարատեացներ կային նաեւ ամերիկացիներու մէջ, որոնք կ՚ուզէին կա՛մ վռնտել եկուոր օտարները եւ կամ զանոնք ձուլել իրենց մէջ:

Յօդուածագիրը, սակայն, կ՚ուզէ միջին եզր մը գտնել եւ համոզել ընթերցողը, որ կարելի է Ամերիկայի մէջ ապրելով, ամերիկեան հպատակութիւն ունենալով շարունակել հայ ապրիլ, հայ մնալ։ Անշուշտ, ծայրայեղ հայ ըլլալը կրնայ վնասել օտար երկրի մէջ անոնց գոյատեւումը եւ միւս կողմէ ծայրայեղ օտարամոլութիւնը կրնայ վերջ տալ սեփական ինքնութեան. այդ իսկ պատճառով յօդուածագիրը կը գրէ. «Հայութիւնը մեր մէջ եւ մեր նոր սերունդին մէջ պահպանելու համար մեր ըրած ջանքերը, հայ դպրոցները, մամուլը, գրականութիւնը եւ ձուլման դէմ մղած պայքարը, չեն հակասեր ամերիկանացման իր ուղիղ եւ լաւագոյն իմաստով, եւ իրապէս հայրենասէր ու ողջամիտ ամերիկացիք ոչ միայն խեթիւ չեն նայիր մեր այս ջանքերուն վրայ, այլեւ կը գնահատեն զանոնք»: 

Մեզի համար տարօրինակը, սակայն, կը շարունակէ մնալ նոյնը. 1924 թուական եւ արդէն ձուլումի դէմ պայքա՞ր... եթէ այո՝ ուրեմն եթէ մինչեւ այսօր Ամերիկայի մէջ հայերէն խօսող փոքրամասնութիւն մը ունինք՝ ապա այդ մէկը հրաշքի համազօր է:

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ կրնա՞յ երկու ազգութիւն միաժամանակ կրել իր մէջ:

Պատասխան. Այո, մարդ կրնայ միաժամանակ երկու ազգութիւն ունենալ: Օրինակի համար եթէ ծնողներէն մէկը հայ է իսկ միւսը ֆրանսացի, ապա մանուկը կրնայ ինքնահաստատուիլ եւ կապ հաստատել երկու ազգութիւններու հետ: Բացի այդ, կարելի է ունենալ երկու քաղաքացիութիւն, որ նոյնպէս առիթ կու տայ միաժամանակ կապ ունենալ երկու ազգութիւններու մշակոյթներուն հետ: Ազգութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս մշակութային ինքնութեան հարց:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2025