ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՈՒՐՈՒԹԻՒՆ
Կուրութեան մասին խօսիլ՝ աւելորդ կրնայ նկատուիլ, քանի որ պահ մը մթութեան մէջ մնացած մարդուն զգացումը նոյնութեամբ զգալ կարելի չէ տեւապէս լոյսի մէջ ապրող մէկու մը համար։ Բայց կարելի չէ երեւակայել մութի մէջ տեւական մնալու պարտաւորուած մարդու մը զգացումները։ Սարսափելի է ատիկա։ Երեւակայել՝ ոչինչ տեսնել եւ շրջապատը միայն շօշափելով զգալ եւ հասկնալ։
Այս իմաստով տեսողութիւը կարեւոր է մարդուս համար։ Աչքով տեսնել, այս իմաստով շնորհ մըն է։ Անշուշտ բոլոր զգայարանքները կարեւոր եւ անհրաժեշտ են մարդուս համար, բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը այն ցոյց կու տայ մեզի, թէ այն ինչ որ կորսուած է եւ կը պակսի, անիկա եւս կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը դառնայ մարդուս համար։
Մարմնական կուրութիւնը զանազան պատճառներ ունի։ Կուրութիւնը կրնայ ի ծնէ ըլլալ եւ կամ կեանքի ընթացքին պատահիլ։ Ստացական կրնայ ըլլալ։ Հին Ուխտի մէջ ըմբռնումը այն էր, որ ի ծնէ կուրութիւնը՝ ծնողներուն գործած որեւէ մեղքին հատուցումը՝ պատիժն էր։ Սակայն քրիստոնէութիւնը փոխած է այս հին ըմբռնումը. «Պատասխան տուաւ Յիսուս.- Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ ծնողքին, հապա որպէսզի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան». (ՅՈՎՀ. Թ 3)։
Բայց մարմնական կուրութեան կից կայ նաեւ «հոգեկան կուրութիւն» մը՝ որ շատ աւելի վտանգաւոր է մարդուս համար։ Այս տեսակ կուրութեան պատճառներն են անաստուածութիւն, անտարբերութիւն, եսամոլութիւն, կրօնական ճշմարտութիւններու անտեղեակ, օտար ըլլալ, հոգեւոր արժէքներու հանդէպ ստորագնահատում, թերագնահատում եւ, վերջապէս, ինքնահաւանութիւն՝ ինքնահաճ, յաւակնոտ եւ պարծենկոտ դիրքորոշում։ Հոգեկան կուրութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ յուսալքութեան, ատելութեան եւ անվստահութեան, քանի որ հոգեպէս կոյր մէկը հաւատք չունի, ուրեմն վստահութիւն չունի Աստուծոյ եւ զուրկ է ապաւէնէ. ան նաեւ սէր չունի, ուրեմն կը լեցուի ատելութեամբ. ան իր բոլոր յարաբերութիւններու մէջ անխիղճ է, կեանքին իմաստը չէ հասկցած, ուրեմն նպատակ մը չունի։ Եւ ան՝ որ հաւատք չունի, յոյս չունի եւ սէր չունի՝ ի զուր կ՚ապրի իր կեանքը…
Աստուծոյ գոյութեան սպառնացող անաստուածը ո՛չ մէկ քայլ կրնայ առնել հոգեւոր կեանքի մէջ, քանի որ ան հոգեւոր խաւարի մը, անթափանց մութի մը մէջ կ՚ապրի, հոգեկան կոյր մըն է եւ չի տեսներ Ճշմարտութիւնը։ Ան խորը ըմբռնելու մէջ անկարող է եւ հեռու՝ հոգեւոր բարձրութիւններուն հասնելու։ Եւ աւելի ցաւալին՝ նախապաշարումներու մէջ ջանք ալ չի թափեր ազատելու այդ խաւարէն, մութէն եւ նախապաշարումներէն։ Ան կ՚ուրանայ, կը ժխտէ, որովհետեւ իր հոգեկան կուրութեան պատճառով՝ չի տեսներ Ճշմարտութիւնը՝ Աստուած։ Բնական է, որ մարդ չտեսածը ժխտէ եւ ուրանայ, եթէ չի գործածեր իր աստուածատուր բանականութիւնը։ Կարելի չէ՛ նաեւ մտածել, թէ՝ հոգեւոր կոյրը կրնայ անտեսել Աստուած, քանի որ չ՚անցնիր պահ մը իսկ, որ Անոր շնորհներէն չօգտուի, բարիքները չի վայելէ, ուստի անգիտակցաբար, ան երբեք չի դադրիր Աստուծոյ մասին մտածելէ…
Անաստուածը, ինչո՞ւ արդեօք չի՛ յաջողիր գտնել Աստուած։ Միթէ կը կարծէ՞, թէ ինք դիպուածի մը արդիւնք, պատահաբար՝ անիմաստ եւ աննպատակ գոյութիւն ստացած «էակ» մըն է այս աշխարհի վրայ։
Մինչդեռ ան «էակ» մը չէ՝ այլ «արարա՛ծ»։
Արդարեւ, մարդ, իմաստութեամբ, սիրով եւ բանականութեամբ համակուած եւ նոյնացած Արարիչի մը՝ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է։ Մարդ, երբեք ինքնաբոյս, ինքնեկ՝ ինքնիրեն հասած գոյութիւն մը, էութիւն մը չէ եւ անպայման ունի Արարիչ մը՝ միակ Արարիչը՝ Աստուած, եւ որ նաեւ Նախախնամն է իր արարածին, եւ թէ բացարձակապէս հաւատարիմ իր Նախախնամութեան։ Հաւատարիմ՝ նոյնիսկ զԻնք չճանչցողներուն, զԻնք ուրացողներուն։
Անաստուածը ինքզինք ուրացող մըն է՝ ինքնահալած անձ մը…
Արդարեւ, անաստուածին այնպէս կը թուի, թէ իր անհաւատութեամբ զԱստուած կը հալածէ, մինչդեռ ան ինք ի՛ր անձը կը հալածէ եւ Աստուծոյ ներկայութենէն պահուելու թաքստոցներ կ՚որոնէ։ Ուստի, կեանքի մէջ կան իրականութիւններ, որոնք ճիշդ կը թուին մարդուս, սակայն խորքին մէջ կրնան սխա՛լ ըլլալ։ Արդարեւ, կեանքի մէջ կրնայ սխալիլ մարդ, շեղիլ իր ուղիղ ճամբէն, բայց կարեւորը անդրադառնալն է իր սխալին եւ շտկել իր ճամբան եւ ուղիղ ճամբով շարունակել իր ճամբորդութիւնը։ Յուսալով, թէ ամէն անաստուած օր մը աստուածապաշտ կ՚ըլլայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 18, 2025, Իսթանպուլ