ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԱԼ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՏԷ՛ՐՆ Է
«Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ եւ անոր ըսաւ.- Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես եւ պիտի չապրիս։ Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ ըսաւ.- Ո՛վ Տէր, կ՚աղաչեմ, Քու առջեւդ ճշմարտութեամբ եւ կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ։ Եւ Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։
«Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով.- Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛. Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնհինգ տարի պիտի աւելցնեմ եւ քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։ Այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ։ Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըրած խօսքը պիտի կատարէ». (ԵՍԱՅԵԱՅ. ԼԸ 1-7)։
Այն՝ որ կը հաւատայ, անոր համար որեւէ անկարելի բան չկա՛յ։ Այս հարցով կարգ մը թերահաւատներ կ՚ըսեն, թէ թէեւ Աստուած ամենակարող է, բայց Ան կարող չէ անցեալը փոխելու։ Բայց անոնք ճշմարտութեան կը նային միայն մարդկային աչքով եւ կ՚անտեսեն հոգեւոր աչքը։ Աստուծոյ համար անցեալ եւ ապագայ չկա՛յ, քանի որ Ան միշտ ներկա՛յ է, այսինքն՝ «Է», անժամանակ, ամենատես. Ան է «Ալֆա»ն եւ «Օմեկա»ն՝ սկիզբը եւ վախճանը։
Ուստի, Աստուած կարո՛ղ է փոխել նաեւ անցեալը։ Արդարեւ, «անցեալ» ըսուածը ժամանակի վերաբերեալ իրողութիւն մըն է եւ անիկա մարդուն համար ըմբռնում մըն է եւ միջոցի մէջ անցեալ եւ ապագայ գոյութիւն չունի, միայն պա՛հն է, ներկան է գոյութիւնը։
Ուստի, Աստուած միջոցէն եւ ժամանակէն անդին կարող է եւ կ՚ուզէ ազատ գրել մարդը՝ իր ամենասիրալի արարածը, եւ Իր Ամենակարողութիւնը ի գործ կը դնէ Իր ծրագրին իրագործումին համար։
Ժամանակին բոլոր պահերը Աստուծոյ համար ներկա՛յ են իրենց այժմէութեան մէջ։
Աստուած «նախախնամութեան» Իր յաւիտենական ծրագիրը կը գծէ՝ անոր մէջ ներառելով իւրաքանչիւր մարդու ազատ պատասխանը՝ Իր շնորհքին։ «Ներկայ ժամանակ»ը, ըստ Տիրոջ, Հոգիին եւ վկայութեան ժամանակն է. ժամանակ մը՝ որ նաեւ յատկանշուած է «անձկութեամբ» (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 26) եւ չարին գործերով (ԵՓՍ. Ե 16), որ չի խնայեր Եկեղեցւոյ (Ա ՊԵՏՐ. Դ 17) եւ սկիզբ կը հանդիսանայ վերջին օրերուն պայքարներուն (Ա ՅՈՎՀ. Բ 18, Ժ 4), (Ա ՏԻՄ. Դ 1)։ Ժամանակը՝ սպասումի եւ հսկումի (ՄԱՏԹ. ԻԵ 1-13), (ՄԱՐԿ. ԺԳ 33-37)։
Աշխարհը սկսաւ երբ Աստուծոյ Խօսքով ոչինչէն գոյացաւ. գոյութիւն ունեցող բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կ՚արմատանան այս սկզբնական դէպքին մէջ. այս ծնունդով է որ աշխարհը գոյացած է եւ ժամանակն ալ սկիզբ առած է. (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։
Ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Ընդհանրական դատաստանէն ետք, մարմինով եւ հոգիով փառաւորուած արդարները յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ, իսկ տիեզերքը պիտի վերանորոգուի։ Մարդկութիւնը եւ աշխարհի կերպարանափոխող այս խորհրդասքօղ վերանորոգումը, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ. «Նոր երկինք եւ Նոր երկիր» (Բ ՊԵՏՐ. Գ 13), (ՅԱՅՏ. ԻԱ 1)։
Աստուծոյ ծրագրին վերջնական իրականացումը պիտի ըլլայ «երկնային եւ երկրային ամէն ինչը բովանդակել մէկ Պետով՝ Քրիստոսով». (ԵՓՍ. Ա 10)։ Եւ Աստուած տէ՛րն է նաեւ ժամանակին՝ քանի որ Ան է արարիչը ամէն բանի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 22, 2025, Իսթանպուլ