ԱՂՔԱՏ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ՝ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻ
Այնպէս, ինչպէս բոլոր եկեղեցիները, նոյնպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւս իր պատմութեան ընթացքին նիւթական խնդիրներու շուրջ բախումներ ունեցած է։ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելու առաջին իսկ օրերէն եղած են եկեղեցականներ, որոնք նոյն ձեւով փորձած են հոգեւոր զգացումները նիւթականի դիմաց շահագործել. օրինակի համար, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան իր «Ազգապատում»ի Ա. հատորին մէջ կը յիշէ Յոհան եպիսկոպոս մը, որուն համար կ՚ըսէ. «Այս ընտիր եւ առաքինի եպիսկոպոսներուն կարգին խառնուած է՝ անանկ մէկ եպիսկոպոսի անունն ալ, որուն համար հեղինակն ալ կը վարանի, թէ արժանի իցէ կոչել զնա եպիսկոպոս, որովհետեւ կը նկարագրուի իբր կեղծաւոր եւ ագահ, որ դուրսէն ճգնաւորի ձեւեր կը պահէր, բայց դրամի սիրոյն ամէն ստորնութիւն յանձն կ՚առնուր եւ ամէն անիրաւութիւն կը գործէր: Սա ինքն է Յոհան եպիսկոպոս, Փառէն հայրապետին որդին, որ հայրապետանոցի եպիսկոպոսներէն մէկն եղած էր իր հօրը շնորհիւ»: Սակայն, կային ուրիշներ եւս, որոնք նիւթականէ հեռու, ազգի շահերն ու քրիստոնէական սէրը քարոզել կը փորձէին. օրինակի համար, 84 ամեայ Սահակ Պարթեւ Հայրապետը կը մերժէ Վռամշապուհ արքային կողմէ իրեն որպէս պարգեւ տրուած մեծամեծ գումարները եւ Պարսիկ արքայէն կը խնդրէ, որ այդ գումարներուն դիմաց հայ նախարարները մնային իրենց պաշտօններուն վրայ:
Անշուշտ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին ի սկզբանէ նիւթական խնդիր չէ ունեցած, նկատի ունենալով, որ եղած է թագաւորական տոհմի հովանաւորութեան ներքեւ, սակայն, երբ Հայաստան գտնուէր օտար թագաւորութիւններու լուծին տակ՝ այդ ժամանակ եկեղեցին կը դառնար դրամ կեղեքելու լաւագոյն միջոց. բռնակալներ կը ստիպէին, որ եկեղեցին մեծամեծ հարկեր վճարէ. իր պարտքը չվճարած հայ վաճառականներուն գումարը կը պահանջուէր եկեղեցիէն. նոյնիսկ նիւթական խնդիրներու շուրջ կաթողիկոսը կը բանտարկուէր։ Օրմանեանի աշխատութեան մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողը. «Բոլոր այդ միջոցին Յովհաննէս կաթողիկոս կը մնար արգելեալ ի քաղաքն Դուին, ի մետաղս բանտից եւ երկաթից կապանաց, միշտ նորանոր դրամական վճարումներու ստիպման ներքեւ: Որովհետեւ պահանջից պատանդ մըն էր կաթողիկոսը, ստիպումները ուժովցնելու համար զայն կը տանջէին ալ, եւ դահիճներ ըստ հաճոյս կրել կու տային անոր գանս եւ բանտս, գելարանս եւ արգելարանս ի խաւարչտին տեղւոջ եւ յանձուկ վայրս, այլեւ ի վիրապս եւ ի վիհս խորոց սաստիկ եւ դառն կտտանօք»: Կաթողիկոսը ազատ կ՚արձակուի միայն այն պայմանով, որպէսզի շրջի եւ դրամ հաւաքէ՝ որպէսզի նիւթական պարգեւներով բռնակալներուն պահանջները բաւարարէ:
