ԳՈՅԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԻՊՈՒԱԾ ԵՒ ԿԱՄ ՄԵԾ ԾՐԱԳԻՐ

Թէ՛ բնութեան երեւոյթներ, թէ՛ մարդկային կեանքի մէջ պատահած զանազան իրադարձութիւններ եւ մինչեւ իսկ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը, մէկ խօսքով գոյացութիւնը դիպուա՞ծի մը, թէ իմաստութեամբ պատրաստուած աստուածային ծրագրի մը արդիւնքն է։

Անշուշտ, մարդկային ընթացիկ առօրեային մէջ այս խնդիրը այնքան ալ հետաքրքրական չ՚ըլլար, քանի որ մարդ ընդհանրապէս թաղուած կ՚ըլլայ աշխարհային զբաղումներու մէջ։ Բայց խորհող եւ բանականութեամբ օժտուած մարդը չի դադրիր փնտռել իր գոյութեան պատճառը, նպատակը եւ իմաստը։

Գիտութիւնը՝ գիտնալը մարդ արարածին ընդոծին նկարագիրն է եւ հետաքրքրութիւնը գիտութեան մղիչ ուժն է։ Եւ մարդ կոչուած է հետաքրքրութեան, քանի որ ան բանաւոր արարած մըն է։ Եւ ուրեմն, բնական եւ բանական է, որ մարդ հետաքրքրուի իր գոյութեան պատճառով եւ նպատակով, որուն ամենէն կարեւոր եւ կենսական հարցը այն է, թէ՝ ամբողջ գոյութիւնը եւ կեանքը պարզ դիպուածի՞ մը, թէ Իմաստութեան մը պատրաստած ծրագրին արդիւնքն է։

Սա հիմնական, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, զոր Աստուածաշունչ մատեանը եւ հոգեւոր Աւանդութիւնը չեն դադրիր ուսուցանելէ եւ հանդիսակատարելէ «Աշխարհը ստեղծուեցաւ Աստուծոյ փառքին համար»։ Սուրբ Բոնաւենտուրա կը բացատրէ, թէ՝ Աստուած ստեղծեց ամէն բան. «ո՛չ թէ իր փառքը աճեցնելու, այլ զայն յայտնելու եւ հաղորդելու համար»։ Ուրեմն, ամէն ինչ ունի նախապատճառ մը՝ որ հաստատուած է իմաստութեամբ ծրագրուած նախագիծի մը վրայ՝ նպատակի մը համար։ Քանի որ Աստուած ստեղծելու համար ուրիշ պատճառ չունի, եթէ ոչ Իր սէրը եւ Իր բարութիւնը եւ իմաստութիւնը «Սիրոյ բանալին է՝ որ Անոր աջը բացաւ, որպէսզի ստեղծէ արարածները», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Ուստի, միակ եւ ճշմարիտ Աստուած, բոլորովին ազատ ծրագրով, ժամանակներուն սկիզբէն իսկ, Իր բարութեամբ, Իր իմաստութեամբ եւ Իր ամենակարողութեան զօրութեամբ, ոչինչէն ստեղծեց թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մարմնաւոր արարածը՝ ո՛չ թէ աճեցնելու համար Իր երանութիւնը, ոչ ալ ձեռք ձգելու համար Իր կատարելութիւնը, այլ զայն յայտնելու համար Իր արարածներուն տուած բարիքներով եւ շնորհներով։

Արդարեւ, Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականանան Իր բարութեան յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը՝ որոնց հեռանկարով աշխարհ ստեղծուեցաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ աշխարհ եւ ամէն արարած ստեղծուած է իմաստութեամբ եւ ծրագրի մը համաձայն, որ բանաւոր նպատակ մը ունի։ Ուստի, արարչութիւնը երբեք դիպուածի մը արդիւնք՝ պատահական երեւոյթ մը չէ՛…

Աստուծոյ կամքին բարեհաճ ծրագիրը այս եղաւ ընել մեզ «որդեգիրներ Յիսուս Քրիստոսով. ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓԵՍ. Ա 5-6), որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կենդանի մարդն է, իսկ մարդուն կեանքը Աստուծոյ տեսութիւնն է։

«Existencialist», գոյապաշտներ կ՚ըսեն, թէ՝ թէեւ մարդ հոգեւոր արարած մըն է, բայց ասիկա պատճառ չէ, որ Աստուծոյ գոյութեան հաւատայ, մարդուն իր իսկ գոյութիւնը իրեն բաւարար է։

Մենք կը հաւատանք, թէ Աստուած ըստ Իր իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը եւ անշուշտ մարդը. ան անհրաժեշտ մը, կոյր եւ անգիտակից ճակատագրի մը, կամ դիպուածի մը պատահական արտադրութիւնը չէ՛։ Մենք կը հաւատանք, թէ ան յառաջ կու գայ «ազատ կամք»էն Աստուծոյ՝ գերագոյն Էակի, որ ուզեց արարածները մասնակից դարձնել Իր Էութեան, Իր Իմաստութեան եւ Իր Բարութեան. «Որովհետեւ Դուն ստեղծեցիր ամէն բան. Դուն ուզեցիր որ անոնք գոյութիւն ունենան, եւ անոնք ստեղծուեցան». (ՅԱՅՏ. Դ 11)։ Եւ «Ո՜րքան բազմաթիւ են, Տէր, Քու գործերդ։ Քու իմաստութեամբդ ստեղծեցիր զանոնք». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 24)։ «Բարի է Տէրը ամէնուն հանդէպ, Անոր գորովը կը տարածուի Իր բոլոր գործերուն վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 9)։

Մենք կը հաւատանք, թէ Աստուած, ստեղծելու համար, նախապէս գոյութիւն ունեցող ո՛չ մէկ բանի եւ ո՛չ մէկ օգնութեան կարիքը ունի եւ գոյութիւնը եղաւ եւ յայտնուեցաւ Անոր կամքով։

«Ոչինչէն» կատարուած արարչագործութեան հանդէպ հաւատքը Աստուածաշունչին մէջ վկայուած է որպէս խոստումով եւ յոյսով լի Ճշմարտութի՛ւն մը։

Կղեմէս Աղեքսանդրացի իրաւամբ կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ Աստուծոյ գործող կամքը աշխարհ կը կոչուի, նոյնպէս ալ մարդը փրկելու Անոր դիտաւորութիւնը Եկեղեցի կը կոչուի…»։

Սիրելի՜ներ՝ հաւատքը փաստի չի՛ կարօտիր, քանի որ կը բաւէ մեր իւրաքանչիւրին կեանքին ուշադրութիւն դարձնենք եւ դիտենք մեր շուրջը՝ բնութիւնը, մեր բոլորին վրայ կատարուած հրաշքներուն անդրադառնանք, եւ այն ատեն մենք կենդանի վկաներ պիտի ըլլանք հաւատքին Ճշմարտութեան. կ՚արժէ անգամ մը փորձել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 21, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2025