ՑԱՒԸ ԴՈՒՐՍԷՆ ՉԷ, ՆԵՐՍԷՆ Է
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին զանազան զգացումներ, որոնք իրենց տարբերութիւններով մարդուն կու տան ուրախութիւն կամ տխրութիւն, սակայն, կայ զգացում մը, որ անոնց մէջ ամենէն տարօրինակն ու հարցականը կը թուի ըլլալ. զգացում՝ որ անորոշութեան մէջէն կը ստեղծուի եւ այդ անորոշութեան կը մատնէ մարդը. զգացում՝ որ համամարդկային է՝ մտահոգութիւնը: Հոգեբանութեան մէջ մտահոգութիւնը կը բացատրուի որպէս զգացում, որ մարդու մտածողութիւնը անընդհատ կը տանի դէպի բացասական, անհանգստացնող եւ անհասկնալի իրավիճակներու: Միտքեր՝ որոնք կապուած են ապագայի անորոշութեան, վտանգներուն եւ խնդիրներուն ու այս զգացումը աւելիով կը զարգանայ՝ մա՛նաւանդ այն ժամանակ, երբ մարդ կը զգայ կորուստի եւ կամ վիշտի հնարաւորութիւն: Հակառակ իր անորոշութեան, մտահոգութիւնը աւելի բացասական երեւոյթ է՝ քան դրական:
Մտահոգութիւնը մարդուն մէջ վախ ու անհանգստութիւն կ՚առաջացնէ, որովհետեւ անորոշութիւնը մարդուն մէջ միշտ եղած է բացասական զգացողութիւն. նոյնն է պարագան մահուան. մարդ արարածը լաւապէս գիտէ, որ պիտի մահանայ եւ հետեւաբար անոր գիտակցութիւնը ունենալով կը հաւատանք, որ ան մահէն աւելի մահուան անորոշութենէն կը վախնայ։ Մարդ արարած չի գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի մահանայ եւ այդ անորոշութիւնը ինքնաբերաբար վախի կը վերածուի, որովհետեւ ան լաւապէս ծանօթ է մահուան գաղափարին: Մտահոգութիւնը մէկէն ի մէկ գոյացող զգացում մը չէ. ան ամբողջութիւնն է մեր ժամանակի ընթացքին ունեցած միտքերուն, որովհետեւ մարդու բնազդին մաս կը կազմէ անդադար խորհիլ անորոշութիւններու մասին. այս զգացողութիւնը ունի այնպիսի ուժգնութիւն, որ մինչեւ անգամ կրնայ հոգեկանէն բացի ֆիզիքականի վրայի որոշ ազդեցութիւններ ունենալ:
Մեր թուականէն աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ հռոմէացի փիլիսոփայ Սենեկա կ՚ըսէ հետեւեալ խորիմաստ արտայայտութիւնը. «Ցաւը աւելի մեր երեւակայութեան մէջ է՝ քան իրականութեան»։ Երեւակայութիւնը մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւներէն մէկն է եւ այն ամէնը որ այսօր ունինք մեր դիմաց՝ իր դրական ու ժխտական ազդեցութիւններով ծնունդն է մարդու երեւակայութեան։ Այս զգացողութիւնը մարդկային կեանքի անբաժան մասնիկներէն մէկն է, իրականութեան մէջ, այս մէկը դրական ձեւով կ՚ըսենք, սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ երեւակայութիւնը միշտ դրական չէ, որովհետեւ նոյն երեւակայութեամբ մարդ կրնայ իր կեանքը դէպի յաջողութիւն առաջնորդել եւ կրնայ ինքզինք բանտել այդ երեւակայութեան մէջ՝ կտրուելով իրականութենէն:
Շատ անգամ մարդու երեւակայութիւնն ու ապրած կեանքի զգացողութիւնը նման են. բացատրենք. մարդու կեանքին մէջ եթէ բացասական դէպք մը պատահի, ինքնաբերաբար վատ տրամադրութիւն ու նեղուածութիւն առաջ կու գայ. նոյն զգացումը մարդ կ՚ապրի, նոյնիսկ եթէ այդ վատը չէ իրականացած, սակայն, իր միտքին մէջ տեղ գտած է։ Այս մէկը մտածել կու տայ այն կարեւոր հարցումին մասին, որ արդեօք պատահած դէ՞պքն է, որ իր մէջ այդ փոթորկումը կը ստեղծէ՝ թէ մեր յոյզերը, որովհետեւ առանց պատահելու նոյնիսկ մարդ իր մէջ կրնայ զգալ անոր ազդեցութիւնը։ Բազմաթիւ մտածողներ դիտել կու տան, որ իրականութեան մէջ իրականութիւնը աւելի մեղմ է՝ քան մեր երեւակայութեան մէջ ապրած կորուստը, տխրութիւնն ու փլուզումը. մեր մարդկային միտքը հակում ունի փոթորիկ ստեղծելու: Իրականութեան մէջ, սակայն, անորոշութեան հանդէպ մարդկային վախը ինքնապաշտպանութիւն մըն է, որովհետեւ մարդ ուրախութեան նախապատրաստուելու պէտք չունի, որովհետեւ ուրախութիւնը մարդուն վախ չի պատճառեր, սակայն, բացասականը կրնայ մարդու վրայ խոր ազդեցութիւն ունենալ, այդ իսկ պատճառով մարդկային բնազդով մարդկային միտքը ինքնաբերաբար հակում կ՚ունենայ դէպի վատը՝ քան լաւը: Մարդ ինքզինք նախապատրաստելով՝ ինքզինք պատրաստ կը զգայ դիմագրաւելու բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք ստեղծուած են իր երեւակայութեան մէջ:
Հռոմէացի փիլիսոփան իր այս արտայայտութեամբ դիտել կու տայ, որ իրականութեան մէջ ցաւը, որ կը զգանք, արտաքինէն աւելի ներքին իրողութիւն մըն է. արտաքինը պարզապէս պատճառն է ներքին զգացողութեան, սակայն այդ ցաւին մեծութիւնն ու փոքրութիւնը երեւոյթէն ու դէպքէն աւելի մեր ներաշխարհին հետ կապ ունի. մենք երեւոյթներուն մասին շատ կը մտածենք ու այդ մտածումն է, որ մեզ աւելիով նեղութիւն կը պատճառէ:
Այս մտածումին կու գայ միանալ փիլիսոփայական հետեւեալ մտածողութիւնը. «Մարդիկ զբաղուած են ո՛չ թէ իրերով, այլ իրերու մասին իրենց ունեցած պատկերացումներով». այլ խօսքով՝ մարդկային ցաւը հաստատուած է մեր ունեցած պատկերացումներուն վրայ։ Խօսինք օրինակներով. պատկերացուցէք երեք ընկերներ. առաջին ընկերը մեծ վստահութիւն ու դրական համոզում ունի Գ. ընկերոջ մասին, սակայն Բ. ընկերը աւելի կասկածամիտ է ու ունի որոշ մտահոգութիւններ. եթէ Գ. ընկերը ընէ գործողութիւն մը, որ միւս ընկերները կը նեղացնէ, այդ պարագային Բ. ընկերը աւելի նուազ ցաւ ու յուսախաբութիւն պիտի ապրի՝ քան առաջինը՝ որ կոյր վստահութիւն ունէր. կը տեսնենք, թէ պարագան ու երեւոյթը նոյնն է՝ սակայն տարբեր է ազդեցութիւնը. այդ ներքին համոզումներն ու ընկալումներն են, որոնք կ՚որոշեն մարդու ուրախութեան եւ տխրութեան մակարդակը:
Այդ իսկ պատճառով, մարդ կրնայ ըլլալ իր շրջապատը չյաջողի փոխել, չյաջողի իր շուրջ կատարուող անարդար պատահարներուն իր միջամտութիւնը ցուցաբերել, սակայն, կրնայ կրթել իր միտքը, հոգին, որպէսզի անձնատուր չըլլայ մտածումներու մտորումներու: Վերջապէս բոլոր ցաւերը՝ որոնք կ՚ապրինք, ժամանակաւոր են. աշխարհի ամենէն մեծ վիշտն անգամ ժամանակ մը ետք կը մեղմանայ, որովհետեւ միտքը այդ բոլորը կը սկսի ընդունիլ ու համոզուիլ. երանի՜ անոր, որ նախապէս կը յաջողի իր միտքը հասցնել այն մակարդակին, ինչ որ բնականաբար իւրաքանչիւր ցաւէ ետք պիտի ունենանք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար ժամանակի ընթացքին մարդ իր վիշտերը կը մոռնայ:
Պատասխան. Ժամանակի ընթացքին մարդ իր վիշտերը կը մոռնայ, որովհետեւ մարդը ունի բնազդ պաշտպանելու համար անձը հոգեկան ծանրութենէն: Երբ վիշտը թարմ է ու խոր, մարդ կը նեղանայ, սակայն, ժամանակը կ՚օգնէ մեղմացնել զգացմունքները՝ աստիճանաբար հեռացնելով յիշողութեան սրութիւնը: Մարդու միտքը ինքնաբերաբար կը կեդրոնանայ նոր փորձառութիւններու եւ նպատակներու վրայ, իսկ հին ցաւերը կ՚անհետանան կամ կը խամրին: Այսպիսով ժամանակը կը դառնայ բուժիչ գործիք, որ կ՚օգնէ վերակառուցել հաւասարակշռութիւնն ու ապրելու ուժը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան