ՉԱՐԻՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ
Ֆիզիքական կեանքի պարտքը կը համապատասխանէ հոգեկան կեանքի մեղքին։ Այս իմաստով՝ մարդ ամէն անգամ որ պարտազանց կ՚ըլլայ, մեղքի մէջ կը թաղուի եւ, ընդհանուր առումով, այն ինչ որ պարտազանցութեան հետեւանք է, «չար» եւ չարիքի գաղափարի ամենապարզ բացատրութիւնը ա՛յս է։ Ուստի, չարութիւն ծրագրելը եւ չարագործելը նոյնն է. ծրագրուած չարիքը անպայմա՛ն կը կատարուի որեւէ ձեւով՝ որ միշտ «չարիք» է։
Մարդիկ, ընդհանրապէս, չարիքի գաղափարին մասին չեն մտածեր, մինչեւ որ չարագործին կողմէ գործադրուիլը տեսնեն եւ իրենք իսկ վնասուին։ Բայց չարիքը գործադրուելէ ետք այլեւս օգուտ չունի անոր առաջքը առնելու աշխատանքը. էականը ամէն չարիք իր սաղմին մէջ խեղդելն է։ Չարագործը իր չարիքը մինչեւ որ չխոստովանի եւ չհատուցանէ, փոխարէնը հոգեկան փրկութիւն չկայ իրեն։
Մեղքերու՝ չարիքին շարքին կան մարմինը արատաւորող մեղքեր, հոգին ապականող մեղքեր եւ Աստուծոյ դէմ գործուած մեղքեր՝ որոնք չարիք կը ստեղծեն եւ կը վշտացնեն Աստուած։ Մարմինը արատաւորող մեղքերուն եւ չարիքներուն թողութիւն կը տրուի, եթէ հոգին առողջ է, ինչպէս կարելի է տեսնել բազմաթիւ պարագաներու մէջ։ Հոգիին ապականութիւնը մարդուն բարոյական խաթարումը եւ մա՛հն է։ Իսկ Սուրբ Գրոց համաձայն՝ Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյանքին ներում չկա՛յ։
Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ Մինչդեռ մարդ ապրելու համար ստեղծուած է ո՛չ թէ մեռնելու։ Ուստի, մարդ ինքն իր դահիճն է. ինքզինք մահուան կը դատապարտէ եւ մահուան գիրկը կը նետէ՝ իր գործած մեղքին եւ չարիքին միջոցաւ՝ որ իր իսկ հոգեկան պարտքն է։ Ահաւասի՛կ, այս իմաստով պէտք է հասկնալ Պօղոս առաքեալի խօսքը։
Արդարեւ, ժողովրդական իմաստութիւնը այս պարագան կը յայտնէ սա խօսքով. «Պարտքը տալով, իսկ մեղքը՝ լալով կ՚ըլլայ»։
Փարիսեցիներու կեանքի ըմբռնումը այն էր, թէ մեղաւորը պէտք է երեսի վրայ ձգուի եւ կամ ճմլուի։ Ասիկա, մարմնական կեանքի հասկացողութիւն է. մինչդեռ մարդուն սրտին մէջ ծագում առած «նոր կեանք»ը, հոգեւոր կեանքի լոյսը տեսնելու կարողութենէն զուրկ էին անոնք։ Նոյնիսկ այս տեսանկիւնէն դիտելու պարագան օտար էր փարիսեցիներուն եւ իրենց սրտին մասին իսկ որոշ եւ յստակ գաղափար չունէին։ Անոնց մտքէն չէր անցներ, թէ մարդ մը դատապարտելով կը մերժէին Քրիստոսի ամենակարողութիւնը եւ փրկագործութիւնը։
Ուստի, դատաստանը մարդուս չի պատկանիր՝ Դատաւորը Քրիստոս Ի՛նքն է՝ որուն տրուած է այս պաշտօնը Հօր Աստուծոյ կողմէ։ Բոլոր մարդիկ Աստուծոյ առջեւ պարտապաններ են։ Եւ եթէ անոնք իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ՝ անոնք կատարելու ջանքին եւ աշխատանքին մէջ թերանայ մարդ, անոր բնական արդիւնքը կ՚ըլլայ «պատիժ»։ Իւրաքանչիւր մարդ տարբեր աստիճանի պարտապան է՝ համաձայն իր պարտքի քանակին եւ որակին։ Եւ եթէ մարդ չկարենայ իր պարտքերը հատուցանել՝ կը սնանկանայ։
Եւ Քրիստոս պատրա՛ստ է ներելու մեր իւրաքանչիւր պարտքերը, եթէ մեր կողմէ իրեն հանդէպ հաւատք եւ սէր տեսնէ… իսկական եւ անկեղծ սէր, եւ ոչ թէ ձեւական սէր։
Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը ձեւական կրօնք մը չէ, այլ անկեղծութեան կրօնքն է։ Կարելի է տեսնել մարդիկ, որոնք ամէն տեսակ տղմաթաթախ մեղքերու մէջ կը պլլուին եւ ապա՝ առանց անկեղծ զղջումի արցունքին կամ հատուցումին՝ կ՚ուզեն Քրիստոսի ալ տէր դառնալ։ Ասիկա, պարզապէս մարդ խաբել է, որ կը համապատասխանէ ինքնախաբէութեան։ Չէ՞ որ Յիսուս ըսաւ, թէ՝ կարելի չէ երկու տէրերու միանգամայն ծառայել։
Անկեղծութիւնը քրիստոնէութեան սկզբունքներէն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 19, 2025, Իսթանպուլ