Անշուշտ, տարբեր ժամանակներու տարբեր կաթողիկոսներ ունեցած են նիւթական հարստութեան մասին տարբեր մօտեցումներ. օրինակ՝ պատմութիւնը կը յիշէ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը, որուն մասին պատմիչը կը գրէ. «Յոյժ սիրող էր գանձուց Պետրոս, որեւ բազումք վասն այնր եպերէին զնա»։ Պետրոս կաթողիկոս միջնորդ կ՚ըլլայ, որպէսզի պայմանագիր կնքուի Յովհաննէս Սմբատի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ, որով ձեւով մը մայրաքաղաք Անին կ՚անցնի Բիւզանդական կայսրութեան իշխանութեան տակ եւ այս պայմանագիրին դիմաց կաթողիկոսը գումար կը ստանայ. պատմիչը այս մէկը կը կոչէ՝ «դժբախտ եւ դժպահի սակարկութիւն»:
Անշուշտ, պատմութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ անուններ, որոնք ցոյց կու տան որոշ կաթողիկոսներու դրամասիրութիւնը. օրինակի համար, կը տեսնենք, որ շատ անգամ դրամի սիրոյն այս կամ այն անձը աբեղայ կ՚օծուէր, եպիսկոպոսութեան պաշտօն կը ստանար՝ նոյնիսկ եթէ արժանաւոր անձ մը չէ: Օրինակի համար, պատմութիւնը կը յիշէ Նիկոլ Թորոսովիչ անունով 22 տարեկան աբեղայ մը՝ որ մեծահարուստ Յակոբ Թորոսովիչի զաւակն էր. պատմիչը Նիկոլ Աբեղայի համար կ՚ըսէր. «Ոչ ումեք էր սիրելի, եւ ոչ արժանաւոր այնմ աստիճանի». սակայն, սիրուած չըլլալը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի. Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս 150 ղուրուշ ոսկիի դիմաց կը ձեռնադրէ մեծահարուստի որդին:
Պատմութիւնը կը յիշէ նաեւ Ղուկաս կաթողիկոսը, որ ըստ յիշատակութիւններուն՝ ագահ ու ժլատ անձ մըն էր եւ կը սիրէր ոսկի, արծաթ եւ գանձեր հաւաքել։ Օրմանեան իր «Ազգապատում»ին մէջ այս բոլորը ամբաստանութիւն կ՚որակէ, սակայն, պատմիչներ կը յիշատակեն, որ Ղուկաս կաթողիկոս նուիրակներ կը ղրկէր մեծահարուստ հայերու մօտ, որպէսզի նուիրատուութիւն հաւաքեն եկեղեցւոյ համար։ Անշուշտ, երբ Ղուկաս կաթողիկոս վախճանած է, կաթողիկոսութիւնը ունեցած է մեծ գումար։ Քննադատութեանց զոհ գացած է Ղուկաս կաթողիկոս, որովհետեւ իր օրերուն եկեղեցականներ հոգեւոր ծառայութեամբ, ուսումով ու գիտութեամբ զբաղելու փոխարէն զբաղած են գումար հաւաքելու առաքելութեամբ, ինչ որ շատերու համար դրական, շատերու համար ալ բացասական երեւոյթ ունի:
Վերջապէս կաթողիկոսութիւնը եւս ունէր դրամի կարիք եւ ինչպէս այսօր մկրտութիւն, պսակ ու թաղում գումարի դիմաց կը կատարուի, ատենին մեծ պարգեւներու եւ դրամներու դիմաց կը կատարուէր թագադրութեան արարողութիւնները:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կա՞յ կրօն, որ դրամը կարեւոր կը նկատէ:
Պատասխան. Այո, կան որոշ կրօնական ուղղութիւններ եւ շարժումներ, որոնք դրամը եւ նիւթականը որպէս բարեկեցութիւն տեսնելով կարեւոր արժէք կը նկատեն: Օրինակ՝ որոշ ժամանակակից քարոզչական շարժումներ՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚ուսուցանեն, որ նիւթապէս յաջող ըլլալը Աստուծոյ օրհնութեան նշան է: Նման համոզում ունեցողներ կը շեշտեն, որ հաւատքն ու դրական մտածումը հարստութիւն կը բերեն: Այս մէկը քննադատութեան կ՚արժանանայ աւանդական քրիստոնէական շրջանակներու կողմէ, սակայն, կան անձեր, որոնք հարստութիւնը Աստուծոյ օրհնութիւն նկատելով կը փորձեն աւելիով հարստանալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան