ՆՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏԱՐԲԵՐ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Մարդկային նկարագիրը տարօրինակ առեղծուած մըն է, որ դարեր շարունակ եղած է ուսումնասիրութեան առարկայ եւ կը շարունակէ ըլլալ եւ այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի մարդ արարածը՝ այդ որոնումը վերջ պիտի չունենայ: Հին փիլիսոփաներէն մինչեւ արդի հոգեբաններ փորձած են հասկնալ մարդ արարածը եւ շատ մը երեւոյթներ վերլուծելով հանդերձ որոշներ մնացած են անլուծելի: Սակայն կան հարցեր, որոնք հետաքրքրած են մարդուն միտքը. օրինակի համար, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ նոյն դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը ստացած երկու եղբայրներ կամ քոյրեր կ՚ունենան ամբողջովին տարբեր բնաւորութիւններ ու նկարագրային գիծեր. նոյնը կը վերաբերի դպրոցներուն. նոյն դասերն ու գիտութիւնը ստացած աշակերտներ, նոյն դաստիարակութեամբ դաստիարակուածներ կ՚ունենան տարբեր ինքնութիւն ու նկարագիր:

Այս հարցը ունի մէկէ աւելի պատասխաններ, սակայն ըսենք, որ շատեր կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ըսելով քարացած նախատիպ մը կ՚երեւակայեն. նոյն նախադասութիւնը երկու անձերու համար կրնայ տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն ունենալ եւ հետեւաբար դաստիարակութիւնը ընկալումի հետ կապուած հարց մըն եւ այդ ընկալումի կարողութեան հիման վրայ կրնայ նկարագիրի վրայ իր ազդեցութիւնը ունենալ: Սակայն կան հիմնական այլ պատճառներ.

Ա.- Ժառանգական տարբերութիւններ. զաւակներ նոյնիսկ եթէ նոյն ծնողէն լոյս աշխարհ եկած ըլլան, կրնան իրենց ծնողներէն վերցուցած ըլլալ տարբեր ժառանգական գիծեր եւ այդ գիծերուն հիման վրայ կը կազմուի մարդու անհատականութիւնը. օրինակ՝ մէկը մօրը նման հանդարտ բնաւորութեան տէր, իսկ միւսը հօրը պէս ջղային բնաւորութեան տէր կրնայ ըլլալ եւ այդ ներքին խառնուածքը կը կազմէ անոնց նկարագիրը, բնաւորութիւնը, ինչ որ կրնայ պատճառ ըլլալ, որ հակառակ նոյն դաստիարակութեան անոնք ըլլան ամբողջութեամբ հակառակ երկու անձնաւորութիւններ: Այդ ժառանգութեան գիծերը միայն հոգեկան ու վարքային ժառանգութիւններ չեն. անոնք կը ժառանգեն նաեւ մարմնական որոշ յատկութիւններ. օրինակի համար, մէկը կ՚ունենայ աւելի բարձր դիմադրողականութիւն, մինչ միւսը կրնայ աւելի զգայուն ըլլալ եւ այս բոլորը ինքնաբերաբար անդրադարձ կ՚ունենան մարդու նկարագիրին վրայ: Հետեւաբար ժառանգական տարբերութիւնը կրնայ հակոտնեայ բնաւորութիւններու տէր եղբայրներ ու քոյրեր լոյս աշխարհ բերել: 

Բ.- Հերթականութիւն. կրթութեան եւ դաստիարակութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ լոյս աշխարհ գալու հերթականութիւնը. լոյս աշխարհ եկած առաջին մանուկին հանդէպ ծնողքին ունեցած վերաբերմունքն ու զինք յաջորդող եղբօր կամ քրոջ հանդէպ եղած վերաբերումը նոյնը չի կրնար ըլլալ. ծնողքը որպէս անփորձ անհատ կրնայ առաջին զաւակը տարբեր ձեւով դաստիարակել՝ իսկ յաջորդը տարբեր, անշուշտ միշտ հաւատարիմ մնալով որոշ սկզբունքներու, որոնք դաստիարակութեան հիմքը կը կազմեն: Առաջին զաւակի պարագային անոնք աւելի պահպանողական կրնան ըլլալ քան յաջորդին, որովհետեւ անդրանիկի պարագային անոնք նոր կը սկսին ձեռք բերել ծնողք դառնալու տակաւին իրենց համար անյստակ սրբազան պարտաւորութիւնը: Անշուշտ, այստեղ դեր կ՚ունենայ նաեւ ուշադրութեան խնդիրը. առաջին զաւակի պարագային կեդրոնացումը եւ ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ միակ զաւակին վրայ է, իսկ երբ լոյս աշխարհ կու գայ երկրորդ զաւակը՝ այդ ուշադրութիւնը կը բաժնուի երկուքի: 

Գ.- Տարբերութիւններ. ինչպէս ըսինք, նոյն տողը երկու անձ կրնայ տարբեր ձեւով ըմբռնել. նոյնն է պարագան նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան մէջ. նոյն երեւոյթը երկու քոյրեր կրնան տարբեր ձեւով մեկնաբանել: Տանք պարզ օրինակ մը. ընտանիքը կ՚որոշէ տեղափոխուիլ այլ երկիր. այդ մէկը մէկ զաւակին համար հետաքրքրական ու արկածախնդրական կրնայ թուիլ, իսկ միւսին համար տխրութիւն ու թախիծ կրնայ ըլլալ եւ այս տարբերութիւնը խառնուածքի եւ ընկալումի հարց է: Տարբերութեան պարագային պէտք է նկատի ունենալ, որ իւրաքանչիւր զաւակի կարիքները նոյնը չեն. անոնք ունին տարբեր հոգեբանական յոյզեր, տարբեր մտածելակերպ եւ հետեւաբար ծնողքը պարտի առանց խտրութիւն դնելու ունենայ իւրաքանչիւրին հետ ճիշդ վերաբերելու քաղաքականութիւնը. կրնայ ըլլալ ծնողքը մէկ զաւակին մէկ նախադասութեամբ երեւոյթ մը բացատրէ ու հասկցնէ, սակայն միւսի պարագային այդ մէկը պահանջէ մի քանի կրկնութիւն: 

Անշուշտ, այս տարբերութեանց մէջ մեծ դեր կ՚ունենայ նաեւ հասակակիցներու ազդեցութիւնը. օրինակի համար, շատ անգամ կը նշմարուի, որ տան փոքր անդամը շատ աւելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ՝ քան միւսները. այդ յատուկ վերաբերումը ինքնաբերաբար իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ անհատի կեանքին մէջ՝ թէ՛ հոգեբանական եւ թէ գործնական գետնի վրայ: 

Եղբայրներու եւ քոյրերու մէջ եղած այս տարբերութիւնը նման է ծառի օրինակին. ծառը կ՚ունենայ մէկ բուն, սակայն, անոր ճիւղերը նոյն ուղղութեամբ չեն աճիր. նոյնն է ընտանիքի պարագային. ծնողքը՝ որպէս բուն մէկ է. նոյն դաստիարակութիւնն ու սկզբունքները կը սերմանէ, սակայն, զաւակները իրենց նկարագրին հիման վրայ իրենց ճիւղաւորումները կ՚ունենան:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ներկայ մանկավարժութեան համաձայն քանի՞ զաւակ պէտք է ունենայ ընտանիք մը:

Պատասխան. Ներկայ մանկավարժութեան կողմէ որոշ սահմանաչափ մը ճշդուած չէ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ տարբերութիւն ունենալ, հիմնուելով մշակութային, տնտեսական եւ այլ գործօններու: Սակայն, բազմաթիւ կրթական եւ հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ ընտանիքներ հակուած են ունենալ մէկ կամ երկու զաւակ, նկատի ունենալով նիւթական կայունութիւնը, ուշադրութեան պակասը եւ աշխարհիկ այլ մտահոգութիւններ: Զաւակներուն քիչ ըլլալը դրական կը դիտուի կրթութեան հնարաւորութեան պատճառով. եթէ ընտանիք մը մէկ զաւակ ունի, ապա աւելիով ժամանակ պիտի ունենայ հետաքրքրուիլ զաւակին կարիքներով, քան շատի պարագային:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025