ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ բոլոր հարցերուն վերջնական անուն մը, լուծում մը չտուած, կու գանք 2025 թուականին գտնելու հետեւեալ հարցերուն պատասխանները.
Ա.- Ո՞ւր է այսօր սփիւռքը:
Բ.- Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ։
Գ.- Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքի կառոյցները իրենց օրակարգերով, կանոնագրութիւններով, գործելակերպերով ու մտածելակերպերով դարձնել աւելի ուժական, այժմէական ու հաղորդական:
Դ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ազգային ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները, աւանդութիւնները ու իտէալները պահել ամուր՝ մնալով հանդերձ ամբողջական ու անքակտելի մասը տուեալ երկրի ընկերութեան։
Ե.- Ինչպէ՞ս կարելի է սոսկ յարաբերութենէն անդին՝ հետեւողական ու ծրագրուած գործակցութիւն մշակել սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ։
Զ.- Ինչպէ՞ս կարելի է համասփիւռքեան օրակարգ մը մշակել՝ ի խնդիր համահայկական օրակարգի մը մշակման եւ անոր շուրջ համախմբուիլ։
Այս հարցումները առնուած են Արամ Ա. Կաթողիկոսի վերջին կոնդակէն՝ որով 2025 թուականը կը հռչակէ «Աւանդութիւններուն վերակենսաւորման տարի»: Եթէ այս հարցադրումները մեր աչքին առջեւ ունենանք, պիտի տեսնենք, որ կարծես նախորդ մի քանի տարիներու անաւարտ մնացած շատ մը բացթողումներ եւս այսպէս կամ այնպէս տեղ գտած են այս հարցումներու շարքին մէջ։ Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի է, սակայն մէջը կայ այն հարցերը, որ «Սփիւռքի տարի»ն չկրցաւ լուծել. մեր յոյսը աւանդութեան տարուան վրան է արդէն:
Արամ Ա. Կաթողիկոսին հարցերը շատ են. ո՞ւր է այսօր սփիւռքը: Եթէ ձեր մէջ կայ անձ, որ կրնայ պնդել, թէ հայկական սփիւռքի վիճակը լաւ է, ապա կրնաք վստահ ըլլալ, որ պաշտօնի վրայ գտնուող կուսակցական մըն է, որովհետեւ միայն անոնց համար է, որ լաւատես է ամէն բան՝ նոյնիսկ եթէ սփիւռքի մէջ կը նահանջէ աւանդութիւնները, մշակոյթը, լեզուն ու հայութիւնը ընդհանրապէս: «Ո՞ւր է սփիւռքը» հարցը ո՛չ միայն եկեղեցին, այլ պէտք է Հայաստանի պետութիւնը, իր բոլոր կառոյցներով բարձրացնէ, որովհետեւ մենք հայրենիքի գոյատեւման համար սփիւռքը կը կարեւորենք, սակայն, սփիւռքի գոյատեւման պարագային լուռ ականատես մնալ կը շարունակենք: Եթէ իրապէս մտահոգ ենք, թէ ո՞ւր է սփիւռքը, ապա պարզ է, որ սփիւռքը այսօր հո՛ն չէ՝ ուր որ էր երէկ եւ վաղը հոն պիտի չըլլայ՝ ուր որ է այսօր. օր օրի աւելիով պիտի մօտենայ անդունդին եւ հայաթափութեան. այդ իսկ պատճառով «Ո՞ւր է սփիւռք»ը հարցը ուշացած նկատելով հանդերձ, մենք կ՚ուզենք անձերը համոզել, որ աւելի լաւ է ուշ՝ քան երբեք: Ցաւալի է սփիւռքի վիճակը. դրական ո՛չ մէկ բան կը տեսնուի այդտեղ. վկայ՝ անցնող տասն տարիներու ընթացքին փակուող դպրոցները, իրենց գործունէութեան վերջ տուող մամուլներն ու հայկական կազմակերպութիւնները. վկայ՝ հայկական դպրոցը անտեսելով իրենց զաւակները օտար դպրոցի զոհ դարձնողները. օտար ամուսնութիւններն ու ամուսնալուծութիւնները. Վկայ՝ գրեթէ այն բոլորը, որ դէմ են հայկական բարքերուն ու հասկացողութեան:
Այսօր սփիւռքը այնպիսի վիճակի մէջ է, որ ո՛չ նիստերը եւ ոչ վերջ չունեցող ժողովները կրնան փրկել. կ՚ուզենք համոզուիլ, որ գուցէ աշխատանքը կրնայ փոխել վիճակը (հակառակ որ շատ ալ տրամաբանական չ՚երեւիր). գուցէ մենք ուշացանք հարցնելու, թէ ո՞ւր է սփիւռքը. չկրցանք տէր կանգնիլ եւ կորսուելէ ետք յանկարծ անոր բացը նկատել սկսանք:
Որպէս երկրորդ հարց Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ. «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ». պէտք է յստակ ըլլայ, որ հայկական սփիւռքը քարացած իրողութիւն մը չէ. այդ սփիւռքը (փա՜ռք Հայաստանի պետութեան) օր օրի աւելիով կը մեծնայ եւ սփիւռքը հայրենիք վերադառնալու փոխարէն, հայրենիքը սփիւռք ըլլալու կը դիմէ։ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը ի՞նչ կը նշանակէ... դժուար է պատասխանել, որովհետեւ ժամանակը մի՛շտ ալ կը փոխէ ու փոխած է այդ հարցին պատասխանը. յիսնամեակ մը առաջ սփիւռքահային համար իր հայութիւնը ուրիշ եւ այսօր ամբողջութեամբ տարբեր նշանակութիւն ունի եւ հայկական սփիւռքը կարենալ պահելու համար նախ պէտք է վերամշակել ու դարձեալ հասկցնել «հայ»ի ինչութիւնն ու նշանակութիւնը, որովհետեւ հայ ըլլալը այսօր արեան ժառանգութենէն տարբեր բաներ ալ կը պահանջէ: Եթէ այսօրուան սերունդին չյաջողինք սորվեցնել հայու «ինչ ըլլալ»ը, ապա անոնցմէ չսպասենք հայութիւն, որովհետեւ անունները արդէն իսկ օտար են, շրջանակն ու ընկերութիւնը օտար, օտար է նաեւ անոր մտածելակերպը, որովհետեւ անցեալին հայերէն մտածող, սակայն օտար լեզուով արտայայտուող հայը, այսօր օտարին պէս կը մտածէ ու իր մայրենիով արտայայտուելու կը դժուարանայ: Պէտք է սորվեցնել, որ հայութիւնը Ապրիլ 24-ով եւ կամ տան մէկ ծայրը կախուած պատով չի՛ վերջանար. ո՛չ ալ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը առանց հասկնալու Յունուար 6-ին նշելով կը վերջանայ: Այս բոլորէն վեր ու տարբեր բան մը պէտք է նշանակէ հայութիւնը, որ միայն ու միայն դաստիարակութեան ճամբով կարելի է փոխանցել:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Արաբները օտարութեան մէջ ապրելով իրենց աւանդութիւններն ու սովորութիւնները ինչո՞ւ չեն մոռնար:
Պատասխան. Արաբները օտարութեան մէջ եւս կը պահեն իրենց աւանդութիւններն ու սովորութիւնները՝ շնորհիւ սերունդներու միջեւ փոխանցուած ամուր մշակութային ինքնութեան եւ արմատացած արժէքներու: Լեզուն, կրօնը եւ ընտանեկան արժէքները կ՚ապահովեն պատկանելիութիւն եւ շարունակականութիւն՝ յատկապէս օտար միջավայրի մէջ: Աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելը կ՚ամրապնդէ նաեւ անոնց համայնքային կապերը, յարմարութիւն տալով յարմարիլ նոր հասարակութիւններու՝ չկորսնցնելու իրենց էութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան