ՀՌՈՄՆ ՈՒ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ
Տակաւին մի քանի վայրկեաններ առաջ, երէկ, ամբողջ համացանցն ու լրատուական աղբիւրները փոխանցեցին, թէ 88 տարեկան հասակին մէջ մահացած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը։ Վստահաբար, շատերուն ծանօթ է, թէ վերջերս Հռոմը ինչպիսի հակահայ քայլերու դիմեց. քայլեր՝ որոնց մասին իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին մեր Սուրբ Աթոռները եւ հայու մշակոյթով մտահոգ փոքրամասնութիւնները. հակառակ այս իրողութեան՝ կը շարունակէ հարցականի տակ մնալ Հռոմի կեցուածքը, որովհետեւ տակաւին տարի մը առաջ արցախահայութեան դէմ կատարուած անարդարութիւններուն համար աղօթք բարձրացուցած Հռոմը այսօր նման քայլեր կ՚առնէ. տակաւին տարի մը առաջ Հռոմի պապը հայ եկեղեցականներու ներկայութեամբ հետեւեալը կ՚ըսէր. «Ինչպէ՞ս կարելի է չմտածել Հայաստանի մասին, ո՛չ միայն խօսքով՝ այլ յատկապէս աղօթքով, մանաւանդ տեղահանուած ընտանիքներուն համար, որոնք ապաստան կը փնտռեն»: Սակայն նոյն Հռոմը մի քանի շաբաթներ առաջ կազմակերպեց «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» միջազգային գիտաժողովը:
Թէեւ այնքան ալ կողմնակից չենք անցեալին եղած խաչակրութիւններուն, որովհետեւ ինչպէս նախապէս մահմետական կրօնին մասին խօսեցանք, Աստուծոյ եւ կրօնի անունով պատերազմն ու ոճիրը տրամաբանական ըլլալ չի թուիր. իրականութեան մէջ խաչակրութեան նպատակը սկզբնական շրջանին պարզ էր. պաշտպանել Երուսաղէմի քրիստոնէութիւնն ու Սուրբ Երկիրը եւ ապահովել քրիստոնեաներու ազատ մուտքը։ Այս մէկը, սակայն, մակերեսն էր. անոր ետին կար նաեւ քաղաքական ու տնտեսական որոշ շահեր. այդտեղ կարելի էր գտնել ու տեսնել նաեւ որոշ չափի կրօնամոլութիւն մը: Այսօր պատերազմներն ու կռիւները կը մղուին ազգերու միջեւ, սակայն անցեալին, օրինակ՝ միջնադարուն պատերազմներն ու կռիւները առաւելաբար կրօններու միջեւ տեղի կ՚ունենար. օրինակ՝ միջնադարեան Եւրոպայի քրիստոնեայ պետութիւնները կը պայքարէին մահմետական արշաւանքներուն դէմ. սակայն, ժամանակը փոխեց այս մօտեցումը եւ իւրաքանչիւր ազգ անկախ իր կրօնէն, սկսաւ հետապնդել իր սեփական շահերը՝ նոյնիսկ իր կրօնակից եղբօր թշուառութեան գնով։ Անշուշտ, այս բոլորը ունի իր հիմնական պատճառները. անոնցմէ մէկն է եկեղեցւոյ հեղինակութեան տկարացումը. անցեալին եկեղեցին հիմնական դեր ունէր քաղաքականութեան մէջ. թագաւորութիւններու եւ պետութիւններու կողքին եկեղեցին ունէր իր ըսելիքը, իր կեցուածքը, սակայն այդ հեղինակութիւնը ժամանակի ընթացքին կորսնցուց իր ազդեցութիւնը այնպէս, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ՝ Հայաստանի մէջ եւս եւ կամաց կամաց հաւատքը դարձաւ երկրորդական, ինչ որ անցեալին առաջնահերթութիւն էր: Կրօնի հեռացումով ազգերու մօտ փոխուեցաւ նաեւ նախասիրութիւնները, մօտեցումները եւ ամէն մէկ ազգ սկսաւ ուրիշի բարօրութիւնը ոտնակոխել՝ ի խնդիր իր բարօրութեան:
Այս խնդիրը աւելիով բարդացաւ՝ մանաւանդ այն ժամանակ, երբ եկեղեցին ինքն իր մէջ սկսաւ բաժան բաժան ըլլալ. իրապէս այստեղ տեղին է յիշել Քրիստոսի խօսքը. «Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժնուած է, այդ թագաւորութիւնը չի կրնար կանգուն մնալ»։ Աշխարհի պատմութեան ամենէն ամօթալի էջերէն էր, երբ քրիստոնեան իր քրիստոնեայ եղբայրը պաշտպանելու փոխարէն ոճիր կը գործէր՝ հաւատքի եւ Քրիստոսի անուան համար. եթէ անցեալին պետութիւններու դաշնակիցները այլ քրիստոնեայ պետութիւններ կ՚ըլլային, այսօր վիճակը այդպէս չէ. այսօրուան համագործակցութիւնները հիմնուած են տնտեսական եւ ռազմական դաշինքներու վրայ՝ քան կրօնական:
Մարդ արարածը ժամանակի ընթացքին «զարգանալով» համոզուեցաւ, որ կան որոշ արժէքներ՝ որոնք վեր են կրօնէն. արժէքներ՝ որոնք համամարդկային են եւ հիմնուած են ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական ազատութեանց վրայ եւ ո՛չ կրօնական ու հոգեւոր հիմքերու:
Իրականութեան մէջ Հայաստանի վերջին պատերազմի ժամանակ այդ կրօնական ու եղբայրական աջակցութեան պակասը մեծապէս զգալի էր. մեր դրացի քրիստոնեայ Վրաստանը շատ աւելիով կողմնակից էր օտարին՝ քան իր կրօնակից դարաւոր դրացի պետութեան. կարելի՞ է մեղադրել. կը կարծենք ոչ, որովհետեւ այսօր այդ համամարդկային արժէքները եւս կարելի է գնել ուժով:
Պետութիւններու պարագային այդ մէկը այսօր գրեթէ հասկնալի կը նկատենք, որովհետեւ այսօր պետութեանց մէջ կրօնականը գրեթէ տեղ ու արժէք չունի. համաշխարհայնացումը յաջողեցաւ խզել պետութիւն-կրօն կապը, առաջինը պահելով քաղաքականութեան, իսկ միւսը հոգեւոր ժողովուրդին եւ Հայաստան անմասն չմնաց այս բոլորէն. վկայ անցնող նոր տարուան ընթացքին չհեռարձակուող Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Նոր տարուան ուղերձը: Սակայն, նման վերաբերմունք Հռոմի պէս հոգեւոր հաստատութենէ մը, վստահաբար սպասելի եւ միաժամանակ գովելի երեւոյթ մը չէր. Հռոմի եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին որպէս հին ու դարաւոր աթոռներ պատմութեան ընթացքին ունեցած են համագործակցութիւններ, սակայն, վերջին հակահայ կեցուածքը ամբողջ աշխարհի կողմէ որակուեցաւ որպէս դրամասիրութիւն ու փառասիրութիւն, որովհետեւ այս օրերուն դրամը կրնայ նոյնիսկ Հռոմի եկեղեցւոյ գլուխը շեղել ճշմարտութենէն՝ հակառակ անոր ունեցած Պապական անսխալականութեան:
Անշուշտ ամբողջապէս կարելի չէ մեղադրել նաեւ Հռոմը, որովհետեւ նման սխալներ ո՛չ թէ ակնկալիքով կարելի է լուծել, այլ դիւանագիտութեամբ եւ մեր ազգը զօրքէն աւելի կարիքը ունի այդ դիւանագիտութեան, որովհետեւ առողջ դիւանագիտութիւն մը հազար բանակ կ՚արժէ շատ անգամ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Որո՞նք էին խաչակիրները:
Պատասխան. Խաչակիրները միջնադարեան քրիստոնեայ զինուորականներ էին, որոնք կը մասնակցէին արշաւանքներու, նպատակ ունենալով ազատագրել Սուրբ Երկիրը (Երուսաղէմը) մահմետականներու իշխանութենէն: Այս արշաւանքները կը կազմակերպուէին Հռոմի պապի եւ թագաւորներուն կողմէ՝ կրօնական, քաղաքական եւ տնտեսական նպատակներով: Խաչակիրներ իրենց հագուստին վրայ կը կրէին խաչի պատկեր՝ որպէս հաւատքի եւ պայքարի խորհրդանիշ: Անոնք եւրոպական տարբեր երկիրներէ միանալով ձեւաւորեցին մեծ բանակներ եւ ուղղուեցան դէպի Մերձաւոր Արեւելք: Խաչակիրներու շարժումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, մշակոյթին եւ յարաբերութիւններուն մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